Բորակածնային Յօդատապ
Բորակածնային Յօդատապը կամ Gout-ը յօդաբորբի ընտանիքին մաս կը կազմէ, որ կը յառաջանայ բորակածնային թթուի-միզաթթուի (uric acid) յօդին մէջ դիտաւորումով: Այս մէկը նախ կը սկսի մէկ յօդի մէջ եւ ապա ժամանակի ընթացքին կրնայ հասնիլ նաեւ այլ յօդերու: Բորակածնային յօդատապը ընդհանրապէս կը յայտնուի մարմնի պզտիկ յօդերու մէջ, եւ հատկապէս՝ ոտքին բթամատին մէջ:
Բորակածնային յօդատապը 50 տարեկանէն առաջ աւելի յաճախ կը յայտնուի տղամարդոց մօտ, իսկ 50 տարեկանէն ետք՝ կիներու մօտ:
Ախտապատճառներ
ԽմբագրելՀիմնական Ախտապատճառներ
ԽմբագրելԲորակածնային յօդատապի հիմնական պատճառը բորոկածնային թթուի բարձրացումն է արեան մէջ, եւ այս մէկը տեղի կ՛ունենայ երկու հիմնական պատճառներու հետեւանքով.
- Բորակածնային թթուի առատ արտադրութիւն մարմինին կողմէ.
- Բորակածնային թթուի նուազ արտաթորում երիկամներու կողմէ եւ հետեւաբար անոր կուտակումը արեան մէջ: Այս կը պատահի երիկամներու անբնական աշխատանքով.
Երկրորդական Ախտապատճառներ
ԽմբագրելԳոյութիւն ունի երկրորդական պատճառներ եւս, որոնք կը բարդացնեն բորակածնային յօդատապի իրավիճակը, եւ այդ պատճառով պատճառ կը դառնան անոր զարգացման: Այս ախտապատճառներէն են.
- Չափազանց ալքոլի գործածութիւն
- Շաքարախտ
- Երիկամային Հիւանդութիւններ
- Գիրութիւն
- Սակաւարիւնութիւն
- Արեան որոշ խլիրդներ
- Սպիտակարիւնութիւն
- Ջրանուազում
- Արեան Ճնշումի Բարձրացում
- Միզամուղներ-Միզամղիչներ
Ախտաբանական Փոփոխութիւններ
ԽմբագրելԲորակածնային յօդատապ տեղի կ՛ունենայ՝ երբ արեան բորակածնային թթուի թիւը կը բարձրանայ: Այս պարագային բոդակածնային թթուն կը խտանայ յօդերուն ձուսապատեանին մէջ եւ կը վերածուի բիւրեղներու (crystal): Երբ այս բիւրեղները երկար ժամանակ կը մնան յօդերու մէջ՝ անոնք կը յառաջացնեն բորակածնային յօդակապ:
Ախտանշաններ
ԽմբագրելԸնդհանուր Ախտանշաններ
ԽմբագրելԲորակածնային յօդատապի ընդհանուր ախտանշաններն են հետեւեալները.
- Յօդի ցաւ
- Ուռեցք
- Շարժումի նուազում եւ անշարժութիւն
Սուր Յօդաբորբի Ախտանշաններ
ԽմբագրելԲորակածնային յօդատապը նախ կը սկսի սուր յօդաբորբով, որուն ախտանշաններն են հետեւեալները.
- Ընդհատական յօդացաւ, որ աւելի յաճախակիօրէն կը պատահի գիշերուան ժամերուն: Այս ցաւը կը նկարագրուի որպէս տրոփիչ եւ ճզմիչ:
- Յօդի կարմրութիւն եւ տաքութիւն
- Մարմնական մեղմ ջերմութիւն
Այս ախտանշանները կը տեւեն մի քանի օրեր եւ ապա կը մեղմանան եւ կը զօրանան, եւ ի վերջոյ կը դառնան մնայուն հիւանդութիւն:
Մնայուն Ախտանշաններ
ԽմբագրելԲորակածնային յօդատապի մնայուն ախտանշաններն են հետեւեալները.
- Մնայուն յօդացաւ
- Յօդերու վնասում եւ շարժումի նուազում
- Յօդերու ամբողջական անշարժութիւն
- Ողկուռուցներու (tophus) յայտնաբերում յօդերու շուրջ
Մնայուն բորակածնային յօդատապի պարագային, ժամանակի ընթացքին երբ երիկամներուն մէջ կը բազմանան բորակածնային թթուները՝ ի յայտ կու գան բորակածնային քարեր, որոնք կրնան խցել միզափողը (ureter) եւ միզուկը (urethra):
Ախտաճանաչում
ԽմբագրելԲորակածնային յօդատապի ախտաճանաչումը կարելի է կատարել տարբեր միջոցներով, որոնցմէ են հետեւեալները.
- Արեան քննութիւն, բորակածնային թթուի բարձրացումով
- Յօդերու յատուկ նկարումներ, որոնք յօդաբորբի ախտաբանական իրավիճակը կը յայտնաբերեն
- Ձուսպապատեանային հեղուկի քննութիւն, ուր կը յայտնաբերուին բորակածնային թթուի բիւրեղները
- Մէզի քննութիւն, որուն միջոցով կարելի է գիտնալ բորակածնային թթուի արտաթորման նուազումը
Դարմանում
Խմբագրել
- Պարզ եւ բարդ ցաւաբետ դեղեր օգտագործել, ինչպէս նաեւ Cortisone, Colchicine, բորակածնային թթուի արտադրութիւնը նուազեցնող եւ բորակածնային թթուի երիկամներէն արտաթորումը զարգացնող դեղեր.
- Ալքոլ խմելէ հրաժարիլ.
- Առողջ յատուկ սննդականոնի հետեւիլ, որ կ՛ըդգրկէ՝ քիչ միս ուտել, առատ ածխաջրատներ սպառել եւ առատ ջուր խմել: Հեռու մնալ երիկամ, ուղեղ, լեարդ, ծաղկակաղամբ եւ սունկ ուտելէ.
Արգելք Հանդիսանալ
ԽմբագրելԲորակածնային յօդատապի զարգացման կարելի է արգելք հանդիսանալ, ուշադիր ըլլալով հետեւեալ կէտերուն.
- Նիհարնալ՝ Գերերու պարագային
- Առատ ջուր խմել
- Վերոյիշեալ յատուկ սննդականոնին հետեւիլ, եւ մասնաւորապէս purine պարունակող ուտտելիքներէ հեռու մնալ
- Բորոկածնային թթուի արտադրութիւնը նուազեցնող եւ երիկամային արտաթորումը զարգացնող դեղեր խմել
- Ալքոլ խմելէ հրաժարիլ
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 25 Ապրիլ 2014, էջ 52-54: