Համբարձում Պէրպէրեան

Համբարձում Պէրպէրեան (25 Մայիս 1905, Ատանա13 Մարտ 1999, Մասաչուսէթս, Միացեալ նահանգներ), հայ երգահան, խմբավար ու մանկավարժ։

Համբարձում Պէրպէրեան
Ծնած է 25 Մայիս 1905
Ծննդավայր Ատանա
Մահացած է 13 Մարտ 1999
Մահուան վայր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Մասսաչուսէթս
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն խմբավար, երգահան, երաժիշտ, Խմբագիր, ուսուցիչ, ջութակահար

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Հ. Պէրպէրեան յաճախած է ծննդավայրին Ֆրէրներու վարժարանը մինչեւ 1915, երբ ընտանիքին հետ աքսորուած է Պապ, ուր կը մեռնին իր ծնողքը։ 1917-ին բախտի զուգադիպութեամբ ազատելով ստոյգ մահէ, անապատը լքած ու փախած է Հալէպ: Հոն մտած է ամերիկեան որբանոցը, ի յայտ բերելով երաժշտական մասնաւոր ձիրք։ Վերադառնալով Ատանա, 1918-ին մտած է տեղւոյն «Արդարեան» վարժարանը եւ ապա ուսումը շարունակած է Կեդրոնականի մէջ, ուր սոլֆէժի դասեր առած է Կ. Պօղոսեանէ։ Շարունակած է ջութակի դասեր առնել Իզմիր անցնելէ ետք։ Իզմիրի աղէտին պատճառով, կ՚ապաստանի Աթէնք։ Շրջան մը հայոց վարժարանի տնօրէն եղած է, եւ իր յամառ ջանքերուն շնորհիւ յաջողած է երաժշտանոց մտնել 1922-ին։ Հետեւած է ներդաշնակութեան, թաւջութակի եւ ձայնավարժութեան դասընթացքներուն։ Աւարտելով 1930-ին, տուած է հայկական նուագահանդէսներ։ 1932-ին անցած է Լիբանան եւ Սուրիա, համերգներ տալով իր եւ այլ երաժիշտներու գործերէն։ Հաստատուելով Պէյրութ, զարկ տուած է հայ երաժշտութեան, կազմակերպելով երգահանդէսներ եւ նուագահանդէսներ հարիւրէ աւելի մասնակցողներով։ Երաժշտութիւն դասաւանդած է Հ.Բ.Ը. Միւթեան զանազան վարժարաններուն, ինչպէս եւ Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ։

1961, 1978 եւ 1982 թուականներուն հեղինակային համերգներով այցելած է Խորհրդային Հայաստան։ 1981-ին ստացած է Հայաստանի Երգահաններու Միութեան Կոմիտասի անուան մրցանակը։

Գործեր Խմբագրել

  1. Մեներգներ.- 175է աւելի մեներգներ գրած է։
  2. Օփէրաներ.- «Արեգնազան», «Շողիկը եւ Թիթեռ»
  3. Խմբերգներ.- 145 խմբերգներ ունի
  4. Ջութակի եւ Դաշնակի կտորներ.- 6 ջութակի եւ 15 կտոր դաշնակի համար
  5. Օրաթորիօ.- Գրուած է Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածին
  6. Քոնչերթօ.- Զելլոյի Քոնչերթօ եւ ջութակի քոնչերթօ։

Իր գլուխ գործոցներէն է «Խորհուրդ Վարդանանց» Օրաթորիոն[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ էջ 184-185։