Նենսի Թորոսեան
Նենսի Թորոսեան՝ արուեստագիտուհի, դերասանուհի եւ թատրոնի դասատու:
Նենսի Թորոսեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Արժանթին |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | թատրոնի ուսուցիչ |
Աշխատավայր | դերասանուհի եւ թատրոնի դասատու |
Ամուսին | Գէորգ Թորոսեան |
Ծնողներ | Enrique Issa |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆենսի Թորոսեան ծնած է Արժանթին, յաճախած է Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը, ապա վկայուած է Թատերական Համալսարանէն, որպէս դերասանուհի եւ թատրոնի դասատու: 2003-ին հաստատուած է Քանատա, Մոնթրէալլ, ուր հայկական գաղութին մէջ ունեցած է իր իւրայատուկ ներդրումը որպէս բեմադրիչ եւ դերասան:
Բեմադրական գործունէութիւն
ԽմբագրելԱն որպէս բեմադրիչ աշխատակցած է Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայ բեմ» թատերախումբերուն: Ղեկավարած է Մոնթրէալի գաղութին մէջ գործող Ամառնային ճամբարներ, որոնց յայտագիրներուն մէջ զգալիօրէն ներմուծած է արուեստի դասընթացքներ:
Արուեստի հիմնարկ
Խմբագրել2018 Յուլիսին, Մոնթրէալի մէջ, Նենսի Թորոսեան հիմնած է «Դէմքեր» Արուեստի Հիմնարկը ինչպէս նաեւ կ’իրականացնէ թատերական դասընթացքներ:
«Դէմքեր» ու հիմնադրման նպատակներն ու առաքելութեան մասին արուեստագիտուհի Նենսի Թորոսեան կը յայտնէ, թէ «Դէմքեր» հիմնարկին նպատակն է որոնել, գտնել ու յայտնաբերել նոր արուեստագէտներ, ապա յարմար միջավայր մը ստեղծել անոնց, որպէսզի կարենան ազատօրէն ստեղծագործել: «Դէմքեր» հիմնարկին առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ արուեստագէտը հանրութեան ծանօթացնելու առիթներ ստեղծելը,
Թատրոնի ուսուցիչ տիկ. Նէնսին անդրադառնալով թատերական դպրոցի մը հիմնադրման իր մտադրութեան կ’ըսէ. «Նախաքայլը առնուած է արդէն, եւ թատերական առաջին դասընթացքը իր աւարտին հասաւ: Դասընթացքը կը բաղկանայ 8 դասաժամերէ, որուն կրնան մասնակցիլ ամէն տարիքի անհատներ»: Ան կը յայտնէ, թէ թատերական դասընթացքներուն դերասաններուն կը փոխանցուին շնչառութեան, կեդրոնացման, կեցուածքի, շարժուձեւերու, ձայնային եւ խաղարկութեան մեթոտներ եւ գաղտնիքներ, որոնցմով կարելի է աւելի արհեստավարժ դերասաններ պատրաստել ապագային:
«Արուեստագէտի կեանքին մէջ հանգրուան մը կ’ըլլայ, երբ կ’ուզէ առանձին գործել, դուրս գալ միութիւններու նեղ շրջանակներէն, գործել ի՛ր անձնական համոզումներով, ի՛ր մտայնութեամբ, ի՛ր աշխատելաոճով, բացուիլ աւելի լայն շրջանակներու եւ ոչ մէկ սահմանափակում ճանչնալ», կ’ըսէ տիկ. Նէնսի, աւելցնելով որ ան չի թերագնահատեր մշակութային միութիւններուն աշխատանքները, այլ կը շեշտէ, թէ անկախ գործելը արուեստագէտի կեանքին մէկ կարեւոր հանգրուաններէն մէկն է: «Կ’ուզեմ տարբեր միջավայր ստեղծել, փորձել բոլորովին նոր ծրագիրներ, փնտռել, որոնել, ստեղծել ու ստեղծագործել», կ’ըսէ տիկ. Նենսի Թորոսեան:[1] - Նենսի Թորոսեան
|
Թատերական գործունէութիւն
ԽմբագրելՅովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը. այս առթիւ 2019 Ապրիլ 27-ին, 28-ին եւ Մայիս 4-ին տեղի պիտի ունենայ «Միւս Թումանեան»ը ներկայացումը տիկին Նէնսի Թորոսեանի բեմադրութեամբ:
«Միւս Թումանեանը» ներկայացումը թատերական դասական բեմադրութիւն մը չէ, այլ «Իր հեքիաթներուն կողքին պիտի ներկայացնեմ նաեւ բանատեղծութիւնները, ուրիշներու յիշատակումները Թումանեանի մասին եւ այլն, այս բոլորին համադրումը պիտի ըլլայ ներկայացումը», կ’ըսէ ան:
Շքանաշան եւ գնահատագիր
ԽմբագրելՆենսի Թորոսեան արժանցած է զանազան գնահատագիրներու Արժանթինի եւ Քանատայի մէջ, որոնցմէ յիշարժան է Սփիւռքի Նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանը: