Ոսկրաթեքութիւն
Ոսկրաթեքութիւն (անգլերէն՝ Rickets), ոսկորներու հիւանդութիւն է: Ան տեղի կ՚ունենայ, երբ «Տէ» (vit. D ) կենսանիւթը, կրածինը (calcium) եւ ֆոսֆորը (phophoru ) կը նուազին մարմինին մէջ[1]: Այս երեքը շատ կարեւոր ազդակներ են ոսկորներու առողջ աճման, զօրաւոր կազմաւորման եւ առողջութեան:
Ոսկրաթեքութիւն | |
---|---|
|
Ոսկրաթեքութիւն ունեցող անհատը կ՛ունենայ տկար, կակուղ եւ փխրուն ոսկորներ, աճումի դանդաղում եւ ոսկորներու տձեւութիւններ:
Ոսկրաթեքութիւնը ընդհանրապէս մանկական հիւանդութիւն է, բայց կրնայ պատահիլ նաեւ չափահասներու:
Ախտանշանները
ԽմբագրելՈսկրաթեքութեան ախտանշաններէն են՝
- Մարմինի ընդհանուր աճման դանդաղում եւ ուշացում,
- Քալելու, շարժելու եւ վազելու անկարողութիւն,
- Ողնայարի, կոնքի եւ սրունքներու ցաւ,
- Ոսկրային տձեւութիւններ՝ աղեղաւոր-կոր (bowed) սրունքներ, ներսադարձ ծունկ (knock knee),
- Դաստակի եւ կրունկի ծաւալում,
- Կրծքոսկրի (breast bone) ցցուածութիւն,
- Ոսկորներու կոտրուածք,
- Ակռաներու հիւանդութիւններ եւ բոսիկներու յառաջացում,
- Մկանային տկարութիւն եւ պրկուածութիւն:
Ախտապատճառները
ԽմբագրելՈսկրաթեքութեան ախտապատճառներն են`
- «Տէ» կենսանիւթի, կրածինի եւ ֆոսֆորի քիչ սպառում,
- «Տէ» կենսանիւթը առաւելաբար եւ բնականաբար կը ստանանք արեւու ճառագայթներէն ու մեր սպառած սննդանիւթերէն, օրինակ` ձուկ, ձկան իւղ, հաւկիթ, կաթ:
Ոսկրաթեքութիւն ունենալու հաւանականութիւնը աւելի է`
- Թուխ-սեւ գոյն մորթ ունեցող անձերուն մօտ, որովհետեւ անոնք աւելի մելանին (melanin) ունին իրենց մորթին մէջ: Մելանինը արգելք կը հանդիսանայ «Տէ» կենսանիւթի ներծծման մորթէն ներս:
- Յղի կիներուն մէջ, որովհետեւ անոնք բաւարար «Տէ» կենսանիւթ չեն սպառեր:
- Արեւու ճառագայթներուն նուազ ենթակայ եղողներուն մօտ:
- Կանխահաս ծնող մանուկներուն (premature) պարագային:
- Կաթնտու մայրերու մօտ, որոնց կաթը բնականէն նուազ «Տէ» կենսանիւթ կը պարունակէ:
Ոսկրաթեքութեան իբրեւ հետեւանք կը պատահին որոշ բարդութիւններ, ինչպէս՝ կոր անբնական ողնայար, ոսկորներու ընդհանուր տկարութիւն, ակռաներու տձեւութիւններ եւ մարմնական ցնցումներ:
Կարելի է արգելք հանդիսանալ ոսկրաթեքութեան. այո՛, հետեւեալ միջոցներով.
1. Օրական, 20-30 վայրկեան, կէսօրէն առաջ կամ ետք ենթակայ ըլլալով արեւու ճառագայթներուն: Սակայն, երկար ժամեր արեւու ճառագայթներուն մատնուիլը ունի նաեւ իր վնասները, որոնցմէ կարեւորագոյնը մորթի քաղցկեղն է: Հետեւաբար, մանաւանդ կէսօրուան ժամերուն պէտք է գործածել յատուկ արեւարգելքներ կամ պաշտպանողական հագուստներ:
2. «Տէ» կենսանիւթով հարուստ սննդեղէններ ուտելով, ինչպէս՝ ձուկ, մասնաւորապէս սոլտի (salmon) եւ որթձուկ (tuna), ձկան իւղ, հաւկիթի դեղնուց, «Տէ» կենսանիւթով հարստացուած կաթ, մածուն, պանիր եւ կարագ:
Ամէն մանուկ պէտք է ստանայ բաւարար «Տէ» կենսանիւթ: Մօր կաթը բաւարար «Տէ» կենսանիւթ չի պարունակեր, ուստի մանուկներուն ամէն օր յաւելեալ որոշ քանակութեամբ «Տէ» կենսանիւթ պէտք է տալ:
Ոսկրաթեքութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի՝
1. Մանկաբուժին կատարած բժշկական քննութեամբ: Ան կը քննէ մանուկին ոսկորներու իրավիճակը՝ կակուղութիւնը, տձեւութիւնները, գլխու ոսկորներուն միացումը, ոտքերու կորութիւնը, կրծքավանդակի ցցուն ըլլալը, դաստակի եւ կրունկի հաստութիւնը:
2. «Ք» ճառագայթային նկարումներով.
3. Արեան եւ մէզի տարրալուծարանային քննութիւններով:
Ոսկրաթեքութիւնը կը դարմանուի՝
1. «Տէ» կենսանիւթի եւ կրածինի յաւելեալ սպառումով: Բարելաւումը կը սկսի շուտով, նոյնիսկ 15 օր ետք ոսկրային տձեւութիւները կը մեղմանան եւ 3-4 ամսուան դարմանումէ ետք` կ՛անհետանան:
2. Արեւու ճառագայթներէն օգտուելով:
Ոսկրային տձեւութիւնները աճման ընթացքին կը կարօտին յատուկ սարքերու՝ շտկելու համար տձեւութիւնները: Յառաջացած տձեւութիւններուն համար վիրաբուժական գործողութիւնները մեծապէս օգտակար կ՛ըլլան:
Մանուկներու աճման շրջանին, առաջին 6-36 ամիսներուն տեղի կ՛ունենայ արագ աճում, ուստի այս ժամանակաշրջանին մանուկները առաւելագոյն չափով «Տէ» կենսանիւթի, կրածինի եւ ֆոսֆորի կը կարօտին:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ՉԱՆՏԵՍԵԼ «ՏԻ» ԿԵՆՍԱՆԻՒԹԻ (VITAMINE D) ՊԱԿԱՍԻՆ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐԸ»։ e-zkoush (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-01-24-ին։ արտագրուած է՝ 2022-01-24
Աղբիւր
Խմբագրել- ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ, «Ասպարէզ» օրաթերթ, 13 Յունուար 2022։