Յակոբ Զօրեան

Հայ պատմաբան, գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր ու մանկավարժ։

Յակոբ Զօրեան (25 Օգոստոս 1894(1894-08-25)[1], Օրտու, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1942, Ուրալ), պատմաբան, գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր ու մանկավարժ։

Յակոբ Զօրեան
Ծնած է 25 Օգոստոս 1894(1894-08-25)[1]
Ծննդավայր Օրտու, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1942
Մահուան վայր Ուրալ
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Լոզանի Համալսարան
Համպոլտթ Համալսարան
Մասնագիտութիւն տնտեսագէտ, պատմաբան
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Թուրքիոյ Օրտու քաղաքը: 1912-ին Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ միջնակարգ ուսումը ստանալէ ետք, նոյն տարին սկսած է ուսուցչական պաշտօն վարել իր ծննդավայրին մէջ:

1915-ին, Հայկական ջարդերուն ատեն, Զօրեան ապաստան գտած է Պուլկարիա եւ մինչեւ 1919 ապրած ու աշխատած է Շումլէ քաղաքին մէջ: Այնուհետեւ անցնած է Լօզան, ուր ուսանած է մէկ տարի, ապա հետեւած՝ Պերլինի համալսարանին:

1925-ին Պերլինի համալսարանին մէջ ներկայացուցած է դոկտորայի իր աւարտաճառը եւ նոյն տարին Խորհրդային կառավարութեան կողմէ հրաւիրուած է Երեւանի պետական համալսարանը՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան դասախօս:

Զօրեան վարած է մշակութայի կրթական ու վարչական կարեւոր պաշտօններ ու հեղինակած է Միջնադարեան Հայաստանի պատմութեան վերաբերող շարք մը մեծարժէք յօդուածներ:

Նշանաւոր բազմաթիւ դէմքերու կարգին՝ 1937-ին կը ձերբակալուի, կը նետուի բանտ ու կը մեռնի անյայտ անկիւն մը, 1942-ին: