Ոստանիկ Յովհաննէսեան (1896-1954), Համաձայն իր ինքնակենսագրութեան՝ զոր մեզի ղրկած էր նախքան մահը, ծնած էր «Անգղ գետի եզերքը, հայրենի Ողմ գիւղէն քաղաք տեղափոխուած ատեն, ու Վանի մէջ նետուած օրօրոց»:

Ոստանիկ
Ծննդեան անուն Ոստանիկ Յովհաննէսեան
Ծնած է 1896
Ծննդավայր Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1954
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, ուսուցիչ, գրագէտ
Աշխատավայր Աշխատանք
Մասիս[1]

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

1896-ի կռիւներու ընթացքին կը սպաննուի հայրը, ու այդ թուականէն ետք ամբողջ կեանքը կ՛անցնէ թափառումներու մէջ։

Նախնական կրթութիւնեը կը ստանայ վանի Նորաշէն վարժարանին մէջ, ապա՝ տարի մը, կաթոլիկներու մօտ, յետոյ Աղթամար, ո ւ կրկին Վան՝ Երամեան միջնակարգ վարժարանին մէջ։

1918-ին կը մեկնի Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, սակայն առաջին անխարհամարտի ծագւմով (1914) կը նետւի կամւորական, գաղթականական եւ որբանոցային կեանքի մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին կ՛աշխատակցի Երեւանի մէջ վերահրատարուող «Աշխատանք» թերլին, ապա կը ստանձնէ խմբագրութիւնը «Զինուոր» շաբաթաթերթի՝ մինչեւ Կարսի անկումը, երբ կը մեկնի դարձեալ ռազմաճակատ։ Վերադարձին հսկիչ կը նշանակուի Երեւանի որբանոցին եւ միաժամանակ ուսուցիչ՝ Աբովեան վարժարանի, մինչեւ 1921-ի դէպքերը, երբ Հայաստան կը խորհրդայնանայ։

Կ՝ անցնի Պարսկաստան, ուր տարի մը միայն կը մնայ իբրեւ ուսուցիչ։ 1923-ին կը մեկնի Փարիզ եւ կը հետեւի Սորպոնի համալսարանի գրականութեան եւ հոգեբանութեան դասընթացքներուն՝ իբրեւ ունկնդիր ուսանող։ 1934-ին կը վերադրառնայ Թեհրան, ուր մինչեւ մահ կը պաշտօնավարէ Դաւթեան վարժարանին մէջ։

Ոստանիկի քերթողական վաստակը կ՛ընդգրկէ առ հասարակ Հայուն ճակատագիրը: Մերթ բողոք, յաճախ ընդվզւմ, ու գրեթէ միշտ թախիծ ունի այդ ճակատագրին համար։ Իր տաղերը, յաճախ երաժշտական

մտահոգութիւններէ ձերբազատ, կը յատկանշեն խոհուն մարդու մը խառնուածքը։ Չի սահմանափակուիր հաստատումներով, դառն ու տխուր խորհրդածութիւններով։ Ընկերային ու համամարդկային ցաւի մը մղձաւանջը ունի՛ երբ կը մտածէ կեանքի խաղերուն ու աշխարհի ունայնութեան մասին։

1913-ին հրատարակած է քերթուածներու իր առաջին գրքոյկը՝ «Հեկեկանքներ». 1921-ին՝ «Զիւլֆի Երգեր», 1932-ին՝ «Արեւելքէն Արեւմուտք», 1934-ին՝ «Երգ Երգոց», 1935-ին«Շահէնի Խիղճը» եւ 1942-ին՝ «Ներաշխարհ»:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  • Դար մը գրականութիւն, հատոր Բ, էջ 188