Ոսկրայօդաբորբ
Ոսկորայօդաբորը, յօդաբորբերուն տեսակներէն ամէնէն շատ պատահողն է: Այս մէկը կը պտահի թէ մեծ եւ թէ փոքր յօդերուն, ինչպէս՝ մատներու, ձեռքի դաստակի, ոտքի, կռունկի, կոնքի, զիստի, ծունկի եւ ողնոսկրներու յօդերուն մէջ:
Ոսկրայօդաբորբ | |
---|---|
| |
Տեսակ | Հիւանդութիւն |
ՀՄԴ-9 | 715715 |
ՀՄԴ-10 | M15, M19 եւ M47 |
Ոսկրայօդաբորբը կը պատահի միջին տարիքին, եւ ժամանակի ընթացքին կը զարգանայ: Այս հիւանդութիւնը երկու սեռերուն պարագային հաւասարապս կը պատահի՝ 50 տարեկանէն առաջ, սակայն 50 տարեկանէն ետք՝ ոսկրայօդաբորբը աւելի կը պատահի կիներուն մօտ քան տղամարդոց:
Ոսկրայօդաբորբը ամէնէն շատ կը պատահի տարեցներու մօտ, որովհետեւ անոնց կեանքը աւելի նստակեաց է, եւ անոնց յօդը շատ աւելի վնասի ենթարկուած է: Տարիներու ընթացքին, տարեցներուն մօտ յօդերը կը սկսին կամաց-կամաց հիւծիլ, եւ այդ պատճառով ալ ոսկրայօդաբորբը կը կոչուի Ոսկրայօդաբորբ նաեւ հիւծիչ յօդաբորբ:
Ախտանշաններ
ԽմբագրելՈսկրայօդաբորբի ախտանշաններն են հետեւեալները՝
- Յօդացաւ, որ կը պատահի առաւելաբար առաւօտուն եւ մօտ 30-60 վայրկեան կը տեւէ: Այս յօդացաւը կը սաստկանայ աշխատանքի ընթացքին եւ կամ երբ ծածկուած է, իսկ կը մեղմանայ երբ յօդին հանգիստ կը տրուի:
- Յօդի ճարճատիւն խզոց (crepitation).
- Յօդի ուռեցք եւ շարժումի նուազում.
- Յօդի ամբողջակն անշարժութիւն (ankylosis).
- Ոսկրային կոշկախթաններ (bony spurs) յօդին շուրջ.
- Յօդի այլանդակ ձեւափոխումներ (deformities):
Ախտապատճառներ
ԽմբագրելՈսկրայօդաբորբի ախտապատճառներն են հետեւեալները.
- Յօդերու անբնական եւ երկար ժամանակի գործածութիւն, յոգնութիւն եւ բեռնաւորում, օրինակ՝ ծունկը ծալած նստիլ (kneeling), պպզած նստիլ (squating), երկարատեւ ծռած մնալ, շարունակ ծանրութիւն վերցնել, ամէն օր աստիճանով վեր բարձրանալ եւ ոտնագնդակ խաղալ:
- Ծերութեան բնական զարգացումներուն հետ յօդերու այլափոխումներ.
- Յօդերու անմիջական վնաս՝ կոտրուածք եւ արիւնահոսութիւն.
- Ընտանեկան հակամէտութիւն.
- Գիրութիւն.
- Մարմնային որոշ հիւանդութիւննր, օրինակ՝
- Արիւնահոսութեան հետ առնջուած հիւանդութիւններ, ինչպէս օրինակ հեղարիւնութեան (հեմոֆիլիա, անգլերէն՝ hemophilia) ժառնգական հիւանդութիւնը.
- Յօդերը մատակարարող զարկերակներու մասնակի կամ ամբողջական խցում, որ պատճառ կը դառնայ որ յօդը մեռուկի (necrosis) ենթարկուի.
- Բորակածնային յօդատապ (gout).
- Շարահիւսուածքային յօդաբորբ (rheumatoid arthritis).
Ախտաճանաչում
ԽմբագրելՈսկրաբորբի ախտաճանաչումին համար խիստ կարեւոր են յօդերու Ք ճառագայթայի նկարումներ, որոնց միջոցով կարելի է յայտնաբերել յօդախորշի բացակայութիւնը եւ ոսկորներու ծայրամասերու միաձուլումը: Արեան քննութինները ոչ մէկ ձեւով կրնան օգնել այս ախտաճանաչումի գործընթացին:
Ախտաբանական Փոփոխութիւններ
ԽմբագրելՈսկրայօդաբորբի ախտաբանական փոփոխումթիւնները կը սկսին յօդի աճառային հիւսուածքին մէջ: Այս փոփոութիւնները պատճառ կը դառնան, որ աճառային հիւսուածքը հիւծի եւ յօդի ոսկորներուն ծայրամասային մակերեսները իրարու քսուելով մաշին եւ միաձուլուին, ինչ որ յօդի ամբողջական անշարժոթեան պատճառը կը դառնայ: Աւելորդ եւ անբնական ոսկրային կոշկախթանները յօդին շուրջ կ՛աճին: Յօդին կապաները (ligaments) եւ մկանները կը տկարանան եւ կը պնդանան: Յօդի շարժումները կը դժուարանան եւ կը նուազին: Իւրաքանչիւր շարժումի հետ կը յառաջանայ յօդացաւ, որ սկզբնական շրջանին կ՛ըլայ ժամանակաւոր, սակայն յետագային կը դառնայ մնայուն՝ շարժումով կամ առանց շարժումի: յաս հանգրուանին, անհատը անկարող կ՛ըլլայ բնական ձեւով աշխատիլու եւ ապրելու:
Դարմանում
ԽմբագրելՈսկրայօդաբորբը վերչնական դարման չունի, սակայն կան միջոցներ՝ մեղմացնելու համար ախտանշանները. այս միջոցները հետեւեալներն են.
- Ցաւաբեկ դեղեր եւ երբեմն «cortisone».
- Ֆիզիքկան դարմանումի միջոցառումներ՝ մարմնամարզանք, որպէսզի զօրացնէ յօդամկանները.
- Յօդի բռնակ եւ կապեր (braces)
- Վիրաբուժակն միջոցառումներ, օրինակ.
- Յօդի փոխարինում
- Յօդահատում (arthrotomy) յօդադիտակի (arthroscopy) օգտագործումով, այս պարագային մաշած աճառը կը կատուի եւ կ՛արտահանուի.
- Յօդի միաձուլում (fusion)
- Օժանդակ դեղերու գործածութիւն, օրինակ՝ glucosamine, niacinamide, C եւ E կենսանիւթերը (vitamins).
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 28 Ապրիլ 2014 , էջ 47-48: