Յակոբ Ն. Աճէմեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Յակոբ Ն. Աճէմեան (1902, Կարսպազար (Կիլիկիա) - 1955, Պէյրութ), նշանաւոր մարմնակրթութեան մարզիչ-ուսուցիչ։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱճէմեան ծնած է 1902-ին, Կիլիկիոյ Կարսպազար քաղաքին մէջ։ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Քէլէկեան ոդբանոցէն շրջանաւարտ, ան կարգ մը ընկերներով Պէյրութի մէջ իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ հիմնելով Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը, որուն քարտուղարութեան պաշտօնը կը վարէ (ընդհատումով) մինչեւ 1955, իր մահը:
Ան որպէս մարմնամարզ, մանկութենէն ցոյց կու տայ իր սէրը եւ յատկութիւնները եւ կը սկսի դասաւանդել՝ Բենիամին Ժամկոչեանի հրաւէրով, Սահակեան վարժարանէն ներս: Բայց բաւարար չգտնելով իր կազմաւորումը, կը մեկնի Տանիմարքայի հռչակաւոր մէկ մասնագիտական մարզական ուսուցչանոցը, ուր կը մնայ մօտ վեց ամիսներ, եւ կը վերադառնայ Պէյրութ՝ զինուած նոր գիտելիքներով։ Կը նշանաւորուի Սահակեանի տարեկան ծափողջունուած մարզահանդէսներով: Շուտով Կը հրաւիրուի Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական հաստատութիւնը, ուր կը ստանձնէ հայ պատանիներու եւ պատանուհիներու մարմնմարզական կրթութեան առաքելութիւնը մինչեւ 1949, երբ անգլիական գաղութատիրական իշխանութիւններուն մօտ , հայանուն մատնիչներուն կողմէ կը մատնուի որպէս «համայնավար» ուրեմն որպէս «անբաղձալի տարր» կը հեռացուի Կիպրոսէն եւ կը վերադառնայ Պէյրութ, ուր կը ստանձնէ Դարուհի Յակոբեան, Յովակիմեան-Մանուկեան, Հռիփսիմեանց քոյրերու Աղջկանց վարժարաններուն , ինչպէս նաեւ Անթիլիասի Դպրեվանքի Ժառանգաւորացին մարմնամարզական դաստիարակութիւնը: Պէյրութի մէջ դարձեալ անմոռանալի կը դառանան իր հռչակաւոր մարզահանդէսները, ուր կը կոփուին հազարաւոր հայ պատանիներ եւ պատանուհիներ հայրենասիրական աննկուն ոգիով: Անսակարկ նուիրումի, «Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ»ի անվհատ ջատագովը կը հանդիսանայ Աճէմեան, արժանանալով իր տասնեակ հազարաւոր աշակերտներուն սիրոյ եւ երախտիքի արտայայտութիւններուն: Մարմնամարզի հետ հայրենասիրութեան ներարկումը հայ նոր սերունդի հոգիներէն ներս իր գլխաւոր իրագործումը կը մնայ:
Իր մահկանացուն կը կնքէ 1955-ին, Պէյրութ։ Իր Աւագ դուստրը Հայկուհին նմնապէս որդեգրելով ուսուցչական վսեմ ասպարէզը երեսուն տարիներ իր գիտական ուսուցմամբ կը պատրաստէ հազարաւոր հայ պատանի-պատանուհիներ, որոնք յետագային կը փայլին լիբանանեան եւ ամերիկեան համալսարաններուն մէջ։ Ան,ամունանալով յայտնի գրող, թատրերգակագիր Սարգիս Վահագնին հետ մայրը կը դառնայ երեք արժանաւոր գիտնական զաւակներու՝ Ճարտարապետ Հուրի, համակարգիչի դոկտոր Արա եւ Կենսաբանութեան տոկտոր Փրոֆեսէօր, Ամերիկայի Գիտութեանց Ակադեմիայի անդամ Արտեմ Փաթափութեաններուն: Իսկ միջնեկ դուստրը Լիւսին, հետեւելով հօր օէինակին,շրջանաւարտ ըլլալով Տանիմարգայի Մարզական նոյն ուսուցչանոցէն, կը ստանձնէ Պէյրութի Հռիփսիմեանց հայ քոյրերու, Պրիթիշ Սքուլի եւ Գոլեժ Փրոթեսթանի աղջկանց մարմնամարզական դաստիարակութիւնը: