Ներսէս Վիրապեան
Ներսէս Վիրապեան, ծնած է Լիբանանի Պուրճ-Համուտ քաղաքին մէջ։ Յաճախած է նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական վարժարանը մինչեւ եօթներորդ դասարան։ Այնուհետեւ նետուած է կեանքի ասպարէզ Սակայն կարդալու բուռն փափաքը զինքը կը մղէ ընթերցումի։ 1952-ին կը ծանօթանայ Պօղոս Սնապեանին հետ եւ անոր առաջնորդութեամբ կը սկսի գրական փորձերուն։ 1968-ին կը հրատարակէ Նոյն Թաղի Մարդիկ պատմուածքներու հատորը։
Ներսէս Վիրապեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Լիբանան՝ Պուրճ Համուտ |
Ազգութիւն | Հայ |
Աշխատավայր | Գրագէտ |
1969-ին կը հաստատուի Գալիֆորնիոյ Թորէնս քաղաքը եւ կը վկայուի այդ քաղաքին հայսքուլէն, 1975-ին
Գործեր
ԽմբագրելԵրկրորդ Արար (1979), Թուղթ Ծննդոց (1986) եւ Հայ Ժողովուրդին Ծագումը (Լոս Անճելըս, 1993):
Ն. Վիրապեանի պատմուածքները մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն իրենց ժողովրդականութեամբ, բնականութեամբ եւ դէպքերու շահեկանութեամբ։ Հեղինակը վարպետօրէն կը ցուցադրէ իր ստեղծած հերոսներուն թերի կողմերը, գործածելով սրամիտ ու կենսունակ ոճ մը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։