Յարութիւն Թէրզեան

Յարութիւն Թէրզեան(1888-1941), ծնած է Տիգրանակերտ 1888-ին, Պէյրութ եկած 1902-ին, 1907-ին շրջանաւարտ Ամերիկեան Համալսարանէն Պ.Ա. տիտշոսով մաթեմաթիկայի մասնաւոր յիղատակութեամբ։ Երեք տարի մաթեմաթիքյիի ուսուցիչ եղած է Ամերիկեան Համալսարանին մէջ։ Այս ժամանակուայ ընթաքին առած նաեւ Մէսթեր աֆ Արթս ին Ֆիզիքս էնտ մեթէմէթիքս: 1910-ին Ամերիկա զարգացած եւ Սիւրաքիւս Համալսարանի Մեքենիքէլ Էնճինիրինկի չորս տարուան դասընթացքը երեք տարիէն աւարտած դասարանին առաջինը հանդիսանալով։ Հրաւիրուած Ֆիլատէլֆիոյ Եունայթ կեզ Իմբրումենթ ընկերութեան կողմէ աղխատելու որպէս կազի արտադրութեանց մասնագէտ։ Գտած է ինքնուրոյն ձեւ մը կազի երկրորդական տարրերը օգտագործեալու որ կը կոչուի Թերզեան Ֆեքթթր եւ որ դպրոցական բնագիտական դասագիրքերու մէջ անցած է որպէս դասական ձեւ։ 1941 թուականի սկիզբը ղրկուած է Գանատա ամերիկեան կառավարութեան կողմէ ուսումնասիրելու համար պատերազմական կազերու պատրաստութիւնը եւ գործածութունը։ Մեռած 1941 թուականի Սեպտեմբեր 1-ին։ Ունեցած է ամերիկահայ գաղութին մէջ ազգային ժրաջան գործունէութիւն։ Իր եղբօր պէս եղած է կուսակցական եւ Ազատ Որմնադիր[1]:

Յարութիւն Թէրզեան
Ծնած է 1888
Ծննդավայր Տիգրանակերտ
Մահացած է 1941 թուականի Սեպտեմբեր 1-ին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 325։