Յորդանանի Սահմանադրութիւն
Յորդանանի Հաշիմեաններու հարստութեան սահմանադրութիւն (արաբ․՝ الحرس الملكي الأردني), Յորդանանի մայր օրէնք, որ ընդունուած է 11 Յունուար 1952-ին եւ փոխուած է քանի մը անգամ[1]։ Անիկա կը սահմանէ ժառանգական միապետական համակարգը ներկայացուցչական խորհրդարանի հետ, ինչպէս նաեւ պետութեան առանձնացուած լիազօրութիւնները (օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական), քաղաքացիներու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, նիւթական գործառոյթները եւ սահմանադրական կանոնները[2]։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՅորդանանի մէջ առաջին անգամ բնական օրէնքները հրապարակուած են Ապրիլ 1928-ին Բրիտանական հովանաւորութեան ներքոյ։ Մայիս 1946-ին Յորդանանի ամբողջական անկախացումէն ետք, երբ երկրի վրայ վերացաւ Բրիտանիայի հովանաւորութիւնը, գրուեցաւ նոր սահմանադրութիւն, որ պաշտօնական տեղեկագրերուն մէջ հրապարակուեցաւ 1 Փետրուար 1947-ին, իսկ խորհրդարանի կողմէ ընդունուեցաւ 28 Նոյեմբեր 1947-ին։
Քանի մը տարի ետք սահմանադրութունը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ թագաւոր Թալալ Իպն Ապտալայի կողմէ եւ վաւերացուեցաւ 1 Յունուար 1952-ին։ Ընդհանուր առմամբ սահմանադրութիւնը առաջադիմական է։ Քննադատութիւնները մեծ մասամբ կը վերաբերին այն հանգամանքին, որ չափէն շատ լիազօրութիւններ վերապահուած է միապետին[2]։
Ծանոթագրություններ
Խմբագրել- ↑ "Jordan country report" Archived 2016-05-21 at the Wayback Machine., The World Factbook, U.S. Central Intelligence Agency, 24 August 2012
- ↑ 2,0 2,1 "The Constitution of The Hashemite Kingdom of Jordan", The King Hussein library, retrieved 13 September 2012