Ներսէս Շահպաղլեան

Ներսէս Շահպաղլեան ծնած է (1882, Վան - 5 Սեպտեմբեր, 1915, Մուշ), հայ բժիշկ։

Ներսէս Շահպաղլեան
Ծնած է 1882
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 5 Սեպտեմբեր 1915(1915-09-05)
Մահուան վայր Մուշ
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրթութիւն Կ. Պոլ­սի Օս­մա­նյան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն ռազմական բժիշկ, վիրաբուժ
Աշխատավայր Մու­շի զին­վո­րա­կան հիւան­դա­նո­ց

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1882 թուականին Վա­նի մէջ։ Ծնողները հաւանաբար եղած են Վանի մերձակայ Շահպաղի գիւղէն, որտեղէն ծագած է ազգանունին։

Նախնական ուսումն ստացած է ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ։ Աուարտած է Վանի համբաւաւոր դաստիարակ Համբարձում Երամյանի բարձրագոյն վարժարանը։ 1912 թուականին աուարտած է Կ. Պոլսի Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։

1914 թուականին` Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսելուն պէս, զորակոչուած է օսմանեան բանակ եւ Մու­շի զինւորական հիւանդանոցին մէջ ծառայած է որպէս զինւորական բժիշկ-վիրաբուժ։ 1915 թուականին միաժամանակ եղած է Մուշի թաղապէտը։

1915 թուականի սեպ­տեմ­բե­ր 5-ին, երբ արդէն կ'ընդանային Մուշի հայերու տեղահանութիւնն ու ջար­դը, աշխատանքային ընկեր, Մուշի քաղաքապետական հայատյաց թուրք բժիշկ Ասաֆը երեկոեան մաուզերը թիկունքին բռնած այցելած է Ներսէսին եւ երբ վերջինս անոր դիմաւորելով պատրաստուաղ է հիւրասիրէլ, Ասաֆը մաուզերով դիմահար կրակած է սանդուղքին կանգնած բժշկին կուրծքին ու սպանած է անոր` 33 տարեկանին։ Այս դեպքին ականատես եղած է Մուշի զինւորական հիւանդանոցի վերատեսուչ, ազգութեամբ հաւանաբար հույն բժիշկ Փեթրաքի Պէյը, որ սակայն որեւէ կերպով չէ արձագանքած տեղի ունեցած դէպքը։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Կա­րո­յե­ան Գաս­պար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պօսթն, 1957։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէ­ո­դիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, ապրիլ 24, 1985։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնէն, Երեւան, 1990։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։