Յովհաննէս Տէր-Պետրոսեան


Յովհաննէս Տէր-Պետրոսեան
Ծնած է 18 Յունուար 1931-ին:
Ծննդավայր Հելիոպոլիս Գահիրէ
Մահացած է 2012

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Յովհաննէս Տէր-Պետրոսեան Ծնած է Հելիոպոլիս Գահիրէ 18 Յունուար 1931-ին: Ան մահացած է 2012-ին: Գրող, Խմբագիր եւ շաբաթաթերթերու աշխատակից, հայոց պատմութեան այցելու Ուսուցիչ եւ խմբապետ:

Յովհաննէս Տէր-Պետրոսեան ծնածէ Հելիոպոլիս Գահիրէ 18 Յունուար 1931-ին: Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Նուպարեան Ազգային Վարժարանին մէջ եւ աւարտած՝ 1947-ին: Երկրորդական ուսումը շարունակած է ծննդավայրի Սենթ Օսթընզ Անգլիական գոլէճին մէջ։ Նախաւարտական տարին, նիւթական պատճառներով, հարկադրուած է լքել գոլէճը ու լծուած շուկայական աշխատանքի:

Պաշտօնավարած է յայտնի անգլիացի ճարտարապետ՝ August Killingbeck-ի ընկերութեան մօտ շատ համեստ աշխատավարձով, սակայն տարի մը յետոյ ընկերութեան սեփականատէրը կը թելադրէ շարունակել ուսումը, զայն արձանագրելով Գահիրէի British Council-ի կրթական բաժնին, որպէսզի հետեւի matriculation-ի դասընթացքներուն: Տարիէ մը աւարտելով կը վկայուի ու կ՛ընդունուի Գահիրէի The British Institute of Engineering Technologies կրթարանը:

Երկու տարի յետոյ, ստացած ուսումնարանի փաստաթուղթով, կը յաջողի հեռակայ դրութեամբ հետեւիլ Լոնտոնի International Correspondence Schools-ի մասնագիտական դասընթացներուն: 1961-ին Լոնտոնէն կը ստանայ մասնագիտութեան վկայականը:

Բախտը կ՛ունենայ գործակցելու եգիպտացի ծանօթ ճարտարապետի մը հետ, միաժամանակ ընդառաջելով Արեւ Օրաթերթի վարչութեան առաջարկին, կ՛աշխատակցի յօդուածագրութեամբ եւ շարուած յօդուածներու փորձերու սրբագրութեամբ 19631990:

Գահիրէի Ազգային Իշխանութեան Գործադիր Ժողովի առաջարկով, 1970ականներէն, մինչեւ 1982, տեղւոյն Նուպարեան Ազգային Վարժարանի պատրաստական եւ երկրորդական կարգերու աշակերտութեան, սիրայօժար կը դասաւանդէ հայոց պատմութիւն, իբրեւ այցելու ուսուցիչ: Միաժամանակ, կը ստանձնէ Գահիրէի Ազգային Իշխանութեան ենթակայ յանձնաժողովներու ատենադպրութիւնը, մինչեւ 1978:

Երկար տարիներ ղեկավարած է ՀՄԸՄ-Նուպար մարզական ակումբի սկաուտական շարժումը, խմբապետի պարտականութիւններ վարած եւ արժանացած Քինկ Սկաուտ բարձարագոյն շքանշանին:

1990-2003 կը վարէ Արեւ Օրաթերթ-ի խմբագիրի պաշտօնը: Աշխատակցած է նաեւ Գահիրէ '''Ջահակիր''', '''Սաւառնակ''' եւ '''Աղեքսանդրիոյ''' '''Արաքս''' շաբաթաթերթերուն: Մերթընթմերթ աշխատակցած է ԱՄՆՊայքար թերթ Պոսթըն, Նոր Օր եւ Պէյրութի Զարթօնք օրաթերթերուն:

Օգտուած է ծանօթ պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեանի հմտութենէն: Յետ պատմաբանի մահուան, գործակցած է Ջահակիր Շաբաթաթերթ-ի խմբագիր Հայկ Ժամկոչեանին, նոյն թերթի հիմնադիր՝ բանաստեղծ Արշամ եւ անոր եղբօր՝ արձակագիր Հրանդ Տատրեաններու հետ:

Ալպօյաճեան իրեն կը յանձնարարէ պատմաբանասիրական նիւթերու շուրջ յօդուածներ գրել Արեւ, Արաքս եւ Պայքար պարբերականներուն համար: Յետագային այդ յօդուածները վերամշակման ենթարկուելով կը դառնան արժէքաւոր հատորներ:

Ուսումնասիրութիւններ եւ Հրատարակութիւն

Խմբագրել

1975-ին կը հրատարակուի Տէր Պետրոսեանի Ճէյմս Պրայս եւ Հայերը հատորը, 1976-ին՝ Հայերու Սատարը Թուրք Մշակոյթին եւ Տնտեսութեան: Այնուհետեւ լոյս կը տեսնէ անոր Ապրումներ Մայր Հողին վրայ հատորը 1980, ուր ամփոփուած են իր տպաւորութիւնները 1979-ին որպէս Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան Նախարարութեան եւ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի կազմակերպած ուսուցիչներու մէկամսեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից:

Ունի եւ այլ հատորներ՝ Կրթական Շարժումը Թրքահայոց Մէջ 1600-1900 թուականներուն 1983, Հայ Ժողովուրդին Ազատագրական Պայքարը ԺԹ. Դարու Ա. Կիսուն 1988, Արեւ Օրաթերթի Մատենագիտութիւն Ա. Հատոր, 1990, Մեր Յոյզերն Ու Յոյսերը 1995-ին Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հրաւէրով Հայաստան երկրորդ այցելութեան առթիւ եւ հուսկ՝ Հայ Ժողովուրդին Գոյամարտը: 1550-1930 եռահատոր 1997-2002 եւ 2009 ուսումնասիրութիւնները:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր ԼԳ., Պէյրութ, 2013, էջ 542

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել