Յարութիւն Պ․ Խալիպեանց
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Յարութիւն Պ․ Խալիպեանց (22 Փետրուար 1790, Նոր Նախիջեւան - 1871)
Ծնած է Նոր Նախիջեւանի մէջ 22 Փետրուար 1790-ին, իր պապն էր Յարութիւն Սպանդարեան, որ յետոյ կոչուեր է Խալիպեան։ 1760 թուականին՝ Յարութիւն աղա, Խրիմէն եկած է Ագուլիս քաղաքին քովերը՝ գիւղ մը։ Խրիմի այդ քաղաքը Թէոդոսիա, իր բնակութիւնը հաստատելով, տեղւոյն Անեցի ժողովուրդին հետ մտերմացեր եւ մեծ յարգանք ու պատիւ ստացեր էր, երբ Խրիմի հայերը Նոր Նախիջեւան գաղթել կ'ուզեն 1777-ին, ժողովուրդը զինք պատգամաւոր կ'ընտրէ, որ երթայ Ազովի կողմերը՝ բնակութեան համար յարմար տեղ մը ընտրելու։
Այդ գործը յաջողութեամբ աւարտելով դարձեալ ժողովրդին խնդրանքով Փեթերսպուրկ գացեր է, ուր՝ Նախիջեւան գացող հայերուն համար «Կատարինէ կայսրուհի»էն ընդուներ է պարգեւագիր մը, որուն առանձնաշնորհումները երկար ատեն վայելեցին Նախիջեւանի հայերը։
Յարութիւն աղա Փեթերսպուրկի մէջ կը մահուան , իր որդին Պօղոս Խալիպեան նախիջեւան գացող ժողովրդեան գլխաւորներէն ըլլալով, մեծամեծ օգնութիւններ կ'ընէ ժողովուրդին ու Ռուս տէրութեան կողմէն ալ աստիճանի արժանանալով կը մահուան , տղայ հասակին մէջ, որբ թողնելով Յարութիւն Խալիպեան իշխանը։
Յարութիւն իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ կոստանդնուպոլսեցի Յովհաննէս վարժապետէն, իր ընկերներուն մէջ ամէնէն յառաջադէմը կ'ըլլայ, այնպէս որ երկու տարուան մէջ կը սովրի քերականութիւն եւ ճարտասանութիւն։ Ամուսնացած է 1815-ին, փեսայանալով Նախիջեւանցի Օտապաշեան Գէորգի։
Յարութիւն Խալիպեան չորս անգամ շարունակաբար ընտրուեցաւ քաղաքական գլուխ (Ռուսերէն կօլօվա) պաշտօն, զոր վարեց տասներկու տարի ու Տէրութենէն ընդունեց Խորհրդական պատուոյ աստիճանը։
Խալիպեան Յարութիւն իշխանը պարզ եւ համարձակ, միանգամայն խոհեմ ու խորագէտ բնաւորութեամբ, գործունեայ, հայրենասիրութեամբ սիրելի եւ պատկառելի եղած է թէ՛ քաղաքացիներուն եւ թէ՛ Տէրութեան նոյն ժամանակի քաղաքագէտներուն, որոնցմէ օգտուիլ ուզեր է, իր անձէն աւելի, ազգին պէտքերուն համար։ Իր իշխանութեան ժամանակ Նախիջեւանի ազատութիւնները եւ արըօնութիւնները անթերի պահպանել յաջողելով՝ քաղաքին մեծամեծ օգուտներ ըրած է։ Երկու անգամ նախիջեւանը կը պահանջէր՝ մօտաւորապէս 442 հազար ռուպլիէն աւելի, Խալիպեան այդ պարտքէն ազատելէն զատ նաեւ քաղաքին մէջ հաստատած է դեղարան, գաւառական դպրոց ու թղթատուն, ասկէ զատ դատական գործերուն լաւ ուղղութիւն մը տուած էր, որով 1844-ին՝ երբ կառավարութենէն քննիչ եկած է, գոհ մնալով, ի վարձ իր ծառայութիւններուն, Տէրութենէն ընդունած է անգամ մը թանկագին ժամացոյց, երկու անգամ ալ Ձարին կողմէ բարեհաճութեան նամակ։
Իր գործերուն մէջ ամէնէն նշանաւորն է երջանկայիշատակ Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսին հետ ունեցած մտերմութիւնը եւ իրեն յանձնուած ծանր պաշտօնը։
Ներսէս 1805 թուականէն մասնաւոր համակրանք ունեցաւ իշխանին վրայ, երբ ան պատանի՝ Յովհաննէս Վարժապետի քով կը սովրէր։ Ներսէս այն ատեն ծայրագոյն վարդապետ էր։
Յետոյ 1828-ին երբ առաջնորդական պաշտօնով Թիֆլիսէն «Քիշնեւ» կ'երթար, Նախիջեւանէն անցած ժամանակ դարձեալ մտերմացաւ Յարութիւն իշխանին հետ, իսկ 1842-ին սկսաւ անոր յանձնել վիճակին մէջ եղած եկեղեցական դրամները ժողովելու, ցրուած գումարները հաւաքելու ու իր քովը ամբողջը պահելու հոգը։
Տեսնելով այս գործին մէջ անոր ցոյց տուած եռանդն ու հաւատարմութիւնը, հետզհետէ այնքան աւելցուց անոր վրայ վստահութիւնը, որ վիճակին հոգեւորական դատարաններուն վերատեսուչ անուանեց, Կաթողիկոս ըլլալէն ետքն ալ, Մայր-Աթոռին գործակատար անուանեց զինքը։