Նոր Մալաթիա (թերթ)
«Նոր Մալաթիա», տեղեկատու պարբերաթերթ։ Մալաթիոյ կրթասիրաց ընկերութեան հրատարակութիւն[1]։
Նոր Մալաթիա | |
---|---|
Տեսակ | պարբերաթերթ |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | 1939 |
Հիմնադիր | Մալաթիայի Կրթասիրաց Ընկերութիւն |
Պատմութիւն
ԽմբագրելԼոյս կը տեսնէ 1939 թուականէն՝ յաջորդաբար՝ Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Փութաքեթի, 1975 թուականէն՝ Ուստրի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Վարդանուշ Փապուճեան, Յակոբ Ուրլեան, Տոնապետ Տոնապետեան, Պետրոս Զօպեան, Ոսկան Յովհաննէսեան։
Կը լուսաբանէ ընկերութեան եւ անորմասնաճիւղերու աշխատանքները, կը տպագրէ մալաթիացիներու կենցաղին ու սովորոյթներուն վերաբերող նիւթեր։ Ունի անգլերէն բաժին (1978 թուականէն)։