Շարլ Ազնաւուրի Հրապարակ (Երեւան)

Շարլ Ազնաւուրի հրապարակ, հրապարակ Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ[1][2]։

Շարլ Ազնաւուրի հրապարակ

Պատմութիւն

Խմբագրել

Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ, Թումանեան եւ Փուշկին փողոցներուն խաչմերուկներուն միջեւ եղած հատուածին վրայ գտնուող հրապարակին շինարարութիւնը նախատեսուած եղած է Երեւանի 1924-ի թամանեանական յատակագիծին մէջ։ Հրապարակին տարածքին շինարարութիւնը սկսած է 1927 թ.-ին եւ աւարտած՝ 1958-ին, հրապարակը շրջապատող Երեւան հիւրանոցին, Մոսկուա շարժապատկերի սրահին, Հայաստանի Նկարիչներու Տան եւ Ստանիսլավկսի Դրամատիկական Թատրոնի շէնքերուն շինարարութեան աւարտով։ 1933-1954 թուականներուն հրապարակին մէջտեղ տեղադրուած է Խաչատուր Աբովեանի արձանը, որ ներկայիս կը գտնուի Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանին մէջ։

2001-ի Սեպտեմբերին, Հայաստանի անկախութեան տասնամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ Երեւան քաղաքի խորհուրդին որոշումով հրապարակը վերանուանուած է աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ, դերասան, հանրային գործիչ Շարլ Ազնաւուրի անունով։ Շարլ Ազնաւուր անձամբ ներկայ գտնուեցաւ հրապարակին վերանուանման արարողութեան։

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Հրապարակը ունի կիսաշրջանաձեւ բացուածքին կեդրոնական մասը տեղադրուած են 12 համաստեղութիւնները խորհրդանշող շատրուաններ։ Շատրուանի համալիրին ճարտարապետն է Արսէն Մելիքեան, իսկ քանդակագործներն են Արարատ Յովսէփեան եւ Վլատիմիր Աթանեան։

Հրապարակին տարածքին իբրեւ քաղաքային զարդարանքներ տեղադրուած են հսկայական ճատրակի խաղատախտակ ու քարեր, շատրուաններ[3],ինչպէս նաեւ՝ ցուլի ու սարդի հսկայական քանդակներ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել