Տ . Գարեգին քհնյ. Քիրազեան

Տ. Գարեգին քհնյ. Քիրազեան (աւազանի անունով՝ Նազարէթ Քիրազեան, ծնած է 1923, Հալէպ ), այնթապցի քահանայ։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Զաւակն էր այնթապցի ծանօթ լուսարար աւագ սարկաւագ Նազար Քիրազեանի եւ այնթապցի Երանուհի Քիրազեանի, որ քոյրն է

Լոնտոնաբնակ փրօֆ. Սարգիս Չ. Թօփալեանի:

Ծնած է Հալէպ ,1923 –ին: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Կիլիկեան եւ ապա Այնթապի Կրթասիրաց Վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ կը դառնայ 1938-ին:

Նկատի ունենալով որ Աւագ Սարկաւագի զաւակ էր եւ տան մթնոլորտը միշտ կրօնական էր, փոքր տարիքէն անոր մէջ սէր կ'արթննայ եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Քահանայական Կրթութիւն

Խմբագրել

Նախակրթարանը աւարտելէ ետք, ան կը մեկնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ուսանելու, սակայն երկու տարի վերջ արկածի մը հետեւանքով, կը հիւանդանայ եւ մահուընէ ազատելով, բժիշկներու հրահանգով կը ձգէ Դպրեվանքը: Այս միջոցին եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սէրը վառ կը մնայ իր մէջ, որուն իբր հետեւանք ինը տարիներ Հալէպի եւ Թրիփօլիի մէջ կ'աշխատի որպէս ուսուցիչ- դպրապետ: Նաեւ, որպէս շրջանաւարտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներէն, երկար տարիներ կը ծառայէ իբրեւ ուսուցիչ եւ դպրապետ:

1949 -ին ժողովուրդը գնահատելով եկեղեցւոյ հանդէպ իր ունեցած սէրը եւ ծառայութիւնները, կը փափաքի որ ան եկեղեցւոյ պաշտօնեայ դառնայ:

3 Յուլիս 1949-ին, Գերշ . Տ . Զարեհ Ս . Եպիսկոպոսի ձեռամբ քահանայ կը ձեռնադրուի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, կոչուելով Տէր Գարեգին: Ան ճիգ կը թափէ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր արթնութեան համար:

Աղբիւրներ

Խմբագրել