Նաթալի Արոյեան
Նաթալի Արոյեան ծնած է Սիտնի,Աւստրալիա: Սիտնիի օփերայի նշանաւոր աստղերէն մէկն է, եւ հռչակաւոր անուն դարձած է երաժշտութեան աշխարհին մէջ:
Նաթալի Արոյեան | |
---|---|
Անուն | Նաթալի Արոյեան |
Կայքէջ | https://www.nataliearoyan.com/ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆաթալի Արոյեան յաճախած է Սիտնիի Ալեք Մանուկեան Հայկական Շաբաթօրեայ վարժարանը։ Ապա ուսումը շարունակած է տեղւոյն կաթողիկէ համալսարանին մէջ առեւտուրի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագիտութիւններով կրկնակի բարձրագոյն վկայական ստանալէ ետք, յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ օփերային արուեստի նկատմամբ:[1] 2004-ին կ’ընդունուի Սիտնիի երաժշտանոցը: 2009-ին, մասնագիտութիւնը կը շարունակէ Նիւ Եորքի Ման Գոլէճին մէջ: Ուսանած տարիներուն կը մասնակցի Վերտիի, Փուչինիի օփերաներուն: 2011-ին կը վերադառնայ Աւստրալիա եւ կը շահի « Իտալական Օփերայի Հիմնադրամ» մրցանակը: Նաթալի Արոյեան արդէն հռչակաւոր անուն դարձած է երաժշտութեան աշխարհին մէջ:
Անոր երաժշտութեան ուղեցոյցը եւ մարզիչը եղած է օփերայի հայազգի երգչուհի մեցցօ-սոփրանօ Լիլիա Օվչեանը, իսկ իր երաժշտութեան դասընթացքը կատարելագործած է՝ շնորհիւ ՀԲԸՄիութենէն ստացած կրթաթոշակին։
Նաթալի մեծապէս երախտապարտ է իր ծնողքին՝ Սարգիսին եւ Լիւսիին, որոնք քաջալերած են զինք եւ թիկունք կանգնած իր ընտրած ասպարէզի նուաճման դժուարին ճանապարհի ընթացքին։ Անոր միակ ափսոսանքն է, որ գործի բերումով յաճախ կը բացակայի իր ընտանիքէն եւ բարեկամներու սեղմ շրջանակէն, յատկապէս տօնական օրերուն . . .
Գերշ. Տ. Հայկազուն Եպս. Նաճարեանի քահանայական ձեռնադրութեան քառասուն ամեակը
Խմբագրել6 Փետրուար 2015-ին, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեայ յոբելեանը Լը Մոնթաժ հանդիսասրահին մէջ, գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ միջազգային համբաւի տիրացած օփերայի երգչուհի Նաթալի Արոյեան:[2]
Աւստրալիոյ Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առաջին գեղարուեստական ելոյթը եւ իր «Հայկական ճամբորդութիւն մը» ստեղծագործութիւնը
ԽմբագրելՀայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով՝ Նաթալի հեղինակած է բեմական նոր ստեղծագործութիւն մը՝ «Հայկական ճամբորդութիւն մը» անունով։ Ան մարմնաւորած է անոր հերոսուհին՝ սարսափած հայ որբը, որ վերապրելով յաղթահարած է Եղեռնի պատճառած ողբերգութիւնը։ Այդ որբը եղած է իր մեծ մօրը մայրը։
«Ակնկալէ՛, որ խոչընդոտներ պիտի պատահին արհեստավարժութեան հասնելու ճանապարհիդ, սակայն երբեք մի՛ յուսահատրիր եւ շարունակէ՛ ճախրանքդ համբերութեամբ եւ յարատեւութեամբ»: - Նաթալի Արոյեան
|
18 Հոկտեմբեր 2014ին հովանաւորութեամբ Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Աւստրալիոյ կեդրոնական յանձնախումբին եւ կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանական եկեղցոյ Chatswood-ի Concourse շքեղ հանդիսասրահին մէջ ներկայացուեցաւ An Armenian Journey գեղարուեստական յայտագիրը: Յայտագրի գլխաւոր հեղինակն է Աւստրալահայ սոփրանօ Նաթալի Արոյեան: Նաթալիի կողքին գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ եւ օտար տաղանդաւոր երգիչներ ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի <<Նայիրի>> պարախումբը եւ Համազգայինի Սիտնի Պարի համոյթը:[4]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ ԱՐՈՅԵԱՆ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՕՓԵՐԱՅԻ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ [permanent dead link]
- ↑ Տ. Հայկազուն Եպս. Նաճարեանի քահանայական ձեռնադրութեան քառասուն ամեակը[permanent dead link]
- ↑ Հայկական Բարքեր
- ↑ «Աւստրալիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան 100ամեակի Առաջին Գեղարուեստական Ելոյթը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-07-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-07