Շահ Ռոխ Խան
Շահ Ռոխ Խան, (2 Նոյեմբեր 1965[1][2][3], Նիւ Տելհի, Հնդկաստան քաղաքին մէջ):
Շահ Ռոխ Խան | |
---|---|
| |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Badshah of Bollywood, King of Bollywood եւ King Khan |
Ծնած է | 2 Նոյեմբեր 1965[1][2][3] (59 տարեկան) |
Ծննդավայր | Նիւ Տելհի, Հնդկաստան |
Քաղաքացիութիւն | Հնդկաստան |
Կրօնք | Իսլամութիւն[4] |
Ուսումնավայր |
Դրամատիկական ազգային դպրոց? Ջամիա Միլլիա Իսլամիա? Դելիի համալսարան? |
Մասնագիտութիւն | հեռուստահաղորդավար, դերասան, հեղինակ, ժապաւէն արտադրող, պարող, շարժապատկերի դերասան, Հեռատեսիլի յայտագիրներ արտադրող, հեռատեսիլի դերասան |
Վարած պաշտօններ | ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան |
Ամուսին | Գաուրի Խան? |
Ծնողներ | հայր՝ Taj Mohammed Khan?[5], մայր՝ Lateef Fatima?[5] |
Երեխաներ | Արյան Խան?, Սուհանա Խան? եւ Աբրամ Խան? |
Շատ անգամներ անոր անունը կը կրճատեն իր անուան առաջին 3 տառերով (SRK), ան Պոլիուտեան դերասան, պարող եւ արտադրիչ է, եւ շատ նշանաւոր հնդիկ գործարար ան ունի նաեւ հնդկաստանի Քրեքիթի Գոլգաթա Նայդ Րայտըրզ խումբի գերազանցութեան իրաւունքի սեփականութիւնը: Ան կը նկատուի աշխարհի ամենահարուստ դերասաններեն մէկը, անոր հարստութիւնը կ'արժեւորուի 600$ միլիոն Ամերիկեան տոլար:
Ան իր դերասանական ասպարեզը սկսաւ 80-ական թուականներուն վերջերը մասնակցութիւն բերելով շատ մը հնդկական հեռուստացույցի հաղորդաշարներու որմէ էին «Fauji» եւ «Dariya Dil» 1988 եւ 1989, եւ անոր վերջին հաղորդաշարը եղաւ «Idiot» 1991-ին, սակայն ան իր հռչակը առաւ իր առաջին Պոլիվուտեան ֆիլմով «Deewana», որ շատ մեծ առեւտրային յաջողութիւն արձանագրեց եւ որուն պատճառով ան շահեցաւ Filmfare-ի ամենալաւ դերասանի մրցանակը, եւ այսպիսով շարունակուեցաւ անոր յաջողութիւնները շատ մը ֆիլմերու մէջ եւ ունեցաւ լայնատարած հռչակ:
1999-ին ան ուղղուեցաւ ֆիլմերում արտադրութեան եւ հեռուստացուցային ներկայացումներու Ճուհի Չաուլայի եւ բեմադրիչ Ազիզ Միրզայի հետ, ընկերակցելով Unlimited Dreams արտադրողական ընկերութեան, 2003-ին «Chalte Chalte» ֆիլմը մեծ յաջողութիւն արձանագրելէ ետք այս ընկերակցութիւնը կ'աւարտի, որմէ ետք Շահ Ռոխ Խանը կը հիմնէ իր անձնական ֆիլմերում արտադրողական ընկերութիւնը որ կոչուեցաւ Red Chillies Entertainment ընկերակցութեամբ իր կնոջ Կորի Խանի հետ. Շահ Ռոխ Խանի ֆիլմերը շատ մեծ առեւտարային յաջողութիւններ արձանագրեցին եւ ունեցան տեղական եւ համաշխարհային հռչակ, որուն ամենահռչակաւոր ֆիլմերեն եղաւ «Dilwale Dulhania Le Jayenge» (1995), «Dil To Pagal Hai» (1997), «Kuch Kuch Hota Hai»(1998), «Kabhi Khushi Kabhi Gham» (2001), «Devdas», «Veer-Zaara», «My Name Is Khan», «Chennai Express», «Happy New Year», «Dilwale» (2015), «Raees» (2017) որոնք ձգեցին որ ան դառնայ հնդկական Սինեմայի աստղերեն մէկը եւ շահի մօտաւոր 211 մրցանակ եւ 14 Filmfare-ի մրցանակ որմէ ութն ամենալաւ դերասանի մրցանակներէն է:
Շահ Ռոխ Խանը կը նկատուի իր դարու դերասանութեան առասպելներէն մէկը, որուն պատճառով ալ հնդկական մամուլը անոր անուանեց «Պոլիուտի Թագաւոր» եւ կամ շատ անգամներ «Թագաւոր Խան», Լոս Անճլոսի թերթը անոր նկարագրեց որպէս Համաշխարհային Ամենամեծ Դերասաններէն , եւ 2005-ին Հնդկաստանի կառավարութիւնը անոր պատուեց Պատմաշրի մրցանակով, հնդկական սինեմայի մէջ անոր դերակատարութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ Նիւեորքի պարբերաթերթը անոր դրաւ աշխարհի 50 ամենաշատ ազդեցիկ անձնաւորութիւններու ցանկին մէջ, այդ պատճառով թէ որքան շատ ազդեցութիւն ունի Ասիայի եւ Հնդկաստանի եւ տարբեր աշխարհի երկիրներուն մէջ ի պատիւ իր համեստութեան եւ անոր մեծ դերասանակն ձիրգին Պոլիվուտի մէջ որուն ընդհանուր արւեստի թիւը հասաւ 80 Պոլիվուտեան ֆիլմերու, 8 հեռուստացուցական հաղորդաշարներու:
Վաղ եւ Ընտանեկան Կեանքը
ԽմբագրելՇահ Ռոխ Խանը ծնած է 2 Նոյեմբեր 1965-ին, Նիւ Տելհիի մէջ,[6] Իսլամ ընտանիքի մէջ, ան իր կեանքի առաջին հինգ տարիները անցուց Մալնկորի մէջ իր մօր մեծ հօր՝ Ըֆդիխար Ահմատի հետ, որ կը նկատուէր նաւահանգիստի ամենամեծ ճարտարապետներէն մէկը:[7] Ինչ որ կը նկատուի թէ Շահ Ռոխ Խանի հոր մեծ հայրը՝ Մուհամմատը Աֆղանիստանէն էր։ Անոր հայրը Միր Դաճ Խանը կը մահանայ 1981-ին,[8] իսկ մայրը 1991-ին: Ան ամուսնացաւ Կորի Չիբըրի հետ որ Պանճապի հնդիկ կը նկատուի, եւ անոնց հարսանիքը եղաւ շատ մեծ աւանդական հարսանիք 25 Հոկտեմբեր 1991-ին:[9][10] Ունի 3 զաւակ Արիանը որ ծնած է 1997-ին,[11] Սուհանան որ ծնած է 2000-ին, իսկ 2013-ին անոնք ունեցան 3-րդ զաւակ մը որուն անունը դրին Աբրամ (Աբրահամ):
Դերասանակ Ասպարեզը
Խմբագրել1988-1992
ԽմբագրելՇահ Ռոխ Խանի առաջին դերակատարութիւնը եղաւ հեռուստացուցային հաղորդաշարի՝ «Dil Dariya»-ին մէջ, 1988-ին, սակայն ան հռչակ ստացաւ 1989-ի «Fauji» հաղորդաշարով: Ան նոյնպէս իր մասնակցութիւնը բերաւ «Umeed» (1989) եւ «Circus» (1989–90) հաղորդաշարներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անգլերէն լեզուով հեռուստացուցային ֆիլմի՝ «Which Annie Gives It Those Ones» (1989):[12] Այսույանդերձ ան երբեք չէր մտածեր ֆիլմերու մէջ դերասանութեան մասին, րորէհետեւ կը կարծէր թէ ան շատ լաւ չէր պատրաստուած դեռ:
1991-ին՝ երբ իր մայրը մեռաւ,[13] ան իր միտքը բոլորովին փոխեց, եւ Տէլհիէն փոխադրուեցաւ Մոմպէյ սկսելու իր դերասանական ասպարեզի Պոլիվուտեան ֆիլմերուն մէջ, եւ շատ քիչ ժամանակէն ան արդէն ստորագրած էր չորս ֆիլմերու պայմանագրեր: Անոր առաջին ֆիլմը Հէմա Մալինիի «Dil Aashna Hai» ֆիլմն էր,[14][15] Սակայն ան հռչակ ստացաւ «Deewana» ֆիլմի մէջ իր դերակատարութեամբ,[16] ուր կը դերակատարէր երկրորդական դեր մը Ռիշի Գաբուրի եւ Տիվիա Պհարդիի կողքին: Այս ֆիլմին մէջ իր կատարած լաւագոյն դերկատարութեան համար ան ստացաւ Filmfare-ի ամենալաւ դերասանի մրցանակը:[17] Անոր յաջորդող ֆիլմերը եղան «Chamatkar» եւ «Raju Ban Gaya Gentleman»-ը: Վերջին ֆիլմին մէջ անոր ընկերակցեցա Ճուհի Չաուլան:
1993-1994
Խմբագրել1993-ի «Darr» եւ «Baazigar» ֆիլմերուն մէջ իր ունեցած ոճրագործական դերակատրութեամբ ան գերազանցուեցաւ:[18]«Darr» ֆիլմը անոր եւ բեմադրիչ Եաշ Չոբրայի եւ իր Yash Raj Films ընկերութեան համագործակցութեան նշանն էր, Այս ֆիլմի նախադասութիւններէն մէկը որն էր «Կը սիրեմ Քեզի Ք Ք Ք Քիրան» շատ մեծ հռչակ առաւ եւ գործածուեցաւ շատ մը տեղեր: Ան այս ֆիլմով արժանացաւ Filmfare-ի ամենալաւ բացասական դերասանի մրցանակին:[19] Իսկ «Baazigar» ֆիլմին մէջ ան խաղցաւ տղու մը դերը որուն կեանքը վրեժխնդրութեամբ լեցուած էր, հետեւեալ ֆիլմը շատ մեծ տաղտուկ առաջացուց դիտողներուն մէջ, իր մէջ պարունակող սարսափելի վայրագութեան, որ կը խախտէր Պոլիվուտի չափանիշերը: Ան այս ֆիլմով ստացաւ Filmfare-ի լաւագոյն դերասանի մրցանակը, այս ֆիլմը կը նկատուէր առաջին համագործակցութիւնը Շահ Ռոխ Խանի եւ Քաճուլի, որմէ ետք հանդէս եկան բազմաթիւ ֆիլմերով:
1994-ին ան ունեցաւ երաժիշտի դերակատարութիւնը «Kabhi Haan Kabhi Naa» ֆիլմին մէջ, որմէ ետք արտայատուեցաւ թէ այս դերակատարութիւնը իր ամենասիրածն է: Այս ֆիլմին պատճառով ան արժանացաւ Filmfare-ի լաւագոյն դերակատրութեան մրցանակին: Նոյն տարին ան ստացաւ Լաւագոյն բացասական դերասանի մրցանակը «Anjaam» ֆիլմով, որուն դերակատրաներէն էին Մատհուրի Տիքշիդ եւ Տիբաք Դիճորի:
1995-1998
Խմբագրել1995-ին Շահ Ռոխ Խանը փայլեցաւ 7 ֆիլմերով, որուն առաջինն էր Ռաքիշ Ռոշանի Մելոտրամական ֆիլմը որն էր «Karan Arjun», անոր հետ դերասանեցին Սալման Խանը եւ Քաճուլը եւ ֆիլմը հանդիսացաւ այդ տարուայ ամենաբարձր նուաճումներ ձեռք բերող ֆիլմերէն մէկը:[20] Նոյն տարուայ անոր երկրորդ մեծ գործերէն էր բեմադրիչ Ատիդիա Չոփրայի, «Dilwale Dulhania Le Jayenge» ֆիլմը, անոր հետ կ'ընկերակցէր Քաճուլը որ ֆիլմի հերոսուհին էր։ Անոր դերը եղաւ հնդիկ տղու մը դերը որ կ'ապրէր օտար երկրի մէջ եւ կը ծանօթանայ Քաճուլի կատարած անձնաւորութեան դէպի Եւրոպա պտոյտի ժամանակ: Ֆիլմը հռչակուեցաւ որպէս լաւագոյն եւ ամենաշատ ընդունելիութիւն գտնող ֆիլմը, ինչ որ կը վերաբերի դրամական մուտքերուն՝ ֆիլմը վաստակեց աւելի քան ₹1.22 Պիլիոն ,(18 միլիոն ամերիկեան տոլար)[21] աշխարհի չորս կողմերէն,հնդկական սինեմայի պատմութեան մէջ ան կը նկատուի ամենաշատ ցուցադրուած ֆիլմերէն մէկը, ան տակաւին կը ցուցադրուէր Մոմպէյի Մարդա Մունտիր բեմին վրայ՝ ֆիլմի առաջին ցուցադրութեան 1000 շաբաթներ ետք՝ 2015-ի սկիզբները:[22][23] Ֆիլմը ստացաւ տասը մրցանակներ, որմէ էին Շահ Ռոխ Խանի երկրորդ Filmfare-ի Լաւագոյն Դերասանի մրցանակը:
1996-ին Շահ Ռոխ Խանի ֆիլմերը առեւտրային ձախողութիւն ունեցան, սակայն յաջորդ տարին, «Yes Boss» ֆիլմը ձգեց որ ան շահի տարուայ լաւագոյն Դերասանի մրցանակը, հետեւեալ ֆիլմի հերոսուհին որ ընկերակցեցաւ Շահ Ռոխ Խանի Ճուհի Չաուլան էր:
1997-ին ան դերակատարեց երաժիշտի դերը «Pardes» ֆիլմին մէջ։ Նոյն տարին ան երկրորդ անգամ ընկերակցեցաւ Եաշ Չոբրային «Dil To Pagal Hai» ֆիլմով, դերակատարութեան անոր ընկերակցեցան Մատհուրի Տիքշիդ եւ Գարիշմա Գաբուրը, ֆիլմը մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ այսպիսով Շահ Ռոխ Խանը ձեռք բերաւ իր երրորդ Տարուայ Filmfare-ի Լաւագոյն Դերասանի մրցանակը:
1998-ին ան հանդէս եկաւ զոյգ անձնաւորութիւններ ներկայացնելով մէկ ֆիլմի մէջ, ֆիլմը կը կոչուէր «Duplicate», անոր ընկերակցեցան Ճուհի Չաուլան եւ Սոնալի Պանտր: Ֆիլմը շատ մեծ յաջողութիւն չգտաւ, բայց բոլոր հնդկաստանը նկարագրեց անոր դերակատարութիւնը որպէս աշխոյժ դերակատարութիւն: Նոյն տարին Շահ Ռոխ Խանը հանդէս եկաւ որպէս հնդկաստանի ձայնասփիւռի թղթակից, որ կը զարգացնէ ահաբեկչական զարմանքը «Dil Se» ֆիլմով եւ երրորդ բաժինը վախնալիք ֆիլմի: Եւ անոր վերջին ֆիլմը որուն մէջ հանդէս եկաւ այս տարուան ընթացքին գարան Ճոհարին բեմադրած «Kuch Kuch Hota Hai» ֆիլմը, որուն մէջ կը ներկայացներ համլսարանական աշակերտի դերը որ կը սիրէ Քաճուլի եւ Րանի Մուքերճիի դերակատարած անձնաւորութիւնները: Շահ Ռոխ Խանը շահեցաւ Filmfare-ի Լաւագոյն Դերասանի մրցանակը:
Իր դերակատարութիւն այս տարիներուն ընթացքին, իրեն մեծ հռչակ տուին եւ սիրուեցաւ հանդիսատեսներուն կողմէ՝ մանաւանդ երիտասարդներուն:
1999-2003
Խմբագրել1999-ին Շահ Ռոխ Խանը ունեցաւ միայն մէկ ֆիլմ որն էր՝ «Baadshah»-ը, անոր ընկերակցեցաւ Դուինքլ Խաննան: Այս ֆիլմին մէջ իր գտած լաւ կատակերգական դերասանութեան համար, անոր անունը առաջարկուեցաւ Filmfare-ի Ամենալաւ կատակերգական դերասանի մրցանակինյ սակայն ան մրցանակը չշահեցաւ: 1999-ին ան սկսաւ արտադրական աշխատանք, եւ հիմնեց Dreamz Unlimited արտադրական ընկերութիւնը Ճուհի Չաուլայի եւ Ազիզ Միրզայի ընկերակցութեամբ: Հետեւեալ ընկերութեան առաջին արտադրութիւնն էր «Phir Bhi Dil Hai Hindustani» ֆիլմը, որ արտադրուեցաւ 2000 թուականին, Շահ Ռոխ Խանի եւ Ճուհի Չաուլայի դերակատարութեամբ,հետեւեալ ֆիլմը շատ ձախող նկատուեցաւ: Նոյն տարին, ան երկրորդական դեր մը ունեցաւ «Hey Ram» ֆիլմին մէջ:
2001-ին Dreamz Unlimited-ը կրկին անգամ արտադրեց ֆիլմ մը, որուն աննուն էր «Aśoka»: Ֆիլմը կը ներկայացնէր հնդկաստանի տիքթաթոր Աշոքային կեանքը: Ֆիլմը յաջողութիւններով դուրս չեկաւ, բայց ան ցուցադրուեցաւ Venice Film Festival եւ 2001 Toronto International Film Festival-ներուն մէջ։ Այս ցախողութիւններէն ետք ան ստիպուեցաւ գոցել իր ընկերութիւններէն մէկը, որ կ'աշխատէր Dreamz Unlimited-ի կողքին, ան կը կոչուէր srkworld.com: 2001-ի Դեկտեմբերին անոր առաջարկուեցաւ դեր մը Քրիշնա Վամսիի ֆիլմ՝ «Shakti: The Power»-ին մէջ։ Ան յոժարեցաւ, սակայն այս ֆիլմի իր դերակատարութիւններու ժամանակ, ան իր ողնաշարը վնասեց: Այս վնասուացքը իրեն շատ ցաւեր կը պատճառէր դերակատարման ժամանակ: 2003-ի սկիզբները ողնաշարի ցաւը սաստկացաւ եւ ան պարտաւորուեցաւ գործողութեան դիմել Wellington հիւանդանոցին մէջ, որ կը գտնուէր Լոնտոն:
Այս պատահածէն երեք տարիներ առաջ՝ 2000-ին, ան դերասանեց Ատիդիա Չոբրայի «Mohabbatein» ֆիլմին եւ 2001-ին Գարան Ճոհարի բեմադրած ֆիլմ՝ «Kabhi Khushi Kabhi Gham» ֆիլմին մէջ։ Երկու ֆիլմերուն մէջ կ'ընկերակցէր Ամիդապ Պաչչանի հետ, երկու ֆիլմերուն մէջ ալ անոնք իրար հանդէպ հարցեր ունէին: Վերջին երկու ֆիլմերով ան շատ մեծ հռչակ ստացաւ եւ անոնք իրեն ձգեցին որ ան շահի Fimfare-ի քննադատողներու լաւագոյն դերասանի բաժակը:«Kabhi Khushi Kabhi Gham»-ը նկատուեցաւ այդ տարուայ եւ յաջորդող չորս տարիներու ամենաշատ նուաճումներ բերող ֆիլմերէն մէկը:
2002-ին ան խաղցաւ Սանճէյ Լիլա Պհանսալիի ֆիլմի մէջ, ուր ան դերակատարեց խմիչքի մոլութեամբ տառապող տղու մը դերը: Ֆիլմը կը կոչուէր «Devdas»: Անոր ինկերակցեցան Աշուարիա Րայ Պաչչանը, Ճագի Շրոֆֆը եւ Մատհուրի Տիքսիդը: Ֆիլմը շատ մեծ յաջողութիւններ ձեռք բերաւ, ան վաստակեց ₹500 միլիոն ($7.2 միլիոն Ամերիկեան տոլար) եւ Պոլիուտի պատմութեան մէջ ան եղաւ ամենասուղ ֆիլմերէն մէկը, եւ ցուցադրումէն քիբ ռամանակ ետք անոր վաստակած քումարը հասաւ մինչեւ ₹840 միլիոն($12 միլիոն Ամերիկեան տոլար): Ֆիլմը շատ մեծ հռչակ ստացաւ: Ան ձեռք բերաւ աւելի քան տասը Filmfare-ի մրցանակ, մէջը ըլլալով Շահ Ռոխ Խանի տարուայ ամենալաւ դերասանի մրցանակը եւ BAFTA Award for Best Film Not in the English Language մրցանակը: Յաջորդ տարին՝ 2003-ին ան հանդէս եկաւ «Kal Ho Naa Ho» ֆիլմով, հետեւեալ ֆիլմը գրած էր Գարան ճիհար, ան նկարահանուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Ան նկատուեցաւ այդ տարուայ ամենաբարձր գնահատուած ֆիլմերէն մէկը եւ Պոլիւուտի մէջ աննկատուեցաւ ամենաշատ ծախուած ֆիլմերէն մէկը: Շահ Ռոխ Խանի ընկերակցեցան Ճաիա Պաչչանը, Սէյֆ Ալի Խանը եւ Բրիդի Զինդան: Այդ ժամանակ Dreamz Unlimited-ի գործակիցներուն եւ Շահ ռոխ Խանի մէջ հակառակութիւններ սկսաւ թէ ով պիտի ստանցնէ «Chalte Chalte»-ի դերակատարութիւնը, Ճուհի Չաուլայի եւ Շահ Ռոխ Խանի ձեռք բերած ձախողութիւններէն ետք:
2004-2009
Խմբագրել2004 տարին յաջող տարի մըն էր Շահ Ռոխ Խանին առեւտրային եւ քնդատաական կողմէ: Ան փոխարինեց Dreamz Unlimited-ը Red Chillies Entertainment ընկերութեամբ իր կնոչ՝ Կորի Խանի ընկերակցութեամբ, որպէս բեմադրիչ: Այս ընկերութեան առաջին արտադրութիւնը եղաւ «Main Hoon Naa» ֆիլմը, որուն հերոսն էր Շահ Ռոխ Խանը: Այս դերակատարութենէն ետք ան դերակատարեց հնդիկ օդաչուի մը անձնաւորութիւնը որ աղջկայ մը կը սիրէ որուն անձնաւորութիւնը կը ներկայացնէ Բրիթի Զինթան ֆիլմը կոչուեցաւ «Veer-Zaara», եւ ցուցադրուեցաւ 55th Berlin Film Festival-ին մէջ։ Ֆիլմերը առեւտրային լաւ գումարներ ձեռք բերին որն էր 940 միլիոն ₹ (14 միլիոն ամերիկեան տոլարի) «Veer-Zaara» ֆիլմին, իսկ«Main Hoon Naa» ֆիլմը ձեռք բերաւ 680 Միլիոն ₹ (10 միլիոն ամերիկեան տոլար):
2004-ի վերջերը ան փայլեցաւ իր նոր ֆիլմով որ կը կոչուէր «Swades»: Ան իր երեք ֆիլմերով դեգնածու էր Filmfare-ի Լաւագոյն Դերասանի մրցանակին, եւ շահեցաւ «Swades» ֆիլմի մրցանակը:
2006-ին ան երրորդ անգամ ըլլալով աշխատեցաւ Գարան Ճոհարի հետ, անոր բեմադրած ֆիլմին մէջ որ կոչուեցաւ «Kabhi Alveda Naa Kehna», անոր դերակատարներն էին Խանի կողքին Րանի Մուքերճի, Բրիթի Զինթա, Ամիդապ Պաչչան, Ապիշէք Պաչչան: Ֆիլմը առեւտրային եւ քնդատական մեծ յաջողութիւն գտաւ, անոր դրամական մուտքը կը նկատուէր մօտաւոր ₹1.13 Պիլիոն ($16 միլիոն Ամերիկեան Տոլար): Նոյն տարին ունեցաւ ուրիշ ֆիլմ մըն ալ որ կոչուեցաւ «Don», այս ֆիլմը կը նկատուէր 1978-ի նոյն անունով ֆիլմի երկրորդ տարբերակը: Վերջին երկու ֆիլմերուն համար Շահ Ռոխ Խանի անունը առաջարկուեցաւ Filmfare-ի ամենալաւ դերասանի մրցանակին:
2007-ին ան դերակատարեց հնդիկ հուքիի մարզիչի մը դերը, որ կը մարզէր հնդկաստանի աղջկանց հուքիի խումբը: Ֆիլմին աննուն էր «Chak De! India»: Նոյն տարին ան դերակատարեց Արճուն Րամբալի եւ Տիփիքա Փատուքոնի հետ «Om Shanti Om» ֆիլմը, ֆիլմը նկատուեցաւ 2007 տարուան ամեբարձր նուաճումներ արձանագրող ֆիլմը: Ան այս ֆիլմով առաջարկուեցաւ Filmfare-ի ամենալաւ դերասանի մրցանակին:
2008-ին ան երրորդ անգամ ըլլալով աշխատեցաւ Ատիդիա Չիբրային հետ «Rab Ne Bana Di Jodi» ֆիլմին ժամանակ, Անուշքա Շարմայի ընկերակցութեամբ:
2009-ին ան ունեցաւ յատուկ ներկայացում «Billu» ֆիլմին մէջ, ուր ան ունեցաւ շարք մը երգեր Գարինա Գաբուրի, Բրիանքա Չոբրայի եւ Տիփիքա Փակցութեամբ:
2010-2014
Խմբագրել2010-ին ան սկսաւ նկարահանել «My Name Is Khan» ֆիլմը, որ եղաւ անոր եւ Գարան Ճոհարի չորրորդ համագործակցութիւնը եւ վեցերորդը իր եւ Քաճոլին: Հտեւեալ ֆիլմը դարձաւ ամենաբարձր նուաճումներ ձեռք բերող ֆիլմերէն մէկը Հնդկաստանի եւ Հնդկաստանէ դուրս երկիրներուն մէջ։ Այս ֆիլմով ան շահեցաւ իր ութերորդ Filmfare-ի Լաւագոյն դերասանի բաժակը:
2011-ին Շահ Ռոխ Խանը ընկերակցեցաւ Արճուն Րամբալի եւ արինա Գաբուրին, երեւակայական ֆիլմի՝ «Ra One»-ին մէջ։ Ան դարձաւ ամենասուղ ֆիլմերէն մէկը Պոլիւուտի մէջ։ Ան վաստակեց ₹2.4 պիլիոն ($35 միլիոն Ամերիկեան տոլար): 2001-ի անոր երկրորդ ֆիլմը եղաւ «Don 2»-ն, ֆիլմը նկատուեցաւ ամենաբարձր նուաճումներ ձեռք բերող ֆիլմերէն եւ ցուցադրուեցաւ 62nd Berlin International Film Festival-ին ժամանակ:
2012-ին ան հանդէս եկաւ Եաշ Չոբրայի «Jab Tak Hai Jaan» ֆիլմով: Անոր ընկերակցեցան Քաթրինա Քէյֆը եւ Անուշքա Շարման: Ֆիլմը առեւտրային մեծ յաջողութիւն արձանագրեց, ան վաստակեց ₹2.11 պիլիոն ($31 միլիոն Ամերիկեան տոլար): Ֆիլմը ցուցադրուեցաւ Marrakech International Film Festival-ին մէջ:
2013-ին ան հանդէս եկաւ Ռոհիդ Շէդդիի «Chennai Express» ֆիլմով որ նաեւ Red Chillies Entertainment-ի արտադրութիւններէն կը նկատուէր: Անոր հետ դերակատարման ընկերակցեցաւ Տիփիքա Փատուքոնը: Ֆիլմը նկատուեցաւ ամենաբարձր նուաճումներ ձեռք բերող ֆիլմերէն, ան վաստակեց ₹4 պիլիոն ($58 միլիոն Ամերիկեան տոլար):
2014-ին ան հանդէս եկաւ «Happy New Year» ֆիլմով, անոր ընկերակցեցան Տիփիքա Փատուքոնը, Ապիշէք Պաչչանը եւ Պոման Իրանին: Ֆիլմը առեւտրային մեծ յաջողութիւն ձեռ բերաւ եւ վաստակեց ₹3.8 պիլիոն ($55 միլիոն Ամերիկեան տոլար):
2015 մինչեւ այսօր
ԽմբագրելՇահ Ռոխ Խանի 2015-ի առաջին ֆիլմը եղաւ Քաճոլի, Վարուն Տաուանի եւ Քրիթի Սանոնի հետ, Ռոհիդ Շէդդիի՝ «Dilwale» ֆիլմը: Ֆիլմը առեւտրային յաջողութիւն ձեռք բերաւ, ան վաստակեց ₹3.7 պիլիոն ($54 միլիոն Ամերիկեան տոլար):
2016-ին ան հանդէս եկաւ «Fan» ֆիլմով, ան նրկայացուց երկու անձնաւորութեան դերեր, առաջինը՝ հռչակաւոր դերասան,իսկ երկրորդը՝ անոր սիրողներէն մէկը, որ ամէն ինչ կը փորձէ ընել միայն իրեն տեսնելու համար: Ֆիլմը առեւտրային յաջողութիւն ձեռք բերաւ, ան վաստակեց ₹3.08 պիլիոն ($45 միլիոն Ամերիկեան տոլար):
2017-ին Շահ Ռոխ Խանը հանդէս եկաւ «Jab Harry Met Sejal» ֆիլմով, Անուշքա Շարմայի ընկերակցութեամբ: ֆիլմըառեւտրային ձախողութիւններով դուրս եկաւ:
2018-ին ան հանդէս եկաւ «Zero» ֆիլմով, Անուշքա Շարմայի եւ Քաթրինա Քէյֆի ընկերակցութեամբ, ֆիլմը առեւտրային ձախողութիւններով դուրս եկաւ:
Այլ Աշխատանքներ
ԽմբագրելՇահ Ռոխ Խանը դերասանութեան ազպարեզի կողքին, ձեռք բերաւ նաեւ արտադրական ազպարեզը: Այս ասպարեզը ան սկսաւ 1999-ի Dreamz Unlimited ընկերութեամբ, որ վերջ գտաւ 2003-ին, սակայն անոր փոխարինեց Red Chillies Entertainment ընկերութիւնը, այս ընկերութիւնը ան հիմնեց իր կնոչ՝ Կորի Խանի ընկերակցութեամբ: Ընկերութիւնը հեռուստացուցային յատագրեր, ֆիլմեր եւ այլ գործեր արտադրեց: 2015-ին ընկերութիւնը արտադրեց աւելի քան ինը ֆիլմեր, որոնց մէջ Շահ Ռոխ Խանը դերակտարութիւններ ունէր, ըլլային անոնք հերոսի դերերը կամ յատուկ ներկայացումներ: 2011-ին «Ra One» ֆիլմին ան ոչ միայն դերակատար էր որպէս, այլ նոյնպէս արտադրիչ, ինչպէս նաեւ ան գրած էր կարգ մը կատակներ որոնք պիտի ըսէին դերակատարները իրենց դերակատարութեան ժամանակ: Շահ Ռոխ Խանը նոյնպէս երգեց իր ֆիլմերէն մէկուն «Josh»-ի նշանաւոր երգերէն մէկը որուն անունն էր "Apun Bola Tu Meri Laila": Ան նոյնպէս երգեց իր նշանաոր ֆիլմերուն մէջ, որոնցմէ էին «Don» եւ «Jab Tak Hai Jaan»:
Նոյնպէս դերասանական ասպարեզէն դուրս ան բեմավարն էր շատ մը մրցանակաբաշխման հանդիսութիւններուն ինչպէս՝ Filmfare, Zee Cine եւ Screen Awards-ի հանդիսութիւնները: 2007-ին Ամիթապ Պաչչանի փոխարէն ան էր ներկայացնողը հեռուստացուցային յատագիր Kaun Banega Crorepati-ին, որ կը նկատուէր հնդկական տարբերակը Who Wants to Be a Millionaire? յայտագրին, մէկ տարի ետք ան ներկայացուց Kya Aap Paanchvi Pass Se Tez Hain?, որ կը նկատուէր հնդկական տարբերակը Are You Smarter Than a 5th Grader? յայտագրին:
Բեմական Ելոյթներ
ԽմբագրելՇահ Ռոխ Խանը մասնակցեցաւ շատ մը ելոյթներու, որմէ կրնանք ձիշել 1997-ի Մալիսիայի մէջ կազմակերպուած հանդէսը,որուն մէջ ինքը Քարիշմա Գաբուրը ուղղիղ եթերով պարեցին:Նոյն տարին ան այցելեց շատ մը երկիրներ, Օրինակ՝ Միացեալ թագաւորութիւններ, Գանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանքներ, ընկերակցութեամբ Ճուհի Չաուլայի, Աքշէյ Քոմարի եւ Քաճոլի:
2002-ին, ան Ամիդապ Պաչչանի, Ամիր Խանի, Բրիթի Զինդայի եւ Աշուարիա Րայ Պաչչանի հետ մասնակցեցաւ From India With Love հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Մանչեսդրի եւ Լոնտոնի մէջ։ Ան Հանդէս եկաւ Րանի Մուքերճիի, Արճուն Րամբալի եւ Իշա Քոբբիքարի հետ Պանկալատեշի մրջ կազմակերպուած հանդէսի մը: Յաջորդ տարին ան ընկերակցեցաւ Շահիտ Գաբուրին եւ Բրիանքա Չոբրային «Ընկերութեան» հանդէսին մէջ, տօնելով 150 տարին հնդիկ-Արեւելեան Ափրիկէ ընկերութիւնը, Արեւելեան Ափրիկէ Տուրպան քաղաքին մէջ:
Մետիայի Մէջ
ԽմբագրելՇահ Ռոխ Խանը մետիայի մէջ շատ հռչակ ստացաւ, եւ շատ ժամանակներ մետիան Շահ Ռոխ խանը ներկայացուց մեզի որպէս «Թագաւոր Խան», «Պոլիւուտի Պատշահը» եւ «Պոլիւուտի Թագաւորը»:
Աւելի քան 3.2 Պիլիոն մարդ Շահ Ռոխ Խանի գիտէ, եւ այս թիւը կը հաստատէ թէ Շահ Ռոխ Խանը աւելի ճանչուած է քան Թոմ Գրուզը:
Ան 2012-2013 եւ 2015-ին եղաւ "Celebrity 100</nowiki> ցանկի առաջնակարգ անուններէն:
Ան ունի աւելի քան 20 միլիոն եւրոյ արժող հարկաբաժիններ Լոնտոնի մէջ եւ Տուպայի մէջ ունի մեծ Վիլլա մը:
Ան առաջին տասը աննուններէն էր The Times of India-ի պատրաստած The 50 most desirable men in India ցանկին մէջ։ Eastern Eye-ը անոր անունեց ամենագեղեցիկ տղամարդերէն մէկը Ասիայի մէջ։ Ան հնդկաստանի մէջ ամենաշատ վճառուող աստղերէն մէկը կը նկատուի:
Մրցանակներ
ԽմբագրելԱսիական ֆիլմերու մրցանակներ
ԽմբագրելՏարի | Ֆիլմ | Բաժին | Արդիւնք |
---|---|---|---|
2007 | Don | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
Ասիական Ֆիլմերու մրցանակաբաշխման ժամանակ
ԽմբագրելՏարի | Անձնաւորութիւն | Բաժին | Արդիւնք |
---|---|---|---|
2012 | Շահ Ռոխ Խան | Lifetime Achievement Մրցանակ | Շահած |
2014 | Շահ Ռոխ Խան | Միջազգային դէմք Հնդակկան Սինեմայի |
BIG Star Entertainment-ի մրցանակաբաշխում
ԽմբագրելՏարի | Անձանաւորութիւն կամ Ֆիլմի | Բաժին | Արդիւնք |
---|---|---|---|
2010 | Շահ Ռոխ Խան | Film Actor of Decade (Male) | Շահած |
2012 | Jab Tak Hai Jaan | Most Entertaining Actor in a Romantic Role | Առաջարկուած |
Տարուայ Զոյքերը (Քաթրինա Քէյֆի ընկերակցութեամբ) | Շահած | ||
2013 | Chennai Express | Star Plus-ի Տարուայ ամենասիրուած անձը | |
Տարուայ Զոյքերը (Տիփիքա Փատուքոնի ընկերակցութեամբ) | |||
Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը արկածախնդրական ֆիլմերու | Առաջարկուած | ||
2014 | Happy New Year | Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը |
Bollywood Movie մրցանակներ
ԽմբագրելՏարի | Ֆիլմ | Բաժին | Արդիւնք | Ref. |
---|---|---|---|---|
1999 | Dil Se.. | Most Sensational Actor | Շահած | [27] |
Kuch Kuch Hota Hai | Լաւագոյն Դերասան | [27] | ||
2003 | Devdas | Լաւագոյն Դերասան | [27] | |
2005 | Veer-Zaara | Լաւագոյն Դերասան | [27] | |
2007 | Kabhi Alvida Naa Kehna | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | [28] |
Don | Լաւագոյն Բացասական Դերասան | [28] |
Filmfare մրցանակներ
ԽմբագրելՏարի | Ֆիլմ | Բաժին | Արդիւնք |
---|---|---|---|
1993 | Deewana | Լաւագոյն Դերակատարութիւն | Շահած |
1994 | Baazigar | Լաւագոյն Դերասան | |
Darr | Լաւագոյն Բացասական Դերասան | Առաջարկուած | |
1995 | Kabhi Haan Kabhi Naa | Լաւագոյն Դերասան | |
Լաւագոյն Դերասան | Շահած | ||
Anjaam | Լաւագոյն Բացասական Դերասան | ||
1996 | Dilwale Dulhania Le Jayenge | Լաւագոյն Դերասան | |
1998 | Dil To Pagal Hai | Լաւագոյն Դերասան | |
Yes Boss | Առաջարկուած | ||
1999 | Kuch Kuch Hota Hai | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Duplicate | Լաւագոյն Բացասական Դերասան | Առաջարկուած | |
2000 | Baadshah | Կատակերգութեան ֆիլմերու լաւագոյն դերասան | |
2001 | Mohabbatein | Քննադատողներու Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | ||
2002 | Kabhi Khushi Kabhie Gham... | Լաւագոյն Դերասան | |
Aśoka | Լաւագոյն Ֆիլմ | ||
Shah Rukh Khan | Special Award Swiss Consulate Trophy | Շահած | |
2003 | Devdas | Լաւագոյն Դերասան | |
2004 | Shah Rukh Khan | Power Award | |
Kal Ho Naa Ho | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | |
2005 | Main Hoon Na | Լաւագոյն Դերասան | |
Լաւագոյն Ֆիլմ | |||
Veer-Zaara | Լաւագոյն Դերասան | ||
Swades | Լաւագոյն Դերասան | Շահած | |
2005 | Shah Rukh Khan | Power Award | |
2007 | Kabhi Alvida Naa Kehna | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
Don | |||
2008 | Chak De India | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Om Shanti Om | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | |
2009 | Rab Ne Bana Di Jodi | Լաւագոյն Դերասան | |
2011 | My Name Is Khan | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
2012 | Don 2 | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
Լաւագոյն Ֆիլմ | |||
2013 | Jab Tak Hai Jaan | Լաւագոյն Դերասան | |
2014 | Chennai Express | Լաւագոյն Դերասան | |
2016 | Dilwale | Լաւագոյն Դերասան | |
2017 | Fan | Լաւագոյն Դերասան | |
2018 | Raees | Լաւագոյն Դերասան | |
2019 | Zero | Լաւագոյն Դերասան |
Global Indian Film մրցանակներ
ԽմբագրելՏարի | Ֆիլմ կամ Անձնաւորութիւն | Բաժին | Արդիւնք |
---|---|---|---|
2005 | Swades | GIFA-ի Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Շահ Ռոխ Խան | GIFA-ի մրցանակ համացանցի վրայ ամենաշատ որումներու ենթարկուող դերասան | ||
2006 | Kabhi Alvida Naa Kehna | GIFA-ի Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
International Indian Film Academy մրցանակներ
ԽմբագրելՏարի | Ֆիլմ | Բաժին | Արդիւնք |
---|---|---|---|
2001 | Mohabbatein | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2002 | Kabhi Khushi Kabhie Gham... | Լաւագոյն Դերասան | |
2003 | Devdas | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
2004 | Kal Ho Naa Ho | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2005 | Veer-Zaara | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
2006 | Paheli | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2007 | Don | Լաւագոյն Դերասան | |
2008 | Chak De India | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
2009 | Rab Ne Bana Di Jodi | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
Shah Rukh Khan | IIFA Star of the Decade – Male | Շահած | |
2011 | My Name Is Khan | Լաւագոյն Դերասան | |
2011 | Don 2 | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2012 | Jab Tak Hai Jaan | Լաւագոյն Դերասան | |
2013 | Shah Rukh Khan | Digital Star Of The Year | Շահած |
2014 | Chennai Express | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2015 | Happy New Year | Լաւագոյն Դերասան | |
2017 | Fan | Լաւագոյն Դերասան |
Producers Guild Film մրցանակներ
ԽմբագրելՏարի | Ֆիլմ | Բաժին | Արդիւնք |
---|---|---|---|
2004 | Kal Ho Naa Ho | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2005 | Swades | ||
2008 | Chak De India | Շահած | |
2010 | Rab Ne Bana Di Jodi | ||
2011 | My Name is Khan | Առաջարկուած | |
2011-ի Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը | Շահած | ||
2012 | Don 2 | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2012-ի Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը | Շահած | ||
2013 | Jab Tak Hai Jaan | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2014 | Chennai Express | 2014-ի Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը | Շահած |
2015 | Happy New Year | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
Screen մրցանակներ
ԽմբագրելՏարի | Ֆիլմ | Բաժին | Արդիւնք |
---|---|---|---|
1995 | Ram Jaane | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
1998 | Dil To Pagal Hai | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
1999 | Kuch Kuch Hota Hai | Լաւագոյն Դերասան | |
2001 | Mohabbatein | Լաւագոյն Դերասան | |
2002 | Kabhi Khushi Kabhie Gham... | Լաւագոյն Զոյքեր (Քաճոլի հետ) | Շահած |
Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | ||
2003 | Devdas | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Լաւագոյն Զոյքեր (Աշուարիա Րայի հետ) | |||
2004 | Chalte Chalte | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2005 | Veer Zaara | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Լաւագոյն Զոյքեր (Բրիթի Զինթային հետ) | |||
2006 | Paheli | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2007 | Don | Best Villain | |
Kabhi Alvida Naa Kehna | Լաւագոյն Զոյքեր (Րանի Մուքերճի հետ) | Շահած | |
2008 | Chak De India | Լաւագոյն Դերասան | |
Om Shanti Om | Լաւագոյն Զոյքեր (Տիփիքա Փատուքոնի հետ) | ||
2009 | Rab Ne Bana Di Jodi | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
2010 | Շահ Ռոխ Խան եւ Քաճոլ | Լաւագոյն Զոյքեր (Քաճոլի հետ) | Շահած |
2011 | My Name Is Khan | Լաւագոյն Դերասան | |
Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | ||
2012 | Don 2 | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Լաւագոյն Զոյքեր (Բրիանքա Չոբրայի հետ) | |||
Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | ||
2013 | Jab Tak Hai Jaan | Լաւագոյն Դերասան | |
Լաւագոյն Դերասան | |||
2014 | Chennai Express | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | ||
2015 | Happy New Year | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | ||
2016 | Dilwale | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Stardust մրցանակներ
ԽմբագրելՏարի | Բաժին | Ֆիլմ | Արդիւնք |
---|---|---|---|
2012 | Stardust Award for Star of the Year – Male | Ra.One & Don 2 | Առաջարկուած |
2013 | Stardust Award for Star of the Year – Male | Jab Tak Hai Jaan | Շահած |
2014 | Stardust Award for Star of the Year – Male | Chennai Express | |
2015 | Stardust Award for Star of the Year – Male | Happy New Year | |
Stardust Award for Best Actor in a Thriller or Action | |||
2016 | Stardust Award for Best Actor in a Thriller or Action | Fan |
The Asian մրցանակներ
ԽմբագրելՏարի | Դերասան | Բաժին | Արդիւնք |
---|---|---|---|
2015 | Շահ Ռոխ Խան | Outstanding Contribution to Cinema | Շահած |
Vijay մրցանակներ
ԽմբագրելՏարի | Դերասն | Բաժին | Արդիւնք |
---|---|---|---|
2013 | Շահ Ռոխ Խան | Chevalier Sivaji Ganesan Award for Excellence in Indian Cinema | Շահած |
2014 | Շահ Ռոխ Խան | Ամենաշատ ընդունելիութիւն գտող դերասանը Հնդկական Սինեմայի մէջ |
Zee Cine մրցանակներ
ԽմբագրելYear | Nominated work | Category | Result |
---|---|---|---|
1998 | Dil To Pagal Hai | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
1999 | Kuch Kuch Hota Hai | Լաւագոյն Դերասան | |
2002 | Kabhi Khushi Kabhie Gham... | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
Aśoka | Լաւագոյն Ֆիլմ | ||
2003 | Devdas | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
2004 | Shah Rukh Khan | Տարուայ Գերագոյն Աստղը | |
Chalte Chalte & Kal Ho Naa Ho | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | |
2005 | Veer Zaara | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Main Hoon Na | Առաջարկուած | ||
Swades | |||
2006 | Paheli | Լաւագոյն Դերասան | |
2007 | Don | Fun Cinema Entertainer Of The Year | Շահած |
Kabhi Alvida Naa Kehna | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | |
2008 | Chak De India | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
Om Shanti Om | Առաջարկուած | ||
Zee Icon մրցանակ | Շահած | ||
2011 | My Name Is Khan | Լաւագոյն Դերասան | |
2012 | Don 2 | Լաւագոյն Դերասան | |
Ra.One & Don 2 | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | |
2013 | Jab Tak Hai Jaan | International Icon Male | Շահած |
Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած | ||
2014 | Chennai Express | Լաւագոյն Դերասան | Շահած |
2018 | Raees | Լաւագոյն Դերասան | Առաջարկուած |
Shah Rukh Khan | Special Honour For Contribution To Cinema and TV Over The Last 25 Years | Շահած |
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 filmportal.de — 2005.
- ↑ 2,0 2,1 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
- ↑ 3,0 3,1 Munzinger Personen
- ↑ https://economictimes.indiatimes.com/magazines/panache/shah-rukh-khan-dont-want-my-kids-aryan-suhana-and-abram-to-be-my-heirs/articleshow/33109703.cms
- ↑ 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 Geni — 2006.
- ↑ https://books.google.com/books?id=RPEIlUESZCUC
- ↑ http://timesofindia.indiatimes.com/world/pakistan/SRKs-ancestral-home-traced-to-Pakistan/articleshow/5701179.cms
- ↑ https://www.youtube.com/watch?v=pmmgaGju22w
- ↑ http://photogallery.indiatimes.com/celebs/bollywood/shah-rukh-khan/bday-special-shah-rukh-khan/articleshow/25059326.cms
- ↑ https://web.archive.org/web/20140703032243/http://lifestyle.in.msn.com/valentinesday/famous-inter-religious-marriages?page=3
- ↑ https://www.youtube.com/watch?v=KTVpVbESfbE&t=27m55s
- ↑ http://www.dnaindia.com/entertainment/report-main-bhi-shah-rukh-khan-1832425
- ↑ http://indiatoday.intoday.in/story/shah-rukh-khan-makes-a-career-out-of-rejected-roles-reinvents-hindi-film-hero/1/287824.html
- ↑ https://www.rediff.com/movies/2002/jul/10srk.htm
- ↑ http://www.dnaindia.com/entertainment/report-i-feel-like-a-25-year-old-says-birthday-boy-shah-rukh-khan-1306257
- ↑ http://photogallery.indiatimes.com/celebs/bollywood/shah-rukh-khan/bday-special-shahrukh-khan/articleshow/25059260.cms
- ↑ https://timesofindia.indiatimes.com/entertainment/hindi/bollywood/Shahrukh-Khan-The-King-of-Awards/photostory/29203023.cms
- ↑ https://web.archive.org/web/20120119095100/http://www.boxofficeindia.com/showProd.php?itemCat=199&catName=MTk5Mw%3D%3D
- ↑ https://www.rediff.com/movies/2005/nov/04watch.htm
- ↑ https://web.archive.org/web/20120922015944/http://boxofficeindia.com/showProd.php?itemCat=201&catName=MTk5NQ==
- ↑ https://web.archive.org/web/20120503222655/http://boxofficeindia.com/showProd.php?itemCat=312&catName=TGlmZXRpbWU%3D
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-05-30-ին։ արտագրուած է՝ 2015-05-30
- ↑ https://www.business-standard.com/article/news-ians/maratha-mandir-brings-down-curtains-on-ddlj-after-20-years-115021900494_1.html