Նոպէլեան Թանգարան


Նոպէլեան թանգարան (շուէտ.՝ Nobelmuseet), կը գտնուի նախկին սակարանի շէնքին մէջ (Börshuset), կեդրոնական Սթոքհոլմի հին քաղաքին՝ Կամլա Սթանի (թարգմանաբար՝ Հին Քաղաք) Սթուրդորետ (Մեծ Հրապարակ) հրապարակի հիւսիսային կողմը: Նոյն շէնքին մէջ կը գտնուին նաեւ Շուէտական ակադեմիան եւ Նոպէլի գրադարանը: Նոպէլեան թանգարանին մէջ կը պահուին տեղեկութիւններ Նոպէլեան մրցանակի եւ Նոպէլեան մրցանակակիրներու, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ մրցանակի հիմնադիր Ալֆրէտ Նոպէլի (1833–1896) մասին: Թանգարանի մշտական ցուցադրութեան մէջ ներառուած են Նոպէլեան դափնեկիրներու կողմէ նուիրաբերուած բազմաթիւ նմոյշներ, որոնք ներկայացուած են անոնց կենսագրութիւններուն հետ միասին[2]:

Նոպէլեան Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Շուէտ
Տեղագրութիւն Սթոքհոլմ
Վայր Կամլա սթան
Նստավայր Սթոքհոլմ, Շուէտ
Հասցէ Stortorget 2, 103 16 StockholmStortorget?
Հիմնադրուած է 1 Ապրիլ 2001[1]
59°19′31″N 18°04′15″E / 59.3252155°N 18.0708309°E / 59.3252155; 18.0708309
Կայքէջ nobelprizemuseum.se
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Նոպէլեան թանգարանը Սթոքհոլմի մէջ

Նոպէլեան թանգարանը բացուած է 2001-ի գարնան՝ Նոպէլեան մրցանակի 100-ամեակի առիթով: Ըստ թանգարանի յայտարարութեան, թանգարանին նպատակն է վառ պահել Նոպէլեան դափնեկիրներու եւ անոնց ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ Նոպէլեան մրցանակի եւ Ալֆրէտ Նոպէլի յիշատակը: Այս նպատակին հասնելու համար թանգարանը կ՛առաջարկէ ցուցահանդէսներ, շարժանկարներ, թատերական ներկայացումներ եւ գիտութեան վերաբերող բանավէճեր. ի լրումն գինետան եւ խանութի: Թանգարանային ցուցահանդէսներուն ներկայացուած են անուանի Նոպէլեան դափնեկիրներ, ինչպիսին են՝ Մարի Քիւրին, Նելսոն Մանտելան, Ուինսթըն Չըրչիլը[3][4]:

Թանգարանին մէջ յաճախ կը կազմակերպուին ստեղծագործական ցուցահանդէսներ, ինչպիսին են՝ «Գիտութեան ուրուագիծեր», 42 Նոպէլեան դափնեկիրներու լուսանկարներու ցուցահանդէս, որոնք լուսանկարուած են իրենց Նոպէլեան յայտնագործութեան ուրուագիծով: Այս ցուցահանդէսը ներկայացուած է նաեւ աշխարհի այլ վայրերու՝ Տուպայի եւ Սինկափուրի մէջ[5][6]:

 
Նախորդ ցուցահանդէսներու ընթացքին Նոպէլեան թանգարանին մէջ ներկայացուած ֆուլլերէնի ձեւը

Այցելուները կրնան այցելել յուշանուէրներու խանութ, ուր կան Ալֆրէտ Նոպէլի եւ Նոպէլեան թանգարանին վերաբերեալ իրեր: Ամենատարածուած իրերէն մէկը Ալֆրէտ Նոպէլի ոսկիէ մետալն է, որ պատրաստուած է մուգ տուրմէ: Միւսը շուէտական «տինամիդ» քաղցրաւենիքն է, որ համեմուած է jalapeño պղպեղով: 2011-ին յուշանուէրներու խանութը համագործակցած է նկարիչ Արտան Մանսուրիի հետ։ Այս համագործակցութեան արդիւնքը եղած է նկարներու շարք մը, որ կը խորհրդանշէ Ալֆրէտ Նոպէլի կեանքը: Նաեւ, խանութը կ՛առաջարկէ կրթական շատ խաղալիքներ երեխաներու համար, գիրքեր Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներու կողմէ եւ անոնց մասին, ինչպէս նաեւ եզակի իրեր, զորս կարելի է գտնել միայն Նոպէլեան թանգարանի խանութին մէջ[7][8]:

Թանգարանին մէջ կը գործէ նաեւ Նոպէլ գինետունը, ուր կան Նոպէլեան տուրմ, շուէտական թխուածքներ, ինչպէս նաեւ ճաշ ու ընթրիք: Գինետան մէջ կը մատուցուի նաեւ Նոպէլեան պաղպաղակ, որ կարելի է համտեսել միայն Նոպէլեան գինետան մէջ։ Նոպէլեան պաղպաղակի հետ կատարեալ է Նոպէլեան թէյը, որը սովորաբար ամէն տարի կը մատուցուի Նոպէլեան խնճոյքի ժամանակ[9][10]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. https://twitter.com/NobelMuseum/status/579946552787103744
  2. «Stockholm’s Free Museums: The Nobel Museum»։ stockholmonashoestring։ արտագրուած է՝ November 1, 2017 
  3. «Nobelmuseet»։ routesnorth.com։ արտագրուած է՝ November 1, 2017 
  4. «The Nobel Museum»։ stockholm.com։ արտագրուած է՝ November 1, 2017 
  5. «“Sketches of science”»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-13-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-25 
  6. «About the Nobel Museum»։ Nobel Museum։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-02-ին։ արտագրուած է՝ 2007-03-18 
  7. «Nobel Creations»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-30-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-25 
  8. «Nobel Museum Gift Shop»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-25 
  9. «Bistro Nobel»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-30-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-25 
  10. «The Nobel Museum»։ vikingline.com։ արտագրուած է՝ November 1, 2017 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել