Նահապետ Ագուլեցի

Նահապետ Ագուլեցի (1629, Ագուլիս - 1 Յունուար 1695), երեւելի վաճառական, բարեսէր, բարեպաշտ անձ։

Նահապետ Ագուլեցի
Ծնած է 1629
Մահացած է 1695
Սուրբ Խաչ
Զմիւռնիա
Վենետիկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1629-ին Ագուլիս, զաւակն էր՝ Կիւլնազարին։ Ազնիւ ու ազգասէր անձ մը եղած է եւ ժամանակին երեւելի հանդիսացած, իր ազգօգուտ գործունէութեամբ, որ կը սկսի 1653-ին։

Ինք երեւելի վաճառական եւ բարեսէր անձ մը եղած է. Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյն շատ սպասներ նուիրած ու «Յայսմաւուր»է մը գրել տուած է Պոլսոյ մէջ 1676-ին, որուն համար 110 ղրշ․ ծախսած է (ժամանակին կ՛արժէր 500 ֆրանք), պայման դնելով որ, ո՛վ որ ուզէ առնել կամ տպագրել տալ, նշանակուած գնոյն համեմեատ եկեղեցւոյ անօթներ պէտք է նուիրել։

Իր ուսումնասիրութիւնը եւ բարեպաշտութիւնը կը վկայեն իր տպագրել տուած գիրքերը, որոնք են «Դաշանց թուղթ» (1695), գործակցութեամբ Ջուղայեցի Խարտաշենց Պարոն Անտոնին․ Պարզաբանութիւն Սաղմոսաց Ս․ Յովհաննէս վարդապետ պոլսեցւոյ ձեռքով (1687 Սեպտ. 10) որուն մէջ կը գտնուի իր լուսանկարը։ Սոյն երկու գիրքերուն համար շատ դրամ ծախսեց Նահապետ Գուլնազարը, գեղեցիկ տառեր ձուլել տալով հաստատեց նոր տպարան մը Վենետիկ մէջ՝ մատակարարելով բոլոր պէտքերը։

Իրեն սպասաւոր Թոմայի որդին, Ագուլեցի Մղտեսի Աստուածատուր մեծ ջանք եւ աշխատութիւն ունեցաւ տպարանին համար, օգնելով սրբագրութեան եւ միշտ ձեռնտու գտնուելով Յովհաննէս վարդապետին։

Նահապետ իրեն գործակալ ըրած էր յիշեալ Աստուածատուրը եւ կտակով նուիրած էր անոր 40 ոսկի Վենետիկեան եւ իր հոգւոյն համար ալ կը պատուիրէ քիչ օրուան մէջ երկու հազար պատարագ ընել տալ, որուն համար 500 տուքադ թողած է։

Ընդհանուր ժառանգորդ կը կարգէ իր թոռները Թէրեֆիղայ եւ փեսան Առաքէլ՝ Թէոսալիայ Ագուլեցւոյ։

Թէեւ կը փափագէր Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյն մէջ թաղուիլ, որուն կը կտակէ 200 տուքադ եւ իր սպասաւորին 250 տուքադ, բայց յայտնի չէ թէ ինչո՞ւ Հայոց Եկեղեցին չէ թաղուած, այլ մօտը Ս․ Յուլիանոս Լատինաց եկեղեցին զատ տապանի մը մէջ։

Իր ունեցած գոյքերը կը գտնուէին Պոլիս, Զմիւռնիա, Հոլանտա եւ Լիվոռնօ։

Մեռած է 1695-ի Յունուար 1-ին ջրգողութենէ։

Պարզաբանութիւն Սաղմոսացի (1687)

Խմբագրել

Սկիզբը հետեւեալ ոտանաւորը գրած է․

  Ես Նահապետ նուաստ հոգի

Որ եմ՝ որդի Գուլնազարի
Գեղջիւ բընիկ Ագուլեցի
Զոտանաւորս շարադրիցի
Ի նախերգունս Մեկնչի
Բուն Սաղմոսն Մեծին Դաւթի
Զոր փափաքմամբ յոյժ խնդրեցի
Եւ օգնութեամբ Տեառըն գտի
Տեսանելով ի յայլ լեզուի
Յօժարեցայ յայսըմ բանի․․․
Աշխատանօք Յովհաննիսի
Ստամպօլցի վարդապետի․․․
Բազում դրամըս վատնեցի
Ի նեղութեան ժամանակի
Մինչդեռ ըզսա տպագրեցի
Եւ ի վախճան իւր հասուցի

 

Գալով Պարզաբանութեան ոճին մաս մը կը ներկայացնենք գրուածքէն, որուն մէջ ջանք մը կայ աշխարհաբար եւ դիւր հասկնալի լեզուով գրելու։

  Այսինքն, ոչ ոք կայ որ յիւրնում մէկ բարեգործութեան նշան մի ունենայ, եւ մէկ մարդ մի այլ չի գտվեր, որ Աստուծոյ կամքն կատարէ, կամ նորա օրինանց եւ պատուիրանացն հնազանդիլ կամենայ։

Այսինքն, եւ ասաց թէ այդ ինչ պէս կուրութիւն է, որ այդչափ մարդիք որ չարութիւն եւ անօրէնութիւն գործելոյ յետնէ են, ամենեւին չի ճանաչեն եւ չիմանան իւրեանց մոլորութիւն եւ պակասութիւնն։

Այսինքն, զիմ ժողովուրդ եւ զիմ ծառայքն կու հալածէին կու ըսպանանէին եւ հաց ապուրի նման կուլ կու տային, եւ արհամարհելով զբանս մարգարէից ամենեւին չի կամեցան իւրեանց աչքն բանալ եւ ճանաչել զիմ որդին միածին յիսուս քրիստոս որ է աստուած չշմարիտ, եւ օրհնել եւ գովաբանել զանուն նորա, այլ խորհեցան եւ ասացին ըստ ղուկասու, սա է ժառանգն, եկայք ըսպանցուք զսա։

Այսինքն, թողելով աստուծոյ երկիւղն այնպէս տեղ վախեցան, որ ամենեւին ահ եւ երկիւղ չկայր, իբր վախեցան ի կայսերէն հռոմայեցւոց, թէ չի լինի թէ բարկանայ իւրեանց վերայ, վախեցան ի զօրացն հռոմայեցւոց թէ չի գան իւրեանց երկրին եւ ազգին տիրապետեն, ըստ այնմ եթէ թողումք զնա այնպէս, ամենքին հաւատան ի նա, եւ գայցեն հոռոմք, եւ բառնայցեն զազգս մեր եւ զտեղի․ եւ այսպէս իւրեանց մոլորութեան միջումն կորան, զէրէ աստուած փառասէր եւ մարդահաճոյ մարդկանց ոսկռտանքն կու ցրուէ, իբր ուժն եւ կարօղութիւն եւ հնարագործութիւն կու ոչնչացնէ եւ կու փչացնէ։

Այսինքն, որ ամաչեն եւ ամօթ լինին աշխարհիս վերայ, զէրէ աստուած անարգեց արհամարհեց եւ նախատինք արար զիւրեանք ամէն ազգերի միջում։

 


Գուլնազարցի Նահապետ անջնջելի կը մնայ պատմութեան մէջ իր մեկենասութեամբ, որ նպաստած է տպարան բանալով եւ օգտակար գիրքեր հրատարակելով եւ առ այդ բաւական գումար մը ծախսելով։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Սիսական Հ․ Ղ․ Ալիշան էջ 334
  • Մատենագրութիւն Հ․ Դ․ Զարբհանէլեան
  • Պատմ․ Հայկ․ Տպագրութեան Զարհանէլեան էջ 140-142
  • Պարզաբանութիւն Սաղմոսացն Դաւթի Մարգարէի 1687
  • Պատմ․ Տպագրութեան Լէօ