«Նոր Յոյս», շաբաթաթերթ։

Նոր Յոյս
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1935

Պատմութիւն

Խմբագրել

Լոյս տեսած է 1935-1936 թուականներուն Իսթամպուլի մէջ։ Յաջորդած է «Նոր լոյս» («Նոր լոյս», 1933-1934) պարբերականին։ Տնօրէնը եղած է Գրիգոր Մակարը, խմբագիրը՝ Օննիկ Չաթալեանը։

Տպագրած է տեղեկութիւններ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններու, համաշխարհային եւ հայ կինոարուեստի ու թատրոնի մասին, մարզական լուրեր։

«Ուղեւորութիւն մը դէպի խորհրդային երկիր» ծաւալուն ճանապարհորդական նոթերուն մէջ ներկայացուցած է Խորհրդային Հայաստանի առօրեան։ Անդրադարձած է նաեւ կենցաղավարութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, նորաձեւութեան եւ այլ հարցերու։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։