Յովհաննէս Գասապեան

Յովհաննէս Գրիգոր Գասապեան (1880, Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 27 Փետրուար 1915(1915-02-27), Մոնթէվիտէօ, Ուրուկուէյ), հայ բժիշկ։

Յովհաննէս Գասապեան
Ծնած է 1880
Ծննդավայր Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 27 Փետրուար 1915(1915-02-27)
Մահուան վայր Մոնթէվիտէօ, Ուրուկուէյ
Մահուան պատճառ Ժանտախտ
Կրթութիւն Պէյ­րու­թի Ամե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան բաժին
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Յովհաննէս Գասապեան ծնած է մօտտաւորապէս 1880 թուականին, Սե­բաս­տի­ոյ նա­հան­գի, Սե­բաս­տի­ոյ գա­ւա­ռի՝ Ակն գաւառակի կեդրոն Ակն քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրէն ներս։

1903 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։ Հաստատուած է Սամսոն՝ նաւահանգստային քաղաքին մէջ եւ որպէս բժիշկ աշխատած է։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ծառայած՝ 10-րդ զօրաբաժինի ամրութիւններու վաշտի զինուորական բժիշկ։

1915 թուականին, Փետրուար 27-ին սպանուած է կամ մահացած ժանտախտէ՝ մօտ 35 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Պարսամեան Մկրտիչ, Ակնեւակնցիք, Փարիզ, 1952։
  • Խաչատրեան Լ., Բաբլումեան Ա., Ցուցակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923 թթ.), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Ե., 2004։
  • Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազդակ», 01-11-2012

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։