Յովհաննէս Ասպետ

Ասպետ Յովհաննէս (բուն անունով՝ Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ, 26 Հոկտեմբեր 1874(1874-10-26), Սկիւտար, Պոլսոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 11 Յուլիս 1932(1932-07-11), Ժընեւ, Զուիցերիա), արձակագիր։


Ծննդեան անուն հայ.՝ Հովհաննես Աբիսողոմյան
Ծնած է 1873
Ծննդավայր Սկիւտար
Մահացած է 1932
Մահուան վայր Ժընեւ, Զուիցերիա
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն գրող
Ստորագրութիւն

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Սկիւտար, ուսումը ստացած է Կեդրոնական վարժարանի մէջ, 1893-ին շրջանաւարտ ըլլալով: Եղած է լրագրող, մատենագիր եւ թարգմանիչ:

Երիտասարդ տարիքին Եւրոպա այցելելով Պոլիս դարձին հրատարակած է իր տպաւորութիւնները՝ «Միամիտի մը արկածներ»ը հատորին մէջ։

Իբրեւ հատոր հրատարակած է նաեւ Փօլ Պուրժէի «Փիլիսոփայի մը աշակերտը»ին թարգմանութիւնը: Զինադադարէն ետք, անդամ եղած է «Վերջին լուր» օրաթերթի խմբագրակազմին եւ 1919-ին հրատարակած՝ «Հայ միտք» ազգային եւ գրական շաբաթաթերթը:

Պոլսոյ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին Գատըգիւղի երեսփոխան եղած եւ վարած է նոյն ժողովին ատենադպրութիւնը:

Ստորագրած է գրական էջեր «Հայրենիք» ամսագրին, «Հայաստանի Կոչնակ»ի եւ Պոլսոյ ու արտասահմանի բազմաթիւ հանդէսներու մէջ[1]:

1922-ին գտնուած է Գորֆու (Յունաստան), ապա անցած՝ Մարսէյլ, իսկ 1928-ին Ժընեւ փոխադրուած է՝ Քրաֆթ Պոնարի հաստատած «Ֆուայէ Հայաստան» որբանոցին տնօրէնութիւնը վարելու։ Մահացած է Ժընեւ, 11 Յուլիս, 1932-ին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Hacikyan Agop Jack, Basmajian Gabriel, Franchuk Edward S., Ouzounian Nourhan (2000)։ The Heritage of Armenian Literature: From the eighteenth century to modern times (անգլերէն)։ Wayne State University Press։ ISBN 978-0-8143-3221-4 

Աղբիւրներ

Խմբագրել