Յակոբ Աւեդինեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Աւեդինեան Յակոբ, պարսկաստանցի հայ վաճառական։ 1675-ին Աստրախանի ճանբով կ՛անցնի Մոսկուա, իր հետ տանելով մետաքսեղէն եւ այլ պարսկական իրեր։ Մոսկուայէն կ՛անցնի Արխանկելսք։ Մոսկուայի մէջ ան քանի մը հայ վաճառականներու հետ առեւտրական տուն մը կը հաստատէ, որ կը շարունակէ գործել մինչեւ 1683 թուական։ Երբ գործը կը կասեցնէ, կը վերադառնայ հայրենիք։