Յովհաննէս Բաղիշեցի

Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի (1678 Բաղէշ - 1741, Պոլիս), Պոլսոյ հայոց 49-րդ պատրիարք (1715-1741)։

Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի
Ծնած է 1678
Ծննդավայր Բաղէշ
Մահացած է 13 Փետրուար 1741(1741-02-13)[1]
Մահուան վայր Պոլիս
Մասնագիտութիւն հոգեւորական, մշակութային գործիչ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

 
Մանրանկար Կոլոտ Պատրիարքի՝ ուսուցանելու դիրքին մէջ, ըստ Երուսաղեմի թիւ 2647-92 ձեռագրին։

Ծնած է 1678-ին Բաղէշ։ Ուսանած է Տարօնի (Մուշ) Ամրտօլու վանքին մէջ, Հայ դպրութեան պատմութեան մէջ համալսարանի դեր կատարած է։ Վանքը ունէր հարուստ գրադարան մը, կ՚աւանդուէր իմաստասիրութիւն, տրամաբանութիւն, նաեւ քերականութիւն… Համբաւաւոր վանահայր աստուածաբան Վարդան Բաղիշեցիի աշակերտ Յովհաննէս Կոլոտ 1698-ին աբեղայ՝ իսկ 1708-ին վարդապետ կը ձեռնադրուի Սուրբ Կարապետ Մուրատատու Վանքին մէջ։

1715-ին կը ձեռնադրուի Պոլսոյ Պատրիարք, կ՚ունենայ կարեւոր ներդրում մեր կրթական կեանքէն ներս։ Սկիւտարի մէջ կը հիմնէ «Դպրատուն»ը, որպէս բարձրագոյն վարժարան հոգեւորականներու։

Գրական Ասպարէզ Խմբագրել

Կոլոտ արեւմտեան լեզուներէն թարգմանել տուած է աստուածաբանական, քարոզչական, հովուական, փիլիսոփայական, գիտական ու մեկնողական բովանդակութեամբ գիրքեր։ Ան առաջ տարաւ տպագրութիւնը, տարածեց մշակոյթն ու ընթերցումը։ Կոլոտ Մշոյ Սուրբ Կարապետի, Ամրտօլի ու Գլակի վանքերէն բերել եւ բազմագրել տուած է հազուագիւտ ձեռագիրներ։ Իր այս գործերով կազմած «Մատենադարան»ը, ժառանգ թողած է իր «Դպրատուն» դպրոցին։ Կոլոտի սկսցուցած մտաւորական շարժումը ծաղկումի ճամբուն կը մտնէ ԺԹ. դարուն, եւ 1863-ին Սահմանադրական լուսաւորուած սերունդին ճիգերով աւելի կ՚ուժեղանայ։

Կոլոտ եղած է շինարար պատրիարք մը։ Անոր հովանաւորութեամբ կառուցուած, վերաշինուած եւ նորոգուած են բազմաթիւ եկեղեցիներ։

Կոլոտ պատրիարք թաղուած է Ղալաթիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ներքեւի մատուռը։ Ան մասնաւոր սէր եւ հոգածութիւն ունեցած էր այս պատմական եկեղեցիին հանդէպ ու անձամբ հսկած՝ անոր վերաշինութեան։

Գրականութիւն Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

Արտաքին հղումներ Խմբագրել

  1. Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.