Նոր Արաբկիր (թերթ)
«Նոր Արաբկիր», տեղեկատու, ամերիկաբնակ արաբկիրցիներու միութեան կեդրոնական վարչութեան, ապա՝ «Արաբկիր» միութեան կիսամսեայ պաշտօնաթերթ։ Լոյս տեսած է 1925-1974 թուականներուն, միութեան նստավայրերի՝ Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիայի, Ուոթերթաունի, Պոսթընի մէջ։ Խմբագիր՝ Գ. Գալստեան։ Հրատարակած է միութեան տեղեկագրեր, պատգամաւորական ժողովներու արձանագրութիւններ, որոշումներ, բանաձեւեր, Հայաստան այցելած սփիւռքահայ գործիչներու տպաւորութիւններ։
Ծանօթացուցած է Արաբկիրի պատմական անցեալին, արաբկիրցիներու կենցաղին ու աւանդոյթներուն։ Գրական բաժնին մէջ տպագրած է սփիւռքահայ գրողներու եւ պատմաբաններու գործեր։