Յովհաննէս Պուճիքանեան

Յովհաննէս Պուճիքանեան (1873, Չնգուշ (Խարբերդ) - 1915) , հրապարակախօս, գրող, քարոզիչ եւ կրթական մշակ։


Ծնած է 1873
Ծննդավայր Չնգուշ (Խարբերդ
Մահացած է 1915
Մասնագիտութիւն Ընկերաբան, գրող

Խարբերդցի հայ երեք նահատակ մտաւորականներէն մէկը՝ Ռուբէն Զարդարեան, Թեկատինցի եւ փրոֆ. Յովհաննէս Պուճիքանեան[1]։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Պուճիքանեան նախնական ուսումը կը ստանայ, ապա բարձրագոյն ուսման փափաքով կ՛անցնի գոլէճ եւ յաջողութեամբ կ՛աւարտէ։ Իբրեւ յառաջադէմ ուսանող՝ գոլէճին կողմէ կ՛ուղարկուի Սկովտիոյ Էտինպըրկի համալսարանը, իր ուսումը կատարելագործելու համար փիլիսոփայական եւ ընկերաբանական գիտութիւններու մէջ[2]։

Ան միւս բոլոր մտաւորականներուն նման զոհ կը դառնայ թրքական եաթաղանին, անտանելի չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք։

Գոծունէութիւն

Խմբագրել

Աւատելէ ետք ան Խարբերդ վերադառնալով կը ստանձնէ աւագ դասախօսի ուսուցչապետի պաշտօն՝ Եփրատ գոլէճէն ներս եւ միեւնոյն ժամանակ կը նշանակուի քարոզիչ: Միեւնոյն հաստատութեան մէջ տարիներով ուսուցչութեամբ կը զբաղի։

Իր լաւ յատկութիւններով այս հայ իտիալապաշտը նկատուած է Խարբերդի Սոկրատը: Ունենալով հմուտ գրիչ իր պաշտօնավարած գոլէճին իր կեանքով իսկ թիկունք կանգնած է: Անոր անունը կապուած է Խարբերդի բարձրագոյն այդ կրթարանին: Իբրեւ քարոզիչ օրինակ դարձած է ներդաշնակելու հոգեւոր ու ազգային արմատը ու դարձած օրինակը ազգային ներդաշնակութեան եւ համագործակցութեան:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել