Յովհաննէս Տէր-Պետրոսեան (խմբագիր)

(Վերայղուած է Յավհաննէս Տէր-Պետրոսեան-էն)


Յովհաննէս Տէր Պէտրոսեան (1931 Գահիրէ – 2012), ճարտարապետ եւ խմբագիր։

Յովհաննէս Տէր–Պետրոսեան
Ծնած է 1931
Ազդուած է Արշակ Ալպօյաճեան
Մասնագիտութիւն ճարտարապէտ եւ խմբագիր
Աշխատավայր 'Գահիրէի Ջահակիր, Սաւառնակ եւ Աղեքսանդրիոյ Արաքս'շաբաթաթերթերուն: Մերթընդմերթ աշխատակցած է ԱՄՆ-ի 'Պայքար, Նոր Օր եւ Պէյրութի Զարթօնք' օրաթերթերուն:

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Գահիրէ 18 Յունուար 1931-ին: Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Նուպարեան Ազգային Վարժարանին մէջ ու աւարտած է 1947-ին: Երկրորդական ուսումը շարունակած է ծննդավայրի Սենթ Օսթընզ անգլիական գոլէճ: Դպրոցական վերջին տարին նիւթական պատճառներով կը պարտադրուի ձգել գոլէճը եւ կը լծուի՛ շուկայական աշխատանքի:

Պաշտօնավարած է յայտնի անգլիացի ճարտարա­պետ August Killingbec ընկերութեան մօտ շատ համեստ աշխատավարձով, սակայն տարի մը յետոյ ընկերութեան սեփականատերը կր թելաղրէ շարունակել ուսումը, զայն արձանագրելով Գահիրէի British Councilի կրթական բաժնին, որպէսզի հետեւի matriculation դասընթացներուն: ՏարիԷ մը աւարտելով կը վկայուի ու կ՚ընդունուի Գահիրէի The British Institute of Engineering Technologies կրթարանը: Երկու տարի յետոյ. ստացած ուսումնարանի փաստաթուղթով. կը յաջողի հեռակադրութեամբ հետեւիլ Լոնտոնի International Correspondence Տcհօօlsի մասնագի­տական դասընթացներուն: 1961 ին Լոնտոնէն կը ստանայ մասնագիտութեան վկայականը:

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Բախտը կ՚ունենայ գործակցելու եգիպտացի ծանօթ ճարտարապետի մը հետ. միաժամանակ ընդառաջելով Արեւ Օրաթերթի վարչութեան առաջարկին, կ՚աշ­խատակցի յօդուածագրութեամբ եւ շարուած յօդուածներու փորձերու սրբագրութեամբ (1963-1990): Գահիրէի Ագգային Իշխանութեան Գործադիր ժողովի առա­ջարկով, 1970ականներէն. մինչեւ 1982. տեղւոյն Նուպարեան Ագգ. վարժարանի պատրաստական եւ երկրորդական կարգերու աշակերտութեան. սիրայօժար կը դասաւանդէ հայոց պատմութիւն, իբրեւ այցելու ուսուցիչ: Միաժամանակ, կը ստանձնէ Գահիրէի Ազգ. Իշխանութեան ենթակայ յանձնաժողովներու ատենադպրութիւնը, մինչեւ 1978: 1990-2003 կը վարէ Արեւ խմբագիրի պաշտօնը: Աշխատակցած է նաեւ Գահիրէի Ջահակիր, Սաւառնակ եւ Աղեթսանդրիոյ Արաքս շաբաթաթերթերուն: Մերթընդմերթ աշխատակցած է ԱՄՆ-ի Պայքար. Նոր Օր եւ Պէյրութի Զարթօնք օրաթերթերուն: Օգտուած է ծանօթ պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեանի հմտութենէն: Յետ պատմաբանի մահուան. գործակցած է Ջահակիր Շաբաթաթերթի խմբագիր Հայկ ժամկոչեանին, նոյն թերթի հիմնադիր բանաստեղծ Արշամ եւ անոր եղբօր արձակագիր Հրանդ Տատրեաններու հետ: Ալպօյաճեան իրեն կը յանձնարարէ պատմաբանասիրական նիւթերու շուրջ յօդուածներ գրել Արեւ, Արաքս եւ Պայքար պարբերականներուն համար: Յետագային այդ յօդուածները վերամշակման ենթարկուելով կը դառնան արժէքաւոր հատորներ: 1975-ին կր հրատարակուի Տէր-Պետրոսեանի «Ճէյմս Պրայս Եւ Հայերը» հատո­րը, 1976-ին Հայերու Սատարը Թուրք Մշակոյթին եւ Տնտեսութեաև Այնուհետեւ լոյս կը տեսնէ անոր Ապրումներ Մայր Հողին Վրայ հատորը (1980). ուր ամփոփուած են իր տպաւորութիւնները 1979-ին որպէս Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան Նախարարութեան եւ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի ԿոմիտԷի կազմակերպած ուսուցիչներ մէկամսեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից: Ունի եւ այլ հատորներ Կրթական Շարժումը Թրքահայոց Մէջ 1600-1900 ԹԹ. (1983), Հայ Ժողովուրդին Ազատագրական Պայքարը ԺԹ. Դարու Ա Կիսուն (1988), Արեւ Օրաթերթի Մատենագիտութիւն (Ա. Հտր., 1990), Մեր Յոյզերն Ու Յոյսերը (1995-ին «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադ­րամի հրաւէրով Հայաստան երկրորդ այցելութեան առթիւ) եւ հուսկ՜ Հայ Ժողո­վուրդն Գոյամարտը. 1550-1930 եռահատոր (1997. 2002 եւ 2009) ուսումնասիրութիւնները: Երկար տարիներ ղեկավարած է ՀՄԸՄ-Նուպար մարզական ակումբի սկաուտական շարժումը, խմբապետի պարտականութիւններ վարած եւ արժանացած Քինկ Սկաուտ բարձրագոյն շքանշանին:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր ԼԳ․,Պէյրութ, 2013, էջ։ 542