Նոր Տիգրանակերտ
«Նոր Տիգրանակերտ», տեղեկատու հանդէս։ Տիգրանակերտի հայրենակցական եւ վերաշինաց միութեան կեդրոնական վարչութեան հրատարակութիւն[1]։
Նոր Տիգրանակերտ | |
---|---|
Տեսակ | պարբերաթերթ |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | 1918 |
Պատմութիւն
ԽմբագրելԼոյս տեսած է 1918-1940 թուականներուն Պրուքլինի, ապա՝ Նիւ Եորքի մէջ։ Խմբագիրները եղած են Եղիշէ Տեպաշեան, Հ. Ստամպոլեանը։
Լուսաբանած է միութեան եւ մասնաճիւղերու աշխատանքները, համագործակցած ՀՕԿ-ի ընդհանուր վարչութեան հետ, հրապարակած միութեան պատգամաւորական ժողովներու նիւթերը, յանձնարարականներ, հանգանակութիւններու ցուցակներ եւ այլն։ Նպաստած է հայաստանաբնակ եւ սփիւռքաբնակ տիգրանակերտցիներու միջեւ կապերու հաստատման, աջակցած է ներգաղթին։
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
ԽմբագրելԱյս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ |