Շապին Գարահիսարի հերոսամարտ

Շապին Գարահիսարի հերոսամարտ, Մայիս ամսուն թրքական բանակը եւ բանտէն արձակուած աւազակապետ Քէլ Հասանի հրոսակախումբերը, մտնելով Շապին Գարահիսար, սկսան կողոպտել, ձերբակալել, խոշտանգել ու սպաննել հայերը։ Յունիս 2-ին թրքական բանակն ու ոստիկանութիւնը պաշարեցին հայկական թաղերը եւ մօտաւորապէս չորս հարիւր հոգի սպաննեցին։

Այս պայմաններուն տակ Եկեղեցւոյ թաղի, Միջին թաղի եւ հայկական միւս թաղերուն մէջ շուտով ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպուեցաւ, ղեկավար հռչակուեցաւ Ղուկաս Տէօվլէթեան, որ աւելի ծանօթ է Ղուկաս աղբար անունով։ Քանի մը օրուան բուռն կռիւներէ ետք, թրքական թնդանօթներու ռմբակոծումներէն հայկական թաղերու մեծ մասամբ փայտաշէն տուները այրեցան ու քանդուեցան։

Երբ այլեւս քաղաքին մէջ մնալը անկարելի դարձաւ, հայերը ստիպուած ձգեցին իրենց աւերակ դարձած թաղերը եւ անընդհատ կռուելով նահանջեցին դէպի Շապին Գարահիսարի հինաւուրց բերդը, որ մօտակայ լերան գագաթին կը գտնուէր։ Այսպիսով, 5062 հոգի բերդին մէջ ապաստան գտաւ։

Թուրքերը, պաշարելով բերդը, բոլոր ճակատներուն վրայ յարձակման անցան, բայց չյաջողեցան յառաջանալ. պաշարուածները չէին ուզեր յարձակիլ զինամթերքը խնայելու համար։ Յաջորդող օրերուն աւելի եւս սեղմելով պաշարումը, գերմանացի սպաներու աջակցութեամբ սկսան սաստկօրէն ռմբակոծել բերդը եւ յաջորդական գրոհներ կազմակերպել զայն գրաւելու համար, բայց ամէն անգամ ալ ետ մղուեցան։

Սեբաստիոյ վալի եւ իթթիհատական ղեկավար Մուամմար, որ այսքան ուժեղ դիմադրութիւն չէր նախատեսած, մտածելով որ հայերը մեծ ուժ ամբարած են բերդէն ներս, իր դիրքը փրկելու համար պատուիրակ մը ղրկեց պաշարուածներուն մօտ, խոստանալով՝ անձնատուր ըլլալու պարագային ներում շնորհել անոնց։ Հայերը չհաւատացին ներման խոստումին, պատասխանեցին, թէ հաշտուած են մահուան գաղափարին հետ եւ պիտի շարունակեն կռիւը։

Վալին երկրորդ եւ երրորդ փորձ մըն ալ ըրաւ հայերուն դիմադրութիւնը խորտակելու համար, սակայն հայերուն մերժողական պատասխանին վրայ Յունիս 20-ին թնդանօթներու ու համազարկերու ահաւոր գոռոցին տակ, թրքական յառաջապահ ջոկատները յաջողեցան ժայռը մագլցելով բերդի դուռերուն հասնիլ՝ ահաւոր խուճապ ստեղծելով պաշարուածներուն մէջ։ Ժամեր շարունակ օրհասական կռիւներէ ետք, հայերը գերմարդկային ճիգերով յաջողեցան ետ մղել յարձակողները։

Պաշարուածներուն վիճակը հետզհետէ կը ծանրանար. պարէնը, ջուրը եւ զինամթերքը գրեթէ սպառած էին. հետեւաբար որոշուեցաւ, որ կռուող ուժերը գիշերային յարձակումով մը ճեղքեն պաշարման շղթան եւ դաշտ իջնելով շարունակեն կռիւը՝ սպառնալով սուրէ անցընել շրջակայ թուրք գիւղերու բնակիչները, եթէ թուրքերը փորձեն ջարդել բերդին մէջ մնացողները[1]։

Այսպիսով, Յունիս 25-ին, գիշերուան մութէն օգտուելով, մօտաւորապէս հազար հոգի բերդէն դուրս ելան, շուրջ հարիւր զոհ տալէ ետք յաջողեցան պաշարման շղթան ճեղքել եւ ցրուիլ դաշտերն ու լեռները, ուր երկու տարի հոս ու հոն կռուելէ ետք, բոլորն ալ նահատակուեցան։

Յաջորդող օրերուն լռութիւնը կը շարունակուէր, բայց թուրքերը չէին համարձակեր մօտենալ բերդին. երբ Յունիս 28-ին անձնատուութեան ճերմակ դրօշակը պարզուեցաւ, անոնք բարձրացան բերդ, ուր գործադրուեցաւ պատմութեան մեծագոյն ցեղասպանութեան արարներէն մէկը[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «1915թ. հունիսի 14 - Սկսւել է Շապին Գարահիսարի հերոսամարտը»։ nt.am։ արտագրուած է՝ 2020-10-15 
  2. «Սո՞ւգ, Թէ՞ Պայքար»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2020-02-29։ արտագրուած է՝ 2020-10-15 
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։