Յարութիւն Կ. Ճանկիւլեան
Յարութիւն Ճանկիւլեան (1855, Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 15 Յունիս 1915, Տիարպեքիր, Դիարբեքիրի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հնչակեան հասաարակական գործիչ
Յարութիւն Կ. Ճանկիւլեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1855 |
Ծննդավայր | Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 15 Յունիս 1915 |
Մահուան վայր | Տիարպեքիր, Դիարբեքիրի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, քաղաքական գործիչ |
Կուսակցութիւն | Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն |
Ան 1881-ին կու գայ Պոլիս եւ իր գործօն ու խիզախ մասնակցութիւնը կը բերէ Հնչակեան Կուսակցութեան կազմակերպած 1890-ին տեղի ունեցած Գում Գափուի «անզէն ցոյցին», որուն հետեւանքով կը ձերբակալուի եւ կ'ենթարկուի ահռելի տանջանքներու ու կը դատապարտուի մահուան։ Սակայն, ան կը յաջողի փախչիլ բանտէն եւ անցնիլ արտասահման, միշտ հաւատարիմ մնալով իր ուխտին։ 1908-ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը վերադառնայ Պոլիս։ Պոլսոյ մէջ կ'ընտրուի Ազգ. երեսփոխան Կէտիկ Փաշային կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Ընկերութեան հիմնադիր ժողովի անդամ։ «Յիշատակներ Հայկական Ճգնաժամէն» խորագրին տակ, չորս հատորի մէջ ամփոփած է ազգային յեղափոխական կեանքի(անձեր ու անցքեր) մասին ուշագրաւ վաւերաթուղթեր, որոնք իբր ատաղձ կը ծառայեն ժամանակակից մեր պատմութեան[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Յուշարձան Ապրիլ Տասնմէկ, Թէոդիկ, Կ. Պոլիս, 1915 «Արզուման» հրատարակչութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-04-04