Ոսկանեան Աստուածաշունչ

Ոսկանեան ԱստուածաշունչՈսկան արք. Երեւանցիին ջանքերով հայերէն Աստուծաշունչի առաջին տպագրութիւն, Ամսթերտամ, Հոլանտա։

«Ոսկանեան Աստուածաշունչ»

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել

«Ոսկանեան Աստուածաշունչ»ի տպագրութիւնը կը սկսի 1 Մարտ 1666-ին եւ կ՛աւարտի 13 Հոկտեմբեր 1668-ին։ Տպագրական աշխատանքները տեղի կ՛ունենան Ամսթերտամի «Ս. Էջմիածին եւ Ս. Սարգիս զօրավար» տպարանին մէջ։

Աստուածաշունչի բնագիրին խմբագրութեան ընթացքին, Ոսկան Երեւանցին հիմնուած է Դ․ դարու անոր լատիներէն թարգմանութեան՝ Վուլկաթայի (Biblia Vulgata կամ Vulgate)։ Օգտագործած է նաեւ 1295Կիլիկիոյ Հեթում Բ. թագաւորին պատուէրով ընդօրինակուած Աստուածաշունչը:

«Ոսկանեան Աստուածաշունչ»ը բաղկացած է 1462 երկսիւն էջերէ (2924 սիւնակ) եւ 159 պատկերներէ։ Այդ սակաւաթիւ աստուածաշունչերէն է որ իր մէջ փորագրապատկերներ կը պարունակէ։ Տպագրութեան ընթացքին, թարգմանուած եւ աւելցուած են Հին Կտակարանէն քանի մը գիրքեր, որոնք մաս կը կազմեն Աստուածաշունչի հայկական կանոնին։ Ճոխ տպագրութիւն մըն է իր վերջնազարդերով, էջազարդերով։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Մայր Աթոռ Ս․Էջմիածնի գրացուցակ․ «Ոսկանյան Աստվածաշնչի պատկերները»
  2. THE ILLUSTRATION SYSTEM OF VOSKAN YEREVANTSI BIBLE «Ոսկանեան Աստուածաշունչի պատկերազարդումը, Անի Ենկոյեան, 2018(անգլերէն)
  3. Հայ եկեղեցուոյ Արագածօտնի թեմի դիմատետրի էջ․ Ոսկանեան Աստուածաշունչ, 20-11-2016
  4. [file:///C:/Users/work/Downloads/%D4%B1%D4%B6%D4%B1%D5%8F%20%D5%95%D5%90%2020-3-2023.pdf Ազատ Օր, Երկուշաբթի 20 Մարտ 2023, էջ 7 - «11 Մարտ 1666-ին Ոսկան Երեւանցի սկիզբ դրած է հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան»]

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Վուլկաթա(անգլերէն)