Զարեհ Ա. Կաթողիկոս
Զարեհ Ա. (1915 Մարաշ - 18 Փետրուար, 1963):
Զարեհ Ա. | |
---|---|
Ծնած է | 1915 |
Ծննդավայր | Մարաշ |
Մահացած է | 18 Փետրուար, 1963 |
Մահուան վայր | Անթիլիաս, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | Պրիւքսելի համալսարանի հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան դասընթացքներ |
ԿենսագրութիւնԽմբագրել
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Ա. ծն.՝ 1915-ին Մարաշ, Փայասլեան յարկի տակ: Վախճանած է 18 Փետրուար, 1963: Պարզութեան ու համեստութեան արժանիքներով ու շնորհքներով օժտուած Վեհափառ մըն էր Զարեհ Ա. Կաթողիկոսը:
Զարեհ Ա. Կաթողիկոս իր անանձնական մօտեցումով, ներողամտութեան ոգիով եւ անսահման բարութեամբ ու նուիրումով մեծ ներդրում ունեցաւ պառակտուածութեան՝ 20 Փետրուար 1956-ի իրադարձութեանց վերաբերեալ՝ իր ընտրութեան նախօրէին հակադաշնակցական ճակատի տխրահռչակ անարգումի քայլերէն, անցնելով իր ընտրութիւնը «անվաւեր» հռչակելու երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պարտադրուած եւ անոր կողմէ ստորագրուած կոնդակէն (որ խորհրդայիններու «ընտրական պարգեւ»ը եղաւ՝ Էջմիածնին արգիլելով, որ իր մասնակցութիւնը բերէ իր կաթողիկոս օծումին) եւ հասնելով սփիւռքի տարածքին հակամարտ թեմերու առաջացումին՝ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր ժամանակակից պատմութեան դառնագոյն հանգրուանը, այդ տխուր եւ դառն էջերը փակելու եւ համերաշխութեան ու միասնականութեան ենթահող պատրաստելու 1960-ականներու շրջադարձին մէջ, որ բարեբախտաբար եղաւ նաեւ վերջին ու եզրափակիչ արարը՝ ազգային պառակտումի օտարամուտ գրգռութեանց էջը գոցելու եւ, Հայ դատի պահանջատիրութեան ներշնչումով, հայոց ազգային միասնականութեան ուղին բանալու առումով։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս 1931-ին եղաւ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նորահաստատ դպրեվանքին անդրանիկ սաներէն: 1933-1938 հետեւեցաւ Պրիւքսելի համալսարանի հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան դասընթացքներուն:
1939-ին Զարեհ վարդապետ առաջնորդական տեղապահ ընտրուեցաւ Հալէպի թեմին, որուն առաջնորդութեան կոչուեցաւ 1943-ին: 1947-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսի կողմէ, որուն 1952-ի վախճանումէն ետք, շուրջ չորս տարի տեւած ու Հայաստանեայց եկեղեցին պառակտման եզրին հասցուցած ազգային, քաղաքական եւ գաղափարական բուռն վէճերէ ու հակամարտութիւններէ յետոյ, 20 փետրուար 1956-ին Զարեհ Ա. ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամենայն հայոց կաթողիկոս:
Կաթողիկոսական իր պաշտօնավարութեան կարճատեւ` 7-ամեայ շրջանին, որքան բարեացակամ ու ներողամիտ գտնուեցաւ անձնապէս իր դէմ կատարուած գռեհկագոյն բանսարկութիւններուն եւ վարկաբեկման արշաւներուն նկատմամբ, նոյնքան հաստաբուն կաղնիի պէս աներեր կանգնեցաւ ամէն կարգի յորձանքներու դէմ ու անխախտ հաւատքով փարեցաւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի անկախութեան արժանաւորապէս տէր կանգնելու իր կոչումին եւ առաքելութեան:
երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Փայասլեան Կաթողիկոսի յետադարձ հայեացքով կատարած արժեւորումը իր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ ընտրութեան՝ 20 Փետրուար 1956-ի իրադարձութեանց վերաբերեալ: Իր կաթողիկոս ընտրութեան 6րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշող Կիլիկեան Միաբանութեան ուղղելով իր պատգամը՝ Զարեհ Ա. Վեհափառ հետեւեալը յայտարարեց 20 Փետրուար 1962-ին.
«Սիրելի միաբան եղբայրներ, սիրելի սաներ, ի սրտէ շնորհակալ եմ ձեր սրտաբուխ եւ ազնիւ արտայայտութիւններուն համար, որոնք վստահ եմ կը բխին նոյնքան ազնիւ սրտերէ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուելուս վեցերորդ տարեդարձը զիս կը լեցնէ անգամ մը եւս ցաւալի եւ ուրախալի յուշերով: «Արդարեւ, վեց տարիներ առաջ, օդը նուազ փոթորկալից էր, քան այսօր. սակայն փոթորիկ կար այս դահլիճէն ներս, մանաւանդ՝ սրտերէ եւ հոգիներէ ներս: Պիտի կատարուէր պատմական ընթացիկ դէպք մը՝ ընտրութեամբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի յաջորդին: Բայց կատարուելիք այս ընտրութիւնը զգեցած էր, այս անգամ, բացառիկ հանգամանք եւ իմաստ, որովհետեւ այս Աթոռիս հակառակորդները կամ զայն անուանարկել ուզողները կը փափաքէին ընել այնպէս, որ ան դադրի ծառայելէ իր հոգեւոր կոչումին եւ չկարենայ լրիւ կատարել իր պարտականութիւնները քրիստոնէական սուրբ կրօնին եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումին մէջ: «Եթէ միայն նիւթական եւ տեսանելի դժուարութիւնները հաշուի առնէինք եւ մոռնայինք աստուածային օժանդակութիւնը, իմաստուն գործ պիտի չըլլար յանձն առնել կաթողիկոսական պաշտօնը եւ արտասահմանի մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այս Աթոռին բաժին ինկող պարտականութեանց կատարումին ղեկավարութիւնը: Ու երբ Կիլիկեան թեմերու Պատգամաւորական ժողովը իր ձայներու մեծամասնութիւնը կեդրոնացուց իմ վրայ, երբեք չխուսափեցայ կոչին դրական պատասխան տալէ՝ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեանց, անհասկացողութեանց, խոչընդոտներու եւ մինչեւ իսկ բացայայտ թշնամութեան՝ սիրելի անհատներէ կամ նոյնքան սիրելի կազմակերպութիւններէ ի յայտ բերուած: «Այժմ կ՛երեւակայեմ 1956 Փետրուար 20էն մինչեւ աշուն երկարող տաժանելի օրերը, որոնք լեցուն եղան ամէն տեսակի դժուարութիւններով: Ու կ՛ապրի՛մ դառն յիշատակովը ֆիզիքական ամայութեան, որ այս Աթոռին ժամանակաւոր բաժինը եղաւ դպրեվանքի Պիքֆայա փոխադրութեամբը 1956-ի Հոկտեմբերին: Ու մտքով կը տեսնեմ, որ այդ շրջանին Անթիլիասէն ներս հազիւ քանի մը ճրագներ կը պլպլային գիշերները: Ու գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի հետ եղաւ մեր ամբողջ գործավարութեան ընթացքին, ահա յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը մէջ այս Աթոռը կրկին պայծառացած է եւ ուրախութեամբ կը դիտեմ անոր բարգաւաճ վիճակը: Բազմապատկուեցաւ մեր միաբաններուն թիւը եւ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր սկսած ենք պատասխանել այս Աթոռին ուղղուած կոչերուն՝ առաջնորդներ եւ հովիւներ տրամադրելով հայ համայնքներուն: Մեր միաբանները շինարար աշխատանքի լծուած են հեռաւոր Ամերիկայէն սկսեալ մինչեւ Պարսկաստան, ուր այս Աթոռին անունն իսկ անծանօթ էր տակաւին շատ մօտիկ անցեալին: «Հաւանական է, որ աւելի հեռու տեղերէ ալ կանչուիք՝ ծառայելու եւ Հայ եկեղեցին կանգուն պահելու համար: Ու պիտի ընդառաջենք այդ հրաւէրներուն ոչ թէ կայսրութիւն հիմնելու, ոչ թէ թեմեր յափշտակելու, ու մանաւանդ՝ ոչ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հակադրելու համար. նման նպատակ չունեցանք ու պիտի չունենանք, այլ պարզապէս ծառայելու համար եւ ընելու այնպէս, որ արտասահմանի մէջ չեղծուի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նկարագիրը եւ հայ ժողովուրդը չհեռանայ իր մայր եկեղեցիէն ու կորստեան չդատապարտուի: «Մեր այս ոգին եւ ուղիղ դիրքը չէ հասկցուած դժբախտաբար ու մեզի կը վերագրուին մտայնութիւններ, որոնք նուազագոյնը ուղիղ չեն համեմատիր հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ հանդէպ մեր կեցուածքին հետ: Բայց մենք կ՛անգիտանանք այդ բոլորը եւ անտես պիտի առնենք բոլոր տեսակի անհասկացողութիւնները, ուրկէ եւ որքան որ սիրելի անձերէ կամ մարմիններէ բխին անոնք: Ու պիտի հասնինք հոգեւոր կարիքներուն մեր ժողովուրդին, որուն ծառայելը նկատած ենք միշտ մեր մեծագոյն փառքը: «Կ՛ուզեմ, որ այս ոգիով լեցուիք բոլորդ, որպէսզի նման տարեդարձներ իմաստ ստանան ու դառնան երջանիկ հանգրուաններ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ»:[1]- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս
|