Յակոբ Աշըգեան
Աշըգեան Հակոբ, Ազգային բարերար (1819-1889), ծնած ի Թալաս 1819-ին, փոքր հասակին իր հօր հետ Աղեքսանդրիա կը փոխադրուի ու կառավարական դպրոց կը յաճախէ: 16 տարու էր երբ հայրը վախճանեցաւ ու ինքն ստիպուեցաւ անոր փայտի վաճառականութեան գործին գլուխն անցնիլ. Այս գործը ձգելով՝ սեղանաւորութեանմբ եւ հողատիրութեամբ զբաղած է եւ յետոյ դարձած է հողատէր: Ապուհօմօսի մէջ ան ունէր ագարակ մը եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ ազդեցիկ դիրք: Աշըգեան կենդանութեան միջոցին իր սեփական 7 կալուածոց տարեկան մօտ 2000 լիրա հասոյթին 100-ին 58 մասը կտակած է ազգային այլ եւայլ հաստատութեանց: Երուսաղէմայ ժառանգաւորաց վարժարանին, Ս. Փրկչեան Հիւանդանոցին, Թալասի Աչըդեան վարժարանին, Կեսարիոյ Ս. Կարապէտ վանքի վարժարանին, Աղեքսանդրիոյ Հայոց վարժարանին ազքատ ուսանողաց, կալուածոց գնման Հայաստան մէջ արուեստից վարժարանի մը հիմնարկութեան, Հայաստանի մէջ եկեղեցական հիմնարկութեան մը համար: Յ. Աշըգեան բազ միցս այցելած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբի վանքը. 1866-ին տպարանին երկաթէ մեծ մամուլ մը նուիրած է ու հոն վախճանելով՝ թաղուած է Ս. Փրկիչ վանքի մէջ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Ա, էջ 184