Յավհաննէս Նաճարեան
Յովհաննէս Նաճարեան ( 1865,Տիգրանակերտ-Սեպտեմբեր 10 1930,Պէյրութ):Եղած է ուսուցիչ Տիգրանակերտ մէջ։
Յովհաննէս Նաճարեան | |
---|---|
Ծնած է | 1865 |
Ծննդավայր | Տիգրանակերտ |
Մահացած է | 10 Սեպտեմբեր |
Մահուան վայր | Մուշ |
Քաղաքացիութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ուսումնավայր | Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Ամուսին | Օր. Եւա Կարպետեան |
Ծնողներ | Թովմաս Նաճարեան |
Երեխաներ | 1 տղայ, 1 աղջիկ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Տիգրանակերտ 1865-ին։ Հօր անունը՝ Թովմաս, որ արհեստով տախտակի վրայ փորագրիչ էր։ Յովհաննէս Նաճարեան եղած է ուսուցիչ Տիգրանակերտի մէջ, շուրջ քսան տարի։ Նախ ունեցած է անձնական դպրոցը, ապա հրաւիրուած ըլլալով Ազգային Վարժարան՝ հոն պաշտօնավարած է։
1895-ի դէպքէն յետոյ, որպէս քարտուղար կ'աշխատի Ազգային Առաջնորդարանի մէջ, Եզեկիէլ վարդապետին մօտ, բանալով հանդերձ իր անձնական դպրոցը աղջկանց համար։
1904-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր աշխատած է Սարաֆեան եղբայրներու ծանօթ վաճառատունը մինչեւ իր մահը՝ 1930, Սեպտեմբեր 10:
1895-ին ամուսնացած է Եւա Կարապետեանի հետ։ Ունեցած է մանչ մը եւ աղջիկ մը՝ Պետրոս եւ Աստղիկ։
Յովհաննէս Նաճարեան իր Պէյրութ հաստատուելէն յետոյ ալ շարունակեց մտաւորական ու գրական գործը։ Եղած է գրի ու գրչի մարդ։ Աշխատակցած է իր ժամանակուայ թերթերուն, ինչպէս Փորթուգալեանի «Արմենիա»ի, «Հայաստանի Կոչնակ»ին, իւ այլն.: Իր ամենակարեւոր գրական գործը պիտի ըլլար Տիգրանակերտի գաւառաբարբառին բառարանը, որուն համար շուրջ 17 տարի աշխատեցաւ: Այս երկը անգամ մը արդէն սկսած էր Տիգրանակերտի մէջ, բայց 1915- ջարդին փճացած է: Պէյրութ հաստատուելէ յետոյ դարձեալ կը ձեռնարկէ նոյն գործին, որ գրեթէ լրացած էր յանձնուելու համար տպարան: Սակայն դժբախտաբար իր անակնկալ մահը պատճառ կը դառնայ սոյն շատ կարեւոր գործին կորսուելուն, մեզի անծանօթ պատճառներով:
Գրականութեան ոճը
ԽմբագրելՅովհաննէս Նաճարեան ունեցած է գրելու շնորհք, եւ արդարացիօրէն զինք կրնանք կոչել լիբանանահայ գաղութի առաջին գրող բանաստեղծը: Ձգած է բաւական չափածոյ եւ արձակ գրութիւններ:
Ինչպէս մեր բոլոր պանդուխտներու, իր ալ գրութիւնները կարօտը ունին եւ անոր վերադառնալու տենչը: Յատկանշական է իր Պէյրութէն հայրենիք գրած քերթուածը, զոր կու տանք ստորեւ: Պէյրութի մասին իր մէկ ուրիշ քերթուածը մեզի հետաքրքրական եւ հաճելի տեղեկութիւն կու տայ շուրջ կէս դար առաջուայ Պէյրութին մասին: Ընդհանրապէս իր քերթուածները խօր զգացում, հայրենասիրութիւն, կարօտ, ջերմեռանդութիւն եւ հիւմըր ունին:
Իր արյակ գրութիւնները կը կազմեն յուշեր, որոնք մենք մեր վերջին դարու ազգային կեանքի մասին կարեւոր տեղեկութիւններ կը պարունակեն: Հատուած մը կու տանք իր 95-ի Տիգրանակերտի ջարդին ականատեսի վկայութենէն: Երբ կարդայ՝ մարդուս մարմինը կը փշաքաղուի եւ մարդ ակամայ կ'ըսէ՝ «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք....»:
Իցիւ թէ կարելի ըլլայ Յովհաննէս Նաճարեանի չափածոյ եւ արձակ էջերուն մէկ համառօտ եւ ընտիր փունջը հրատարակել եւ ներկայացնել ընթերցասէր հասարակութեան[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 480։