Շահէ Աւագ Քհնյ. Մասոյեան

(Վերայղուած է Շահէ Ա. Քհնյ. Մասոյեան-էն)

Շահէ Ա. Քհնյ. Մասոյեան (1922, հալէպ- 2004, Հալէպ), ուսուցիչ, դերձակ եւ դպրապետ։

Շահէ Ա. Քհնյ. Մասոյեան
Ծնած է 1922
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 2004
Աշխատավայր ուսուցութիւն, դպրապէտ եւ դերձակ
Ամուսին Աշճեան Յակոբի ու Մարիի դուստր՝ օրդ. Ժանէթ
Ծնողներ Պաղտասար եւ Լուսիա
Երեխաներ Վրէժ, Յակոբիկ, Պաղտիկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Աւազանի անունով՝ Յակոբ, որդի Պաղտասարի եւ Լուսիայի, ծնած է Հալէպ, 1922-ին։ Նախնական ուսումր ստացած է նախ Մեսրոպեան եւ ապա Հայկազեան եւ Ուսումնասիրած Վարժարաններուն մէջ։ Շրջանաւարտ եղած է 1937-ին։

Հակառակ ուսումնատենչ ըլլալուն, ան նիւթական պատճաոներով չէ կրցած բարձրագոյն ուսում ստանալ Հանապազօրեայ հացի Հրամայականր զինք նետած է գործնական կեանքի մէջ։ Ան հեւտեւած է դերձակութեան 1938-1958 թուական։ Արհեստը սորուելէ ետք, ձեռնարկած է ազատ գործի ու ժամանակ մը ետք ունեցած է սեփական խանութ։ Ան աոօրեայ աշխատանքներուն զուգահեո, կարեւորութիւն տուած է եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան։ Փոքր տարիքէն, ամէն կիրակի իր Հօր աոաջնորդոթեամր յաճախած է եկեղեցի։ Հետագային, մաս կազմածէ դպրաց դասին նախ Գրիգոր Լուսաւորիչ ել ապա Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներուն մէջ։ Տարիներու ընթացքին, եկեղեցասիրութիւնը զինք աոաջնորդած է ինքնաշխատութեամր սորվելու պատարագի երգեցողութիւնը ու շարականները։ Փորձաոութիւնը զինք օժտած է ինքնավստահութեամբ ու դպրաց դաս կառավարելու կարողութեամբ։ Այնքանոր, ան հրաւէր ստացած է դպրապետութեան պաշտօն վարելու։

Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրապետ նշանակուած է ու ձեոնահասորէն հինգ տարի վարած է այդ պաշտօնը, կազմակերպեւլով դպրացդասը։ Տարիներու խնայողութեամր պատրաստուած է ամուսնութեան։ Ընտրած է իր կեանքի ընկերը Աշճեան Յակոբի ու Մարիի դուստրը՝ օրդ. Ժանէթը, որուն հետ պսակուած է 22 Մայիս 1955-ին, ձեռամր Տ. Զարմայր Ա. Քհնյ. Հինտոյեանի, Ս. Քառասնիդ Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ունեցած է երեք մանչ զաւակներ՝ Վրէժ, Յակոբիկ եւ Պաղտիկ։ Ան կարեւորութիւն տալով կրօնաբարոյական դաստիարակութեան, չորս տարի շարական դասաւանդած է Ս. Գէորգ էկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ։

1958-ին, երբ տեղափոխուած կ Դամասկոս, ուսուցչութեան պաշտօն վարելու հրաւէր ստացածէ։ 1958-1961 տարիներուն պաշտօնավարած է Ազգ. Թարգմանչաց Վարժարանին մէջ։ 1961-1965 տեդւոյն Հայ Աւետ. Վարժարանին մէջ ուսուցչութեան կոդքին վարած է դպրապետութեան պաշտօն Ս. Սարգիս էկեդեցւոյ մէջ։ Դպրոցի ու եկեղեցւոյ առընթեր, ան եօթ տարի ծառայած է Դամասկոսի կիրակնօրեայ վարժարանին, նոր սերունդին սորվեցընելով մեր եկեղեցւոյ շարականները։ եկեղեցւոյ, դպրոցին ու կիրակնօրեային մատուցած տարիներու ծառայութիւնը, ժամանակի ընթացքին իր մէջ արթնցուցած է քահանայ ձեռնադրուելու բուռն փափաքը։ 1961-ին, իր փափաքը դիմումնագրով ներկայացուցած է բերիոյ Թեմի Առաջնորդ սրբազանին ու կրօնական Ժոդովին։ իր թեկնածութիւնը ընդունուած է, սակայն թելադրուած՝ որ սպասէ մինչեւ ոը Հալէպի մէջ քահանայի կարիքը ունեցող եկեղեցի մը գտնուի։ 1965-ին, երբ Ս. Վարդան եկեդեցին քահանայի կարիքը կ՝ ունենայ, թաղականութիւնը դիմած է Առաջնորդին։ Արբազան Հօր ու կրօնական ժողովի որոշումով ճշդուած են թեկնածուին ձեռնադրութեան թուականն ու եկեդեցին։ քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Ղեւոնդ Ս. Արք. Չէպէեանի, 7 Մաըտ 1965-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, խարտաւիլակութեամբ Տ. Գարեգին Ա. քհնյ, Քիրազեանի, վերակոչուելով Տ. Շահէ։ Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք, Առաջնորդին տնօրինութեամբ Տէր Հայրը հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Տաւուտիէի Ս. Վարդան Եկեղեցիւոյ ու Վարդանեան Վարժարանի համար՝ ուսուցիչ։

1965-1975 պաշտօնավարած է եկեղեցւոյ ու ղպրոցին մէջ, միաժամանակ ծառայելով կիրակնօրեայ դպրոցին։ Ան օգտակար դարձած է եկեղեցւոյ ու դպրոցին։ Մեծ կարեւորութիւն տուած է դպրաց դասին, կազմակերպած է զայն եւ շարականներ սորվեցուցած դպիրներուն։ Բայց ափսոս, որ տեղւոյն շէն ու կենսունակ գաղութը հետզհետէ նօսրացած է եւ շրջանը պարպուած է հայութենէն։ Այս պայմաններուն մէջ անկարելի կ՝ ըլլայ պահել եկեղեցին ու դպրոցը։ Տէր Հօր փափաքով եւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի տնօրինութեամբ, Տ. Շահէն տեղափոխուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, 13 Յուլիս 1975-ին։ Այս եկեղեցւոյ մէջ իր գործակիցները եղած են Տ. Ղեւոնդ Ա. քնյ, Ագթաւուգեան, Տ. Աահակ քհնյ. Արապաթլեան, Տ. Յուսիկ քհնյ, Աեդրակեան, ապա՝ Տ. Տաթեւ քհնյ. Միքայէլեան ու Տ. Մաշտոց քհնյ, Արապաթլեան։

Հոս իր պաշտօնավարութիւնը, ժամանակի ընթացքին մոռցնել տուած է իրեն նիւթական համեստ պայմաններու մէջ անցեալի տասնամեայ իր քահանայադործութիւնր։ Տարուէ տարի իր նիւթական վիճակը բարելաւուած է եւ ապրած՝ աւելի բարեկեցիկ կեանք մը։ Իր ծուխերը բազմացած են եւ ան դարձած է 530 ընտանիքներու ծխատէր քահանան։ Հակառակ ժողովական կեանքը չսիրելուն, ան վարած է վարչական պաշտօն, քանի մր շրջաններ եղած է կրօնական Ժողովի անդամ։

Առ ի գնահատանք իր տարիներու բարւոք ծառայութեան, ստացած է Լանջախաչ կրելու իրաւունք 1981-ին, Մեծի Տանն կիլիկիոյ խորէն Ա. կաթողիկոսէն եւ Ծաղկեայ սեւ փիլոն կրելու իրաւունք՝ 1989-ին եւ աւագութեան տիտղոս ու պատիւ 1995-ին՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 236։