Նիհիլիզմ
Նիհիլիզմ (լատ.՝ nihil՝ ոչինչ) փիլիսոփայական ուսմունք, որ կը բացառէ կեանքի ենթադրելի իմաստի գոյութիւնը։ Աւելի յաճախ նիհիլիզմը կ'արտայայտուի գոյացական (existential) նիհիլիզմով, որու համաձայն կեանքը չունի որեւէ առարկայական նպատակ, իմաստ եւ արժէք[1]։ Բարոյական նիհիլիզմը կը համարուի, որ գոյութիւն չունի սերունդէ սերունդ փոխանցուող բարոյականութիւն եւ որեւէ ձեւաւորուող բարոյական արժէք մտացածին բնոյթ կը կրէ։ Նիհիլիզմը կրնայ ընդունիլ նաեւ հմտաբանակ (epistemologica) կամ էաբանական (ontological) ձեւեր, պնդելով, որ որոշակի առումով իմացութեան գոյութիւնը հնարաւոր չէ կամ որ իրականութիւնը փաստացի գոյութիւն չունի։
Սահմանումը յաճախ կ'օգտագործուի զարտուղութեան հետ յարաբերութեան մէջ՝ գոյութեան անիմաստութիւնը զգալէն յառաջացող ընդհանուր հիասթափութեան վիճակը բացատրելու նպատակով, երբ մէկը կը հասկնայ կանոններու, օրէնքներու եւ տիպարներու անհրաժեշտութեան աւելորդութիւնը[2]։ Ֆութուրիզմը (Futurism), Քայքայումը (deconstructionism) [3] եւ այլ շարժումներ տարբեր ժամանակներու մէջ եւ տարբեր բնագիրներով բնորոշուած են որպէս նիհիլիսթիք։
Նիհիլիզմը օգտագործուած է նաեւ տարբեր ժամանակաշրջանները բնութագրելու համար, օրինակ՝ Ժան Պոդրիլար եւ ուրիշներ ապագայապաշտութիւնը անուանած են նիհիլիստիք ժամանակաշրջան[4]։ Որոշ քրիստոնեայ աստուածաբաններ եւ կրօնական այլ հեղինակութիւններ կը պնդեն, որ ապագայապաշտութիւնը[5] եւ արդիապաշտութիւններու այլ տեսակէտ[3] կը բացառեն միաստուածութեան գաղափարը, որ իր հերթին նիհիլիզմ կը յառաջացնէ։
Սահմանումին յառաջացման պատմութիւնը
ԽմբագրելՄիջին դարերուն մէջ գոյութիւն ունէր նիհիլիզմի ուսմունքը, որ բանադրանքի կ'ենթարկուի Ալեքսանտր Գ. կողմէ 1179-ին։ Նիհիլիզմի ուսմունքը, որ սխալմամբ կը վերագրաւէր Պետրոս Լոմպարտացին, կը ժխտէր Քրիստոսի մարդկային բնոյթը։
Արեւմտեան փիլիսոփայութեան մէջ «նիհիլիզմ» սահմանումը կը ներմուծէ գերմանացի գրող ու փիլիսոփայ Ֆ. Հ. Յակոբի (Friedrich Heinrich Jacobi )։ Այդ հասկացութիւնը օգտագործած են մեծ թիւով փիլիսոփաներ։ Søren aabye kierkegaard նիհիլիզմի սկզբնաղբիւր կը համարէր քրիստոնէութեան ճգնաժամն ու Ֆրէտէրիք Նիցչէի (friedrich nietzsche) «գեղագիտական» աշխարհընկալման տեսութեան տարածումը (համաձայն այդ տեսութեան, Աստուած եւ կրօնական հաւատքը թուացեալ ու կարգավիճակէն զուրկ երեւոյթներ են՝ «Աստուած մահացած է»)։ Օզուըլտ Սփենկլըր (Oswald Arnold Gottfried Spengler) նիհիլզմը կ'անուանէ ժամանակակից Եւրոպական մշակոյթի բնորոշ գիծ։ Այդ մշակոյթը, անոր խօսքերով, «մայրամուտ» եւ «հին արժէքներու մերժում» կ'ապրի, ինչ որ պատճառ կը հանդիսանայ, որ անիկա զարգացման աւելի բարձր մակարդակներու չհասնի։ Մարթին Հայտեկըր (Martin heidegger) Նիհիլիզմը կը դիտարկէր, որպէս արեւմուտքի պատմութեան գլխաւոր շարժում, որ կրնայ հանգեցնել համաշխարհային ողբերգութեան։
Նիհիլստները կ'առաջնորդուէին հետեւեալ գաղափարներով.
- Չկայ (անվիճելի) համընդհանուր արարիչի կամ կառավարիչի վերաբերող գիտակից ապացոյց։
- Անհատական բարոյականութիւն գոյութիւն չունի։
- Կեանքը, ընդհանուր առմամբ, չունի ճշմարտութիւն, եւ ոչ մէկ գործողութիւն միանշանակ ճիշդ կամ սխալ չի կրնար ըլլալ բոլորին համար։
Նիհիլիզմի տեսակները
ԽմբագրելՆիհիլիզմը ունի տարբեր իմաստներ եւ կ'օգտագործուի տարբեր փիլիսոփայական տեսակէտներ բացատրելու նպատակով։ Կը տարբերին նիհիլիզմի հետեւեալ տեսակները՝
- Մեթաֆիզիքական նիհիլիզմը (metaphysical nihilism) փիլիսոփայական տեսութիւն է, որու համաձայն իրականութեան մեջ առարկաներու գոյութիւնը անհրաժեշտ չէ։
- Իմացաբանական նիհիլիզմը (epistemological nihilism) կրնայ ընդունուիլ, որպէս սկեպտիկանութեան (scepticism) ծայրահեղ ձեւ, որուն համաձայն ճշմարիտ ճանաչողութիւն գոյութիւն չունի[6]։
- Մերեոլոգիական նիհիլիզմը (mereological nihilism) տեսակէտ մըն է, որու համաձայն մասերէ կազմուած առարկաներ (ինչպէս տարածական, այնպէս ալ ժամանակի մէջ գոյութիւն ունեցող առարկաները) գոյութիւն չունին։
- Գոյապաշտ նիհիլիզմը (existential nihilism) տեսակէտ մըն է, որու համաձայն կեանքը որեւէ իմաստ եւ արժէք չունի։ Գոյապաշտ նիհիլիզմը կը պնդէ, որ մարդը կամ նոյնիսկ բոլոր մարդիկ միասին տիեզերքի համեմատ որեւէ նշանակութիւն չունին։ Կեանքի անիմաստութեան գաղափարը շատ յաճախ կը հանդիպի գոյապաշտական դպրոցներու մէջ։
- Բարոյական նիհիլիզմը (moral nihilism) կը բացառէ բարոյականութեան գոյութիւնը, գոյութիւն չունին բարոյական եւ ոչ բարոյական արժէքներ։
- Քաղաքական նիհիլիզմը (political nihilism) անհրաժեշտ չի համարեր քաղաքական եւ հասարակական բազմաթիւ կառոյցներու գոյութիւնը, ինչպիսիք են կառավարութիւնը, ընտանիքը եւ օրէնքը[7]։
Նիհիլիզմը հոգեբաններու ուսումնասիրութիւններուն մէջ
ԽմբագրելԷրիք Ֆրոմը (Erich fromm) կ'առաջարկէր նիհիլիզմը հոգեբանական պաշտպանութեան տեսակ մը համարել։ Ան կը կարծէր, որ մարդու կեդրոնական խնդիրը սեփական գոյութեան մասին ունեցած մարդու ներքին կարծիքն է, հակասութիւնն է «աշխարհի մէջ իր դերին» նկատմամբ եւ այն, որ մարդ ինքզինք վեր կը համարէ բնութենէն, քանի որ կրնայ ճանչնալ ինքզինք։ Ֆրոմ կը պնդէ, որ մարդու զարգացումը տեղի կ'ունենայ երկու հիմնական ձգտումներու ձեւաւորման իբրեւ արդիւնք. դէպի ազատութիւն, եւ դէպի օտարացման ձգտում։ Մարդու զարգացումը աւելի յաճախ կ'ընթանայ «ազատութեան» ձգտման ուղղութեամբ, բայց իւրաքանչիւր մարդ չի կրնար օգտուիլ անկէ, սեփական օրկանիզմին մէջ յառաջացած հոգեկան ապրումները կը ստիպեն անոր երթալ «օտարացման» ուղղութեամբ։ Իբրեւ արդիւնք մարդը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը (կամ Եսը)։ Կը յառաջանայ պաշտպանական մեքենականութիւն մը՝ «փախուստ ազատութենէն», որու բնորոշ են սադիզմի (sadism) ու մազոխիզմի (masochism) տարրերը, քայքայում (destructivism) , մարդու աշխարհը աւերելու հակում, անմիջականօրէն՝ քոնֆորմիզմ (Conformisme)։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Internet Encyclopaedia of Philosophy
- ↑ Macmillan, 1967, Vol. 5, "Nihilism", 514 ff, p. 515.
- ↑ 3,0 3,1 Phillips Robert (1999)։ «Deconstructing the Mass»։ Latin Mass Magazine (Winter)
- ↑ Woodward, Ashley: Nihilism and the Postmodern in Vattimo's Nietzsche Archived 2010-04-05 at the Wayback Machine., ISSN 1393-614X Minerva - An Internet Journal of Philosophy, Vol. 6, 2002, fn 1.
- ↑ For example, Leffel Jim; Dennis McCallum։ «The Postmodern Challenge: Facing the Spirit of the Age»։ Christian Research Institute։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-08-19-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-03։ «…the nihilism and loneliness of postmodern culture...»
- ↑ Internet Encyclopedia of Philosophy
- ↑ L. Strauss, “German Nihilism”, Interpretation 26 (3) (1999): pp. 353-378.