Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան

Տ. Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան (1952), Աւազանի անունով Գէորգ, որդի ՅովՀաննէսի եւ Վերժինի, ծնած է կարմուճցի ծնողքէ, Հալէպ, 1952։

Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան

Նախնական կրթութիւնը ստացած է քաղաքի Կիլիկեան Ճեմարանը, զոր աւարտած է 1966-ին։ Ապա, նոյն վարժարանին մէջ շարունակելով միջանակարգ եւ երկրորդական ուսումը աւարտած է 1972-ին, ստանալով պետական վկայական։

Որպէս քաղաքացիական պարտականութիւն սուրիական բանակին ծառայած է 1974-1977։

Այնուհետեւ մտած է կեանքի ազատ ասպարէզ։ Նախ աշխատած է վաճառականի մը քով քանի մը տարի եւ ապա վարած է հաշուապահութեան պաշտօն՝ բարեկամի մը գործատեղիին մէջ մինչեւ 1985 թուական։

Իր ծնողքին կրօնասիրութիւնը զինք աոաջնորդած է եկեղեցի։ Ան վեց տարեկանին սկսած է եկեղեցի յաճախել ու մաս կազմած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասին։ Տարիներու ծաոայութեամբ արժանացած է դպրութեան եւ ուրարակիրի աստիճաններուն։

Իր կրօնական հետաքրքրութիւնը զինք մղած է Կիրակնօրեայ դպրոց։ Տարիներու հետեւողութեամբ աւարտած է եւ ստացած՝ համապատասխան վկայական։ Ան սիրած է հայ երգը եւ մաս կազմած է երգչախումբերու։ Մօտ եղած է նաեւ հայ թատրոնին։ Հետեւած է «Ադամեան» թատերախումբի փորձերուն ու դերակատարութիւն ըրած։ Այլ խօսքով՝ արուեստը իր սրտին մօտ եղած է։

Տարիներով եկեղեցւոյ իր ծառայութիւնը, ժամանակի ընթացքին իր մէջ կ'արթնցնէ քահանայ ձեռնադրուելու փափաքը եւ կը դիմէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

1986-ին, Աոաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնարարականով՝ կ'ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի քահանայից դասարանը, ուր երկամեայ քահանայից դասընթացքին հետեւեւէ ետք կ'աւարտէ 1988-ին ու կը ստանայ համապատասխան վկայական։

Ան կ'ընտրէ իր կեանքի րնկերը՝ օրդ. Սեդա Շաքարեանը, Տ. Համազասպ Ա. քհնյ. Շաքարեանի դուստրը եւ կը պսակուի 30 Հոկտեմբեր 1988-ին, Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։

Կը բախտաւորուի երեք զաւակներով՝ Յովիկ, Յակոբ եւ Աննա։

Իր քահանայական ձեոնադրաթիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, 4 Դեկտեմբեր 1988, վերակոչուելով Տ. Նարեկ: Իր քահանայական պատրաստութեան քառասնօրեայ շրջանը լրանալէն ետք, նորընծայ Տէր Նարեկ հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, ուր իր գործակիցները կ'ըլլան Տ. Գարեգին Ա. քհնյ. Քիրազեան, Տ. Արսէն Ա. քհնյ. Սարգիսեան եւ աւելի ուշ՝ Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան:

Ան վարելով վարչական պաշտօններ, եղած է Կիրակնօրեայ դպրոցներու խորհուրդի անդամ եւ ատենադպիր 2 տարի՝ մէկ շրջան։ Մէկ շրջան եղած է Կրօնական Ժողովի անդամ: 1996–1997 ուսումնական տարեշրջանին կրօն դասաւանդած է Ազգ. Հայկազեան վարժարանէն ներս։

2001-ին Լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացած է Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի օրով, Արամ Ա. Վեհափաոէն, իր տարիներու ծաոայութեան Համար։

Ան սակաւախօս է եւ ունի լաւ ձայն[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Բ, Հալէպ, էջ 336։