Յօշոտուած Հայաստան
"Այս էջը նուիրուած է գիրքի մանրամասնութիւններուն։ Նոյնանուն շառժապատկերին մասին որ աւելի ծանօթ է Հոգիներու Աճուրդ անունով, տեսնել Հոգիներու Աճուրդ
Յօշոտուած Հայաստան, այս վերնագրով 1918 թուականին Նիւ Եորքի մէջ անգլերէն լեզուով լոյս տեսաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ականատեսի առաջին վաւերագրական յուշագրութիւններէն մէկը: Անոր մէջ հեղինակը ցեղասպանութիւնը վերապրած չմշկածագցի Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեան կը պատմէ բռնագաղթի ճանապարհին իր կրած սարսափները։ Կորսնցելով ծնողները, քոյրերը եւ երեք եղբայրները, որոնք գազանաբար սպաննուեցան իր աչքերուն առջեւ, 14-ամեայ Արշալոյսը տարագրութեան ընթացքին խոշտանգուած էր եւ պատուազրկուած՝ թուրք եւ քիւրտ պաշտօնեաներու եւ ցեղապետներու հարեմներուն մէջ. անոր պատմութիւնը արեան խրախճանքներու եւ մարդկային պատկերացումէն դուրս դաժանութիւններու մասին վկայութիւն մըն էր։
Շարժանկարը
ԽմբագրելՀոգիներու Աճուրդ (անգլերէն՝ Ravished Armenia), Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նկարահանուած առաջին ֆիլմը։ Բեմադրած է Օսքար Ափֆել։ Առաջին անգամ ցուցադրուած է 16 Փետրուար 1919-ին, Նիւ Եորքի «Փլազա» հիւրանոցին մէջ։
Ֆիլմը նկարահանուած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատես Արշալոյս Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» փաստագրական յուշագրութեան հիման վրայ, Քալիֆորնիոյ մէջ։ Մասնակցած են շուրջ 10 հազար անձեր, դերակատարութեամբ Օրորա-Արշալոյս Մարտիկեանի[1]:
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
Խմբագրել- ↑ «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Նպաստը Հայոց Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն Եւ Որբաշխարհին»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ արտագրուած է՝ 2016-04-23