Նուպար Չարխուտեան
Նուպար Չարխուտեան, սփիւռքահայ գրող։
Նուպար Չարխուտեան | |
---|---|
Ծնած է | 1920 |
Ծննդավայր | Մարաշ, Կիլիկիա |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ազդուած է | Հայ |
Ծնած է Մարաշ (Կիլիկիա), 1920-ին։
Նախակրթութիւնը առաջին երեք տարիները Հալէպի մէջ բոլորելէ ետք, 1929-ին ընտանիքին հետ կը հաստատուի Դամասկոս։ Ֆրանսացի կրօնաւորներու երկրորդական վարժարանի դասընթացքը աւարտելէ վերջ 1936-ին, հօրը մահուան հետեւանքով հարկադրաբար կ'ընդմիջէ ուսումը։ Մինչեւ 1949 ուսուցչական, հաշուապահական եւ շրջուն քննիչի պաշտօններ վարելէ ետք Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ, գրականագիտական պատրաստութիւն կը ստանայ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ եւ Լիոնի համալսարաններէն։
Միջնակարգ ուսման տարիներուն, գրական իր առաջին փորձերը կատարած է ֆրանսերէնով։ Երկար ատեն ֆրանսերէնը եղած է գրական իր լեզուն, որովհետեւ տարրական քանի մը տարիներու ընթացքին սորված հայերէնը գրեթէ մոռցած էր, երբ ընթացաւարտ կ'ըլլար ֆրանսական երկրորդական վարժարանէն։
Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին Պէյրութի մէջ կը հրատարակէ ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը՝ Poemes, 1949-ին երկրորդը՝ Salome, իսկ 1953-ին՝ Berceuses pour les cadavres:
1952-ին, հայերէնով իր թարգմանածոյ եւ ինքնագիր պատմուածքները, բանաստեղծութիւններն ու գրական յօդուածները կը սկսին երեւիլ նախ Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին, ապա սփիւռքեան պարբերական եւ առօրեայ մամուլին մէջ։
Ֆրանսերէն եւ ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդած է հայ թէ օտար վարժարաններու, ինչպէս նաեւ Անթիլիասի եւ Զմմառի դպրեվանքերուն մէջ։ Հայերէնով իր քերթողական ու արձակ ստեղծագործութիւններուն կարեւոր մէկ մասը հրատարակած է հետեւեալ հատորներով. «Կայէն՝ անմեղը», «Օրօր՝ դիակներու վրայ», «Արդարներու ոճիրը», «Ունայնութեան ափերը», «Աստղերն ալ կը մեռնին» եւ «Քաղաքը՝ ուր Նարեկ չկայ»։[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։