Յակոբ Մանուկեան (բանաստեղծ)

Յակոբ
Ծնած է 1937
Ծննդավայր Պէյրութ
Քաղաքացիութիւն Լիբանանցի
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Բանաստեղծ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Յակոբ Մանուկեան (1937-2014), բանաստեղծ։

Ծնած է Պէյրութ: Տեղւոյն Սրբոց Քառասնից Մանկանց ազգ. երկսեռ նախակրթարանը աւարտելէ ետք, երկրորդական ուսումը կը ստանայ Էշրէֆիէի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1954-ին։ Ապա կը հետեւի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Ընկերային Գիտութեանց դասընթացքներուն, մասնաւորաբար՝ Պատմագրութեան, Արդի Պատմութեան ու Փիլիսոփայութեան, եւ 1959-ին կը ստանայ Պսակաւոր Արուեստից վկայական։

Նոյն տարին կ՛ընդգրկէ կրթական ասպարէզը. որոշ շրջան մը կը պաշտօնավարէ հայկական վարժարաններու մէջ, դասաւանդելով հայերէն, հայ գրականութիւն, անգլերէն եւ միջազգային պատմութիւն։ Միեւնոյն ատեն կը շարունակէ ուսումը Ամերիկեան Համալսարանին մեջ, ստանալու համար Մագիստրոս Արուեստից վկայական։

Դժբախտաբար կամքէ անկախ պատճառներով կը ստիպուի ընդհատել ուսումը եւ 1965-ին կը մտնէ Middle East Airlines ընկերութեան մէջ։

Գործեր Խմբագրել

Պատանի տարիքին գրականութեան հակում ցոյց տալով, բանաստեղծութիւններ ստորագրած է տեղւոյն պարբերական մամուլին մէջ. «Պատանեկան Արձագանք»-ին, Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձրագոյն վրժ.ի «Արփի» աշակերտական պարբերաթերթին, «Վերելք» եւ «Լաստ» պատանեկան պարբերաթերթերուն։

1955-ին «Նայիրի» գրական շաբաթաթերթին մէջ լոյս կը տեսնէ իր «Սպասումի Վայրկեաններ» խորագրով բանաստեղծութիւնը։ Այնուհետեւ պարբերաբար կ՛աշխատակցի «Նայիրի»ին, մինջեւ 1961: Ներկայիս կը ստորագրէ բանաստեղծութիւններ եւ գրադատական յօդուածներ «Բագին» գրական ամսագրին մէջ, որուն մնայուն աշխատակիցն է, անոր հիմնադրութենէն (1962) ի վեր։

Հեղինակն է բանաստեղծութեանց երկու ժոզովածոներու։

Լուսնային Ճանապարհով (Պէյրութ, 1971), եւ Անրջական Վաղորդայն (արժանացած Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի, 1979-ին):

Գրական աշխատանքներուն առընթեր կը զբաղի նաեւ կրթական գործերով. ի միջի այլոցդ 1986-1992 ծառայած է Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին մէջ իրրեւ դասախօս, աւանդելով Հայ գրականութեան վերաբերեալ նիւթեր։

Յակոբ Մանուկեանի լեզուն ճոխ է եւ բազմերանգ։ Ունի գունագեղ ոճ մը։ Կը մշակէ խորիմաստ եւ միստիքական գրականութիւն մը։

Իմաստասիրական հայեցողութեամբ կը վերլուծէ կեանքի իրադարձութիւնները։

Աղբիւրներ Խմբագրել

Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։