Նահանջ Տարի
Նահանջ տարի, այն տարին է, որ կը պարունակէ լրացուցիչ օր (կամ այլ օրացուցային կամ ժամային միաւոր) օրացուցային տարին պահպանելու համար։ Այսպէս, նահանջ տարիի Փետրուար ամիսն ունի 29 օր, եւ ոչ՝ 28, ինչպէս սովորական տարիներուն: Այդպիսի տարիները կը կրկնուին չորս տարին անգամ մը։
Անուան Ստուգաբանութիւն
ԽմբագրելՀայերէնի մէջ անունը սերած է նահանջել (ընկրկիլ, ետ քաշուիլ)[1] բայէն: Հռոմէական լեզուները կը բնորոշեն լատիներէն bis sextus-էն (երկրորդ վեցերորդ): Այսպէս, ֆրանսերէն (նաեւ անգլերէն՝ bissextile, իտալ.՝ bisestile, սպաներէն՝ bisiesto, փորթուկալերէն՝ bissexto: Նոյն ծագումն ունի նաեւ ռուս.՝ високосный (վիսոքոսնի) ձեւը:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԳրիգորեան օրացոյցին մէջ, որն ընդունուած է ամբողջ աշխարհին մէջ, նահանջ են 4-ով բաժնուող տարիներու մեծ մասը: Նահանջ տարուայ Փետրուարն ունի 29 օր սովորականի 28-ի փոխարէն: Չորս տարին անգամ մը մէկ օրուան աւելացումը կը հատուցէ այն իրողութիւնը, որ 365 օրերու պարբերութիւնը արեւադարձային տարիէն կարճ է մօտաւորապէս 6 ժամով[2]։ Սա հիմնական կանոնէն որոշ բացառութիւններ պայմանաւորուած են այն հանգամանքով, որ արեւադարձային տարուայ ճշգրիտ տեւողութիւնը 365.25 օրերէ պակաս է: Գրիգորեան օրացոյցը հետեւեալ կերպ ձեւափոխած է Յուլիոսեան օրացոյցի նահանջ տարուայ կարգը՝
Չորսի բաժնուող իւրաքանչիւր տարին նահանջ տարի է, բացառութեամբ ճշդօրէն 100-ի բաժնուող այն տարիներէն, որոնք 400-ի չեն բաժնուեր: Զորօրինակ, 1700, 1800 եւ 1900 թուականները նահանջ չէին, սակայն 1600-ը եւ 2000-ը նահանջ էին:[3]
Իւրաքանչիւր չորս հարիւրամեակներուն, չորս տարին նանգամ մը նահանջ օրուայ աւելացումէն կուտակուած սխալը կը պարունակէ երեք լրացուցիչ օր: Գրիգորեան օրացոյցը, հետեւաբար, կ'աւելցնէ երեք նահանջ օրեր 400 տարուան մէջ մէկ անգամ: Ասիկա կ'ըլլայ Փետրուար 29-ը հանելով դարագլուխի թուականներէն (100-ի բաժնուող), որոնք 400-ի չեն բաժնուիր[4][5] 1600, 2000 եւ 2400 թուականները նահանջ են, երբ 1700, 1800, 1900, 2100, 2200 եւ 2300 թուականները սովորական են: Սա կանոնով, տարուան մէջ աւելացուող օրերու քանակն է 365 + Կաղապար:Frac − Կաղապար:Frac + Կաղապար:Frac = 365.2425.[6]։ Կանոնը կրնայ կիրառուիլ Գրիգորեան բարեփոխումներէն առաջուայ թուականներուն համար[7]։
Ըստ Գրիգորեան օրացոյցին, նահանջ տարիներու տեւողութիւնը կը կրճատէր այնպէս, որ անիկա դառնայ 365.2425 օր (յուլիոսեան տարիէն 10.8 վայրկեանով պակաս), որ կը համապատասխանէր տարուայ իրական տեւողութեան, այնպէս որ արդէն հազարամեակներու ընթացքին որեւէ փոփոխութեան կարիք չըլլար։ Ատիկա իրականացնելու համար առաջարկուեցաւ ամէն 400 տարուան մէջ ունենալ ոչ թէ 100, այլ՝ 97 նահանջ տարի։ Այսպիսով, 1700, 1800 եւ 1900 թուականները նահանջ տարիներ չէին, իսկ 1600-ը եւ 2000-ը նահանջ էին։ Նահանջ տարիներ պիտի չըլլան նաեւ 2100, 2200 եւ 2300 թուականները:
Ժողովրդական Աւանդոյթներ
ԽմբագրելԻռլանտայի եւ Բրիտանիոյ մէջ կայ աւանդոյթ, ըստ որու կինը կրնայ ամուսնութեան առաջարկ ընել միայն նահանջ տարիներուն[8]։
Ենթադրաբար, Սկովտիոյ թագուհի Մարկրեթի 1288 օրէնքով առաջարկը մերժող տղամարդու փոխհատուցումը կը կազմէ մէկ զոյգ ձեռնոց, մէկ հատ վարդ եւ մեկ համբոյր[9]։
Ֆինլանտայի մէջ, եթէ նահանջ տարուան տղամարդը եթէ մերժէ կնոջ առաջարկը, ան պարտաւոր է գնել զգեստի կտոր:[10]
Յունաստանի մէջ նահանջ տարուան ամուսնութիւնը կը համարուի անյաջող:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Հր. Աճառեան, Հայերէն Արմատական Բառարան, Ե. 1926 Նահանջ
- ↑ Lerner Ed. K. Lee, Lerner Brenda W. (2004)։ «Calendar»։ The Gale Encyclopedia of Science։ Detroit, MI: Gale
- ↑ Introduction to Calendars Archived 2019-06-13 at the Wayback Machine.. (15 May 2013). United States Naval Observatory
- ↑
- ↑ Lerner, Lerner, էջ 681
- ↑ Richards, E. G. (2013), «Calendars», in Urban, S. E.; Seidelmann, P. K., Explanatory Supplement to the Astronomical Almanac (3rd տպ.), Mill Valley CA: University Science Books, p. 598, ISBN 9781891389856
- ↑ Doggett, L.E. (1992), «Calendars», in Seidelmann, P. K., Explanatory Supplement to the Astronomical Almanac (2nd տպ.), Sausalito, CA: University Science Books, pp. 580–1
- ↑ Mikkelson, B.; Mikkelson, D.P. (2010), The Privilege of Ladies, snopes.com, http://www.snopes.com/oldwives/february29.asp
- ↑ Virtually no laws of Margaret survive. Indeed, none concerning her subjects are recorded in the twelve volume Acts of the Parliaments of Scotland (1814–75) covering the period 1124–1707 (two laws concerning young Margaret herself are recorded on pages 424 & 441–2 of volume I).
- ↑ Hallett, S. (February 29, 2012), Leap Year Proposal: What's The Story Behind It?, http://www.huffingtonpost.com/2012/02/27/leap-year-proposal-tradition_n_1305525.html, վերցված է December 21, 2015