Յովհաննէս Աշըգեան

Աշըգեան Յովհաննէս (2 Նոյեմբեր 1884, Պոլիս - անյայտ), բժիշկ։

Յովհաննէս Աշըգեան
Ծնած է 2 Նոյեմբեր 1884(1884-11-02)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է անհայտ
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Ծնած է 1884-ին Նոյեմբեր 2-ին,1888-ին Պոլիս փոխադրուած եւ նախնական ուսումը ստացած է Մաքրիգիւղի Տատեան ազգ վարժարանը, որը աւարտելէ վերջ, աւարտած է նաեւ նոյն թաղի պէտական վարժարանը, միեւնոյն ատեն հետելով Բագրատունի երկրորդական վարժարանի մասնաւոր դասըթացքին Արամ Նիկողոմեանի օրով: 1906-ին մրցման քննութեանց մասնակցելով, կը յաջողի Պոլսոյ բժշկական համալսարանը մտնել, 1913-ին համալսարանը կ’աւարտէ:

Դեռ վերջին դասարանը (սթաժիէր), 1912-1913-ի Պալքանեան պատերազմին հարիւրապետի աստիճանով Օսմանեան բանակին զինուոր-բժիշկ կը նշանակուի:

Նոյն աստիճանով համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ալ Օսմանեան բանակին մէջ իբր զինուոր-բժիշկ կը ծառայէ զանազան պաշտօններով:

Զինադադարէն ետք, մօտաւորապէս տարի մը Պանտրմա կը մնայ:

1922-ի վերջերը Պոլիսէն կը հեռանայ, յաջորդաբար գործելով Ալէքսանդրապոլիսի, Տրամայի, Աթէնքի, Բիրէաի եւ կրկին Ստրամայի մէջ՝ ներկայիս (1937) Տրամայի շրջանին մէջ:

Թէ՛ Պոլիս, թէ Պանտրմա եւ թէ Յունաստան զանազան ազգային պաշտօններ վարած եւ որոշ գործունէութիւն ցոյց տուած է:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Ա․ հատոր, էջ 184-185։