Վարժարան (ամսագիր)

Մանկավարժական ամսագիր։

«Վարժարան», մանկավարժական ամսագիր։

Վարժարան
Տեսակ ամսագիր
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Ն․ Խոսրովեան
Հիմնադրուած է 1882
Հրատարակման վայր Թիֆրլիս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Լոյս տեսած է 1882-1984 թուականներուն, Թիֆլիս։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Ն․ Խոսրովեան։ Անդրադարձած է արեւելահայ դպրոցի ուսումնակրթական, ուսանողներու մտաւոր, բարոյական եւ ֆիզիքական դաստիարակութեան հարցերուն, մատնանշած՝ ուսուցիչներու մասնագիտական ունակութիւններու բազմապատկման ուղիներ։

Առանձին հոգածութիւն ցուցաբերած է տարրական դպրոցի ծրագիրներու եւ դասաւանդման եղանակներու բարելաւման, աշակերտներու գեղագիտական դաստիարակութեան խնդիրներու առընչութեամբ։

Հանդէսին աշխատակցած են Ս․ Մանդինեանը, Ա․ Բահաթրեանը, Ս․ Պալասանեանը, Կ․ Կոստանեանը եւ ուրիշներ, լեզուի ուսուցման վերաբերեալ բանավիճային յօդուածներով հանդէս եկած է Ղազարոս Աղաեանը։ Ամսագիրին առաջադրած նորամուծութիւնները յառաջ քաշած են արեւելահայ դպրոցի պահպանողական գործիչներու դժգոհութիւնը[1][2]։

Ծանոթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՎԱՐԺԱՐԱՆ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-17 
  2. «Համահայկական թուանշային գրադարան» 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։