Յուշարար, թատերական, գրական-գեղարուեստական պատկերազարդ երկշաբաթաթերթ, ալմանախ (1912 թուականէն՝ 4 գիրք)։ Լոյս տեսած է 19071913 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Ա. Վրոյր։ Լուսաբանած է թատերական կեանքի նորութիւնները, բարձրացուցած թատրոնի վերակառուցման ու դեմոկրատացման, խաղացանկի ընտրութեան, ռեժիսուրայի կատարելագործման, բեմական խօսքի կուլտուրայի ու թարգմանութիւններու մակարդակի բարելաւման եւ այլ հարցեր։

Պատմութիւն Խմբագրել

Արժէքաւոր են Գ. Չմշկեանի, Ա. Սանդինեանի, է. Տէր-Գրիգորեանի եւ ուրիշներու յուշագրութիւնները հայ թատրոնի պատմութեան վերաբերեալ, հայ, ռուս, վրացի եւ այլ ազգերու նշանաւոր դերասաններուն ու թատերական գործիչներուն նուիրուած նիւթերը։ Անդրադարձած է նաեւ ճարտարապետութեան, գեղանկարչութեան, երաժշտութեան եւ արուեստի միւս բնագաւառներուն (Թ. Թորամանեանի ուսումնասիրութիւնները ազգային ճարտարապետութեան վերաբերեալ, Ա. Մայիլեանի, Գ. Լեւոնեանի եւ այլոց յօդուածները)։ Ունեցած է հարուստ գրական գեղարուեստական բաժին, յաւելուածի ձեւով հրատարակած պիեսներ, վոդեւիլներ։ Աշխատակցած են Լէօն, Սիրանոյշը, Գ. Բաշինջաղեանը, Հ. Սիրունին, Օ. Սեւումեանը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։