Յավսէփ Վարդապետեան

Յավսէփ Վարդապետեան, ծնած Թալաս, 1866-ին։ Կանուխէն որբացած է ու տարուած Պոլիս ու դրուած Սբ. Փրկիչ Որբանոցը։ Ապա տքնաջան ինքնաշխատութեան շնորհիւ, կ'երթայ մինչեւ Վիէննա, ուր կը վերջացնէ Էքօլ Թէքնիք տ'էնժէնիէօրը որպէս մեքենագէտ։ Պոլիս վերադառնալով, եղած է պատասխանատու տնօրէնը մեքենականացած մեծ ջրաղացքի մը։ Ապա գացած է Պուրսա, ուրկէ անցած Իզմիր եւ 1900-ին հաստատուած Պէյրութ: Լիբանանի եւ Սուրիոյ բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ կառուցած է զանազան մեքենական չրաղացներ։ Տէր Զօրի ելեքտրականութիւնը առաջին անգամ ինք բերած է 1924-ին։ Մեռած է 24 Օգոստոս 1932-ին Պիթիաս,ուր օդափոխութեան համար գացած էր։

Յավսէփ Վարդապետեան
Ծնած է 1866
Ծննդավայր Թալաս
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Մեքենագէտ
Երեխաներ Արամ, Վահրամ, Հրանդ եւ Թագուհի

Տոհմային դաստիարակութեան եւ ազգային արժանիքներու հաւատացոծ հայ մըն էր Համբարձում Վարժապետեան, եւ իր ջանքերուն շնորհիւ զաւակներն ալ մեծցան հայեցի փոքրիկ հայ գաղութի մը դիմագիծը պահել որքա՜ն դժուար ըլլալը մենք լաւ գիտենք։ Հակառակ բազում խոչնդոտներու, Համբարձում հայեցի դաստիարակութիւն մը տուաւ իր զաւակներուն։ Ունեցաւ չորս զաւակ, մէկ աղջիկ եւ երեք մանչ. Արամ, Վահրամ, Հրանդ եւ Թագուհի(Տիկ. Աճէմեան)[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 550։