Ճէյմս Պրայս
Ճէյմս Պրայս (10 Մայիս 1838[1][2][3][…], Պելֆասթ[4] - 22 Յունուար 1922[2][3][5][…], Sidmouth, Դևոն, Դևոն, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[4]), Բրիտանիայի ակադեմիայի անդամ, իրաւաբան եւ պատմաբան։
Կենսագրական գիծեր եւ գործունէութիւն
ԽմբագրելՊելֆասթի Ակադեմիային եւ Կլասքոյի համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք, Պրայս ընդունուած է Օքսֆորտի Թրինիթի գոլէճը, ուրկէ փայլուն յաջողութեամբ տիրացած է իրաւաբանի տիտղոսին եւ 1862-ին արժանացած է Օրիէլի (Քինկ’զ գոլէճի) աշխատակիցի արքունի եւ ակադեմական բարձր կոչումին։
Քանի մը տարի, իբրեւ փաստաբան, աշխատած է Լոնտոնի մէջ, բայց 1870-ին հրաւիրուած է Օքսֆորտ, իրաւաբանական բաժանմունքի մէջ Քաղաքացիական Օրէնքի դասախօսի պաշտօն ստանձնելու համար։ Իբրեւ այդպիսին՝ Ճէյմս Պրայս մինչեւ 1893 շարունակած է իր պաշտօնավարութիւնը Օքսֆորտի մէջ։
Իրաւաբանութեան կողքին Ճէյմս Պրայս բարձրագոյն ուսման հետեւած էր պատմագիտութեան մէջ եւ 1864-ին լոյս ընծայած է «Հռովմէական Սրբազան Կայսրութիւնը» անուն իր աշխատասիրութիւնը, որ հմուտ պատմաբանի միջազգային հռչակին արժանացուց երիտասարդ մտաւորականին։
Ճէյմս Պրայս նուիրեալ հնախոյզ եղած է։ 1872-ին ան ճամբորդած է Իսլանտա, որպէսզի գտնէ «Իսլանտական Սակա»ներու երկիրը։ Իսկ 1876-ին, միեւնոյն հնախոյզի հետաքրքրութեամբ, ան բարձրացած է Արարատ Լերան գագաթը, ուր գտած է Նոյեան Տապանի մնացորդ հնագիտական իրեղէններ։ Հնախոյզի եւ պատմաբանի իր հետաքրքրութեամբ, այդ ժամանակէն սկսեալ, Ճէյմս Պրայս ոչ միայն մօտէն ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը, այլեւ լաւապէս ծանօթացած է հայ մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութեան՝ դառնալով մեր ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծ հիացող մը եւ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպան մը։ Պրայսի այդ հետազօտութեանց եւ պատմագիտական ուսումնասիրութեանց առաջին արգասիքը եղած է 1877-ին լոյս տեսած անոր «Անդրկովկաս» աշխատասիրութիւնը, որ տարածաշրջանի պատմութեան ընդհանուր արժեւորման մէջ յատուկ կեդրոնացումով գնահատումը կատարեց Հայաստանի ու հայութեան գրաւած տեղին ու արժէքին։
Միաժամանակ քաղաքական գործիչ եղած է Ճէյմս Պրայս, ատենի Ազատական կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ, որ 1880-ին առաջին անգամ ընտրուեցած է Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ՝ Ազատական կուսակցութեան ցուցակով։ Մինչեւ 1907, Պրայս շարունակած է իր անդամակցութիւնը խորհրդարանին՝ գործադիր իշխանութեան մէջ եւս պաշտօններ ստանձնելով։
Յատկապէս Կլատսթոնի վարչապետութեան օրով, Ճէյմս Պրայս հասած է մինչեւ արտաքին գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնին։ Վարած է նաեւ դեսպանութեան պաշտօններ։ 1907-ին ան նշանակուած է Մ. Նահանգներու մօտ Բրիտանիոյ դեսպան եւ այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 1913՝ անգլեւամերիկեան երկարամեայ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ամուր հիմերը դնելով։ Նոյն շրջանին, տասնամեակներու իր ծառայութեան համար, Պրայս արժանացած է Էդուըրտ 7-րդ թագաւորի Արժանաւորութեան Կարգին՝ Լորտի տիտղոս ստանալով եւ 1913-ին Լորտերու Պալատին անդամ ընտրուելով։
Ծանօթագրութիւն
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Encyclopædia Britannica
- ↑ 3,00 3,01 3,02 3,03 3,04 3,05 3,06 3,07 3,08 3,09 Lundy D. R. The Peerage
- ↑ 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 4,6 www.accademiadellescienze.it
- ↑ 5,0 5,1 5,2 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
- ↑ 6,0 6,1 Mackie, Colin British Diplomatic Directory (1820-2005) — Foreign, Commonwealth and Development Office.
- ↑ APSA Presidents and Presidential Addresses: 1903 to Present — American Political Science Association.
- ↑ 8,0 8,1 8,2 8,3 8,4 8,5 Hansard 1803–2005