Ազգային Կեդրոնական Վարժարան (Մուշ)

(Վերայղուած է Ներսէսեան վարժարան-էն)

Մշոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարան (Պոլսի Հայոց պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի անունով յայտնի է նաեւ որպէս Ներսէսեան վարժարան), ժամանակի արեւմտահայ լաւագոյն դպրոցներէն մէկն էր եւ ունէր որակեալ մանկավարժական կազմ։ Հիմնուած էր 1878 թուականի աշնան` Միացեալ ընկերութեան կողմէ։ Վարժարանի տեսուչի պաշտօնը 1879-1884 կը վարէր նշանաւոր մտաւորական Մկրտիչ Սարեանը, որուն օրերուն վարժարանը ապրեցաւ իր ամենաբեղուն ծաղկման շրջանը։

Վարժարանը կը գործէր Մուշ քաղաքի Ձորի թաղի նորակառոյց երկյարկանի շէնքին մէջ` ընդարձակ եւ լուսաւոր սենեակներով եւ իր ժամանակի համար արդիական բոլոր յարմարութիւններով։

Ուսուցչական կազմը ձեւաւորուուած էր Պոլսոյ ուսումնական հաստատութիւններու եւ Խարբերդի Եփրատ քոլէճի (ճեմարան) շրջանաւարտներէն։ Վարժարանի լաւագոյն ուսուցիչներէն էր Համբարձում Պէրպէրեանը, որ հետագային յաջորդեց Մկրտիչ Սարեանին, իբրեւ տնօրէն։ Դասերուն օրական տեւողութիւնը 6 ժամ էր։ Ուսուցումն կ՛իրականացուէր Միացեալ ընկերութեան կողմէ մատակարարուող նոր տիպի դասագրքերով։ Կեդրոնական վարժարանի գործունէութեան ամբողջ ծախսերը կը հոգար Միացեալ ընկերութիւնը` որոշ օժանդակութիւն ստանալով Պոլսոյ պանդուխտ տարօնցիներէ, որոնք կազմած էին Միացեալ ընկերութեան` Տարօնի լուսաւորութեան նպատակը հետապնդող մասնաճիւղ։

Կեդրոնական վարժարան կ'ընդունուէին ոչ միայն Մուշ քաղաքի ու Մուշի շրջակայ գիւղերէն, այլ նաեւ Սասունի, Խնուսի եւ ուրիշ շրջաններէն աշակերտներ։ Վարժարանի գործունէութեան առաջին տարին ընդունուեցան շուրջ 80 երեխայ, հետագայ տարիներուն աշակերտներուն թիւը հասաւ 150-ի։ 1883 թուականին վարժարանը կու տայ 11 շրջանաւարտներ, 1884՝ 15։

Աւարտելէն անմիջապէս յետոյ վարժարանի շատ ուսանողներ Մուշ գաւառի տարբեր բնակավայրերը կը մեկնէին, ուր նոր բացուող դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդէին։

Մշոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանին մէջ ուսանած յայտնի հայ գործիչներէն էին ազգագրագէտ, բանահաւաք–բանասէր, մանկավարժ, հասարակական գործիչ Սահակ Մովսիսեանը (Բենսէ), հայդուկապետ, ռազմական տեսաբան, հայ ֆիտայական շարժման ղեկավարներէն Հրայր Դժոխք, ֆիտայի Յակոբ Կոտոյեանը, գրող, գաւառական գրականութեան ներկայացուցիչներէն, լրագրող եւ քաղաքական գործիչ Գեղամ Տէր-Կարապետեանը (Մշոյ Գեղամ), հայ հրապարակախօս, խմբագիր, արձակագիր, թարգմանիչ Գալուստ Անդրէասեանը, մանկավարժ եւ հոգեւորական Անդրանիկ Սայեանը (Տէր Օշական քահանայ Սայեան) եւ շատ ուրիշներ:

Կեդրոնական վարժարանի գործունէութեան ամենաբեղուն ժամանակաշրջանն էին 1880-1884 թուականները: Կրթարանի հեղինակութեան բարձրացմանը զուգահեռ հետզհետէ կը սաստկանար անոր նկատմամբ օսմանեան իշխանութիւններու ճնշումները։ Մասնաւոր նկատողութեան տակ առնուած էին մարմնամարզի դասերը, մասնաւորապէս անոնց ընթացքին հասարակ համաչափ քայլը, վարժութիւնները, «Ո՞րն է աշխարհ Հայաստան» քայլերգի տակ արշաւի երթալը, մահմետական ազգաբնակչութեան կողմէ կ՛ընկալուէր իբրեւ զինուորական պատրաստութեան փորձ։ Այդպիսի դէպքերու ականատես՝ Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտ, Սարգիս Բտէեանը կը նշէ, որ Մուշի մէջ եւրոպական կրթական վերջին չափանիշներով գործող վարժարանի գոյութիւնը տեղի մահմետական ազգաբնակչութեան նախանձը կը պատճառէր. «Թուրքերը, մէկ–երկու մէտրէսէներէ զատ, (…) ուրիշ դպրոց չունէին եւ ջանք ալ չէին թափեր դպրոցներ բանալու»։ Դժգոհութիւն կը պատճառէր յատկապէս վարժարանի տեսուչին` Մկրտիչ Սարեանի, հայրենասիրական բնոյթով գործունէութիւնը։

1884 վերջերուն տեսուչը կը ձերբակալուի իբրեւ «խռովարար»։ Ազատ արձակուելէն յետոյ ան կը ստիպուի հրաժարիլ իր պաշտօնէն եւ ընդհանրապէս հեռանալ Մուշէն։ 1885-ին տեսուչի պաշտօնը կը վարէ Յովհաննէս Պէրպէրեանը, սակայն ան ալ կը ստիպուի հրաժարիլ պաշտօնէն եւ Պոլիս մեկնիլ։ Դէպքերու ականատես Սարգիս Բտէեանը, իր յուշերուն մէջ հետեւեալները կը նշէ. «Անկէ յետոյ ... նոր դէմքեր եկան, բայց այլեւս չկրցան երկար մնալ ու դպրոցին դիրքը բարձր պահել»։

1895–ին` Համիտեան կոտորածներու տարին, Միացեալ ընկերութիւնը կը ստիպուի դադրեցնել իր գործունէութիւնը։ Կը փակուին անոր կողմէ հիմնուած եւ տնտեսապէս մատակարարուող բոլոր կրթական հաստատութիւնները, անոնց մէջ նաեւ Մուշի Կեդրոնական վարժարանը։

Մուշի կրթական կեանքի վերազարթօնքը տեղի կ'ունենայ 1908 երիտթրքական յեղաշրջումէն եւ սահմանադրական կարգերու վերահաստատումէն ետք։ Իր գործունէութիւնը վերսկսած Միացեալ ընկերութիւնը 1 Յունուար 1909-ին կը վերաբանայ Մշոյ Կեդրոնական վարժարանը։ 1909-10 ուսումնական տարին վարժարանը կ՛ունենայ 165 աշակերտ եւ 7 ուսուցիչներ, իսկ 1910-11-ին` 122 աշակերտ եւ 8 ուսուցիչներ։

Կեդրոնական վարժարանը կը շարունակէ գործել մինչեւ 1915 թուականը։[1]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել