Նարսիսօ Պինայեան Գարմոնա

Նարսիսօ Պինայեան Գարմոնա (սպ.՝ Narciso Binayán Carmona 24 Սեպտեմբեր 1928 Պուէնոս Այրէս - 1 Դեկտեմբեր 2008, Պուէնոս Այրէս), իրաւաբան եւ լրագրող:

Նարսիսօ Պինայեան Գարմոնա
Ծնած է 24 Սեպտեմբեր 1928
Ծննդավայր Պուէնոս Այրէս
Մահացած է 1 Դեկտեմբեր 2008
Մահուան վայր Պուէնոս Այրես, Արժանթին
Քաղաքացիութիւն  Արժանթին
Մասնագիտութիւն լրագրող, պատմաբան

Նարսիսօ Պինայեան Գարմոնա, երբեմն «կրտսեր» ածականով Narciso Binayan:

Ծնած է Պուէնոս Այրէս, 24 Սեպտեմբեր 1928-ին:

Իրաւաբանական ճիւղին հետեւած է Պուէնոս Այրէսի պետական համալսարանին մէջ, սակայն անաւարտ մնացած է:

1960-էն մինչեւ 1991 թուական Պինայեան մաս կազմած է Արժանթինի La Nacionի հնագոյն օրաթերթի խմբագրակազմին:

Աւելի ուշ մտած է լրագրական ասպարէզ, ապա գիտական թէ լրագրական առաքելութեամբ այցելած է շուրջ հարիւր երկիրներ: Հարկ է նշել, թէ Պինայեան նաեւ արժանթինեան եւ հայ մամուլը հարստացուցած է բազմաթիւ յօդուածներով:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա. ի կողմէ պարգեւատրուած է «Ս.Սահակ-Ս.Մեսրոպ» շքանշանով եւ Լեհաստանի Արժանեաց ոսկեայ շքանշանով:

Տոհմաբանութիւնը եղած էր իր հետաքրքրութեան առանցքներէն մէկը, ուր իր գլխաւոր գործը հանդիսացաւ Historia Genealogica Argentina (Արժանթինի տոհմաբանական պատմութիւն), որ լոյս տեսած է 1999 թուականին: Գիրքը նաեւ կը պարունակէ արժանթինահայ համայնքի տոհմաբանութեան մասին 20 էջնոց գրքոյկ մը:

1958-2000-ին լոյս տեսած իր յօդուածներու մէկ ընտրանին հրատարակուած է Dieciseis Estudios Genealogicos (Տասնվեց տոհմաբանական ուսումնասիրութիւններ) հատորին մէջ (2002), ուր ընդգրկած է 1978-ին «Հայ Իշխանուհի Մը Սանթիակօ Տէ Գոմփոստելայի Մէջ ԺԱ. Դարուն Իր Տոհմածառը» սպաներէն յօդուածը:

Պինայեանի այլ գործերէն նաեւ յիշենք «Անցեալի Եւ Ապագայի Միջեւ Հայ Գաղութը Արժանթինի ՄԷջ», «Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Հայկական Հարցը» եւ այլն:

Նարսիսօ Պինայեան Գարմոնա մահացած է Պուէնոս Այրէս, 1 Դեկտեմբեր 2008-ին:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր ԻԹ., Պէյրութ, 2009, էջ 445:

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել

Narciso Binayán Carmona